Արսլան. «Բոլոր Անոնք, Որոնք Կը Նախատեսեն Իրանեան Ռազմավարութեան Փոփոխութիւնը, Միամիտ Են»

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, թէ բոլոր անոնք, որոնք կը նախատեսեն, թէ նախագահական ընտրութիւններէն ետք Իրան իր ռազմավարութիւնն ու քաղաքականութիւնը փոփոխութեան պիտի ենթարկէ, միամիտ են:

Արսլան հաստատեց, որ հիւլէական իր ծրագիրին, Դիմադրութեան, պաղեստինեան հարցին եւ այլ արդար դատերու նկատմամբ Իրանի կեցուածքը պիտի մնայ նոյնը, որովհետեւ անիկա ուղղակի իրանեան գաղափարաբանութեան կը վերաբերի:

 

Share this Article
CATEGORIES