Լիբանանեան Ֆութպոլ. Սաֆա Յաղթեց Նըժմէի (2-1) Եւ Բարձրացուց Տիտղոսը

Լուսանկարը Տրամադրեց
Ատնան Հաժ Ալի

Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 22-րդ եւ վերջին հանգրուանի գագաթի ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ նախորդ շաբաթավերջին` Մարզական աւանին մէջ, իրարու դէմ հանեց Սաֆան եւ Նըժմէն:

2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նըժմէի (կիսախաղ` 2-0), Սաֆա յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան` բարձրացնելով տիտղոսը:

Նշենք, որ այս մրցումը տեղի ունեցաւ դռնփակ` առանց համակիրի, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով:

27-րդ վայրկեանին Ռոնի Ազար նշանակեց Սաֆայի եւ մրցումին առաջին կոլը, իսկ 33-րդ վայրկեանին Համզա Սալամէ արդիւնքը բարձրացուց երկուքի: Բ. կիսախաղին Նըժմէ նշանակեց իր միակ կոլը` շնորհիւ Ալի Հարպի: Նշենք, սակայն, որ նախքան այս կոլին նշանակուիլը, Նըժմէի բերդապահ Ալի Սապահ զսպեց Մահմուտ Զըղպիի հարուածած փենալթին:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Սաֆա տարեշրջանը աւարտեց 53 կէտով, մինչ 2-րդ դիրքը գրաւած Նըժմէ` 45 կէտով:

Մրցումին իրաւարարներն էին Սամեր Քասեմ, Ատնան Ապտալլա եւ Սամեր Պատըր, իսկ չորրորդ իրաւարարը` Վարդան Մաթոսեան:

Աւարտին Սաֆայի խմբապետ Խտըր Սալամէ ախոյեանութեան տիտղոսը ստացաւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտարէն:

Վերջին հանգրուանին գծով կատարուած Ախա Ահլի Ալէյ-Անսար մրցումը, որ աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով, պատճառ դարձաւ, որ Անսար դուրս մնայ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին բաժակի մրցաշարքէն` նկատի ունենալով, որ ան գրաւեց 7-րդ դիրքը (32 կէտով): Իսկ Ալէյի կազմը 39 կէտով գրաւեց 4-րդ դիրքը:

Share this Article
CATEGORIES