«Կառավարութեան Մէջ Մեր Ներկայացուցչութեան Որոշումը Մենք Կու Տանք» Շեշտեց Հասան Ֆատլալլա
Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ հարցը Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն եւ Մուսթաքպալ հոսանքին մօտ կը գտնուի, որովհետեւ անոնք կեցուածք մը եւ անոր հետ հակադրուող այլ կեցուածք մը կը յայտարարեն:
Ֆատլալլա նշեց, որ ինչպէս Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխաններուն իրաւունքն էր խորհրդարանի նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկել, նոյնպէս ալ Սահմանադրական խորհուրդի անդամներուն իրաւունքն է ներկայ գտնուիլ կամ բացակայիլ` խորհուրդին նիստերուն:
Ֆատլալլա շեշտեց, որ իրենք կ՛ընդունին Սահմանադրական խորհուրդին որոշումը, ինչ որ ալ ըլլայ ան:
Ֆատլալլա շեշտեց, որ կառավարութեան մէջ Հըզպալլայի ներկայացուցչութիւնը իրենց համար ազգային գործին մասնակցութիւն է` աւելցնելով, որ կառավարութեան մէջ ներկայացուելու որոշումը իրենք է, որ կու տան եւ կը մերժեն պարտադրուող պայմանները:
«Վարչապետին վրայ պարտադրուած պայմաններն են, որոնք պատճառ կը դառնան կառավարութեան կազմութեան ուշացումին, իսկ մենք ամէն ջանք ի գործ կը դնենք դիւրացնելու կառավարութեան կազմութիւնը», շեշտեց ան:

