Քուէյթի Սահմանադրական Դատարանը Լուծարեց Խորհրդարանը
Քուէյթի Սահմանադրական դատարանը որոշում մը որդեգրեց քուէյթեան խորհրդարանը լուծարելու մասին` խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուած ընտրական խախտումներուն պատճառով: Քուէյթի մէջ խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան:
Նախորդ ընտրութիւնները տեղի ունեցած էին դեկտեմբեր 2012-ին, աթոռներուն մէկ երրորդը ստացած էին շիիները: Ըստ պաշտօնական տուեալներու, ընտրութիւններուն մասնակցած էր քուէարկելու իրաւասութիւն ունեցող քաղաքացիներուն 39 առ հարիւրը, սակայն ընդդիմութիւնը յայտարարած էր, որ մասնակցութեան համեմատութիւնը ընդամէնը 26 առ հարիւր է:
Բացի ատկէ, ընդդիմութիւնը դէմ արտայայտուած էր օրէնսդրական նոր փոփոխութիւններուն եւ գրեթէ պոյքոթի ենթարկած ընտրութիւնները, որուն պատճառով երկրին մէջ յառաջացած էր քաղաքական ճգնաժամ` երկրի խորհրդարանին մէջ ընդդիմադիր ուժերու բացակայութեան պատճառով:եց ընդդիմադիրներուն ցոյց կատարելու կոչերուն չընդառաջելու:

