Միջցամաքամասային Ֆութպոլի Մրցաշարք. Պրազիլ 3-0 Արդիւնքով Յաղթեց Ճափոնի` Բացման Մրցումին. Իտալիա – Մեքսիքա` 2-1
Շաբաթ, 15 յունիսին, Պրազիլի մէջ սկսաւ Միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ բացման մրցումը հիւրընկալ երկրին` Պրազիլի եւ Ճափոնի միջեւ:
Նախքան մրցումին մանրամասնութիւնները ներկայացնելը նշենք, որ աւելի քան 30 անձեր վիրաւորուեցան եւ 22 ուրիշներ ձերբակալուեցան, երբ ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազեր գործածեց` նկատի ունենալով, որ զայրացած բազմաթիւ անձեր կը բողոքէին, որ հսկայական գումարներ ծախսուեցան այս մրցաշարքին եւ 2014-ի Մոնտիալի դաշտերուն նորոգութիւններուն համար:
Պրազիլիոյ մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, 67 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Պրազիլ տպաւորիչ ձեւով սկսաւ մրցաշարքը, երբ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ճափոնը (Ա. խմբակ):
Նէյմար բացաւ մրցումին հաշիւը, մինչ մնացեալ երկու կոլերը նշանակեցին Փաուլինիօ եւ Ճօ:
Բ. խմբակին մէջ երէկ տեղի ունեցած Իտալիա – Մեքսիքա մրցումը աւարտեցաւ 2-1 արդիւնքով` ի նպաստ Իտալիոյ:
Ա. կիսախաղին, ազատ հարուածէ մը ետք, Իտալիա նշանակեց իր առաջին կոլը` շնորհիւ Անտրէա Փիրլոյի: Ապա Մեքսիքա հաւասարեցուց արդիւնքը, երբ Խաւիէ Հեռնանտեզ նշանակեց իր կոլը` փենալթիով: Բ. կիսախաղին Մարիօ Պալոթելլի նշանակեց Իտալիոյ յաղթանակի կոլը:



