Ռաատ. «Հակառակորդ Քաղաքական Ուժերը Պետութեան Իմաստին Կը Գիտակցին Այն Ժամանակ Միայն, Երբ Իշխանութիւնը Ունենան»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի կառավարութեան կազմութեան հարկադրանքին տակ` աւելցնելով, որ հակառակորդ քաղաքական ուժերուն պարտականութիւնն է ձեռք երկարել եւ գործակցիլ` երաշխաւորելու համար երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը:

«Սակայն հակառակորդ քաղաքական ուժերը պետութեան իմաստին կը գիտակցին այն ժամանակ միայն, երբ իշխանութիւնը ունենան, անկախ այն իրականութենէն, որ անոնց իշխանութեան օրով երկրին պետական հաստատութիւնները վերածուեցան ագարակներու», շեշտեց Ռաատ:

«Հակառակորդ քաղաքական ուժերն են, որոնք երկիրը դէպի վտանգ կը տանին, իսկ մենք կը փորձենք հակակշիռի տակ առնել այն հրդեհները, որոնք իրենց կողմէ կը բռնկին ամբողջ շրջանին մէջ», եզրափակեց Ռաատ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES