Պըրրի Եւ Սէյիտ Նասրալլա Կը Շնորհաւորեն Ռուհանին
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հեռագիր մը յղեց Իրանի նախագահ շէյխ Հասան Ռուհանիի` շնորհաւորելու համար զայն Իրանի հանրապետութեան նախագահ ընտրուելուն առիթով:
«Անձամբ եւ Լիբանանի խորհրդարանին անունով կը շնորհաւորեմ ձեր նոր պաշտօնը եւ իրանցիներուն կողմէ ձեզի շնորհուած վստահութեան քուէն», նշուեցաւ հեռագիրին մէջ, ինչպէս նաեւ բարեմաղթութիւններ յայտնուեցան Իրանի բարգաւաճման եւ իրանցիներուն բարօրութեան առիթով:
Իր կարգին, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շնորհաւորեց Իրանի նորընտիր նախագահ շէյխ Հասան Ռուհանին` աւելցնելով, որ անոր ընտրութիւնը իրականացուցած է իրանցիներուն փափաքը եւ ձգտումը, ինչպէս նաեւ յոյս ներշնչած է արաբ ժողովուրդին:
CATEGORIES Լիբանանեան

