Ահմետ Ասաատ Կոչ Կ՛ուղղէ Դարձեալ Ցոյց Մը Կատարելու
Լիբանանեան պատկանելիութեան կուսակցութեան ղեկավար Ահմետ Ասաատ կուսակցութեան ուսանողական թեւի պատասխանատու Հաշեմ Սալմանի սպանութեան եօթնօրէքին առիթով երէկ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ ցոյցին ընթացքին Հաշեմ Սալման փորձած է բանակին հովանիին տակ մնալ, սակայն բանակը զինք ուղղած է դէպի Հըզպալլայի մարտիկներուն կողմը:
Ասաատ իր խօսքը ուղղելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային շեշտեց, որ ան պատասխանատու է Հաշեմ Սալմանի սպանութեան, որովհետեւ Սալմանը սպաննողը Հըզպալլայի անդամ է:
Ասաատ կոչ ուղղեց յառաջիկայ կիրակի օր դարձեալ ցոյց մը կատարելու` նոյն ժամուն եւ նոյն վայրին մէջ: Ան լիբանանեան բանակէն եւ ապահովութեան ուժերէն պահանջեց պահպանել ցուցարարներուն ապահովութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

