Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթերվելլէ խստիւ դատապարտեց Քուսէյրի ճակատամարտին Հըզպալլայի մասնակցութիւնը:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է` աւելցնելով, որ ինք կառչած կը մնայ 8-8-8 տարազով կազմուելիք կառավարութեան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Ղազի Զաայթեր շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի որոշումներուն նպատակն է պաշտպանել Լիբանանը եւ զայն հեռու պահել սադրանքներէն:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը շեշտեց, որ լիբանանցիները շրջանային ոչ մէկ զարգացումի կը սպասեն` Լիբանանի մէջ իրենց ճակատագիրը ճշդելու համար:

ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ պիտի չհրաժարի կառավարութեան կազմութեան պարտականութենէն` աւելցնելով սակայն, որ կարելի չէ նաեւ երկար ժամանակ սպասել անոր առաքելութեան ամբողջացումին:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս յայտնեց, որ հայրենիքը կարելի չէ գրգռութիւններու հրահրումով կերտել, իսկ ներքին սադրանքներ նախապատրաստելով կարելի չէ երկրին մը ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը պատասխանատու նկատեց խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն խոչընդոտումին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի խստիւ դատապարտեց Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջաններուն պարզած իրավիճակը եւ անհրաժեշտ նկատեց այդ շրջաններուն մէջ լիբանանեան բանակին դիրքաւորումը` զայն պատասխանատու նկատելով այդ շրջաններուն դէմ գործուող յարձակումներուն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի կոչ ուղղեց բոլորին ամրապնդելու երկրին ազգային միասնականութիւնը եւ բարելաւելու ազգային երկխօսութիւնը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ Սուրիոյ վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու կատարած վերջին յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, թէ շրջանին մէջ արձանագրուած զարգացումները իրենց շահերուն չեն ծառայեր:

ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ քաղաքացի Ֆուատ Համու ուրբաթէն շաբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին ազատ արձակուեցաւ, երբ անոր ընտանիքը առեւանգողներուն վճարեց զայն ազատ արձակելու համար պահանջուած փրկագինը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Ֆարաոն կոչ ուղղեց կառավարութիւն մը կազմելու եւ ներկայ կառավարութեան արձանագրած թերացումները սրբագրելու:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Սահմանադրական խորհուրդը փրկել իր դիմագրաւած վտանգաւոր վերիվայրումներէն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մոհամետ Քապպանի շեշտեց, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ կարիքը ունի սահմանադրութիւնը եւ

թափանցիկութիւնը յարգելու յատուկ սեմինարներու:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ Սահմանադրական խորհուրդը կորսնցուցած է իր նկատմամբ պարտադրուած յարգանքը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ անհաւանական նկատեց Սուրիոյ պատերազմին Լիբանան փոխադրութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ եւ Հըզպալլա կը փափաքին, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմանները լքուած մնան:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Նազեմ Խուրի կոչ ուղղեց Հըզպալլային վերադառնալու ազգային երկխօսութեան նիստին եւ Լիբանանը դէպի շրջանային պատերազմ չներքաշելու:

 

 

Share this Article
CATEGORIES