Ֆաթֆաթ Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Երկրին Ապահովութեան Մասին

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ երէկուան իր յայտարարութիւններուն մէջ նշեց, որ իրենք այն տպաւորութիւնը ունին, թէ լիբանանեան բանակը սկսած է ենթարկուիլ Հըզպալլայի ազդեցութեան:

Ֆաթֆաթ մտահոգութիւն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կացութիւնը կ՛ուղղուի դէպի ապահովական յաւելեալ վատթարացում:

Ֆաթֆաթ նշեց, որ իրենք ամէն գնով կը մերժեն Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի զէնքը` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա իր մօտ ունի իրանեան-պարսկական հսկայ ծրագիր մը, «սակայն ոչ ոք կրնայ յաղթել ժողովուրդին կամքին», ըսաւ ան:

Ֆաթֆաթ անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի կողմէ «Պաապտայի յայտարարութեան» կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES