Պարսելոնայի Մէջ Տեղի Ունենալիք Աշխարհի Ախոյեանութեան Կը Մասնակցին Երեք Հայ Լուղորդներ

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ հայ լուղորդները կը պատրաստուին աշխարհի ախոյեանութեան, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ Պարսելոնայի մէջ` 19 յուլիսէն 4 օգոստոս:

Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Միսաք Գաբրիէլեան ըսաւ, որ Հայաստանի հաւաքականը 20 յունիսէն սկսեալ հաւաք պիտի կատարէ Ծաղկաձորի մէջ:

«Մեզի հետ պիտի մարզուին նաեւ պատանի լուղորդներ, որոնք պիտի մասնակցին եւրոպական պատանեկան խաղերուն, ինչպէս նաեւ այն լուղորդները, որոնք պիտի մասնակցին համաշխարհային ուսանողական խաղերուն», ըսաւ Գաբրիէլեան:

Պարսելոնայի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան պիտի մասնակցին հետեւեալ երեք հայ լուղորդները. Մոնիքա Վասիլեան (50 եւ 100 մեթր ազատ ոճ), Վահան Մխիթարեան (50 եւ 100 մեթր ազատ ոճ) եւ Խաչիկ Փլաւչեան (50 եւ 100 մեթր կռնակի լող):

Share this Article
CATEGORIES