Շարպել. «Լիբանանի Ապահովական Կացութեան Վատթարացումը Ուղղակիօրէն Կապուած Է Սուրիոյ Տագնապին»

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կացութեան վատթարացումը ուղղակիօրէն կապուած է Սուրիոյ տագնապին` աւելցնելով, որ ապահովական միջադէպերը լուրջ բնոյթ պիտի չստանան, որովհետեւ ապահովական ուժերը ամբողջ Լիբանանի տարածքին իրենց բոլոր պարտականութիւնները կը կատարեն` հակակշռելու համար կացութիւնը` աւելցնելով, որ ներքին ապահովութեան ուժերը արդէն իսկ հարիւրաւոր ձերբակալութիւններ կատարած են այդ իմաստով:

Միւս կողմէ, Շարպել յայտնեց, որ եթէ Սահմանադրական խորհուրդը ոչ մէկ որոշում տայ խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու դէմ ներկայացուած վիճարկումին առումով, ապա խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը 17 ամիսով երկարաձգելու որոշումը ի զօրու կը նկատուի:

Այդ կէտին յստականալէն ետք, ներքին գործոց նախարարութիւնը պիտի յայտարարէ, որ երեսփոխանական ընտրութիւններէն իր թեկնածութիւնը յետս կոչել փափաքող իւրաքանչիւր անհատ կրնայ ներկայանալ ներքին գործոց նախարարութիւն եւ վերստանալ իր բոլոր իրաւունքները:

Կառավարութեան բնոյթին ակնարկելով` Շարպել յայտնեց, որ իրեն համար կարեւոր չէ կառավարութեան չէզոք կամ քաղաքական ըլլալը, «այլ կարեւոր է, որ անոր շուրջ համախոհութիւն գոյանայ», ըսաւ Շարպել:

 

Share this Article
CATEGORIES