«Մարտ 8-ի Եւ Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերը Աղաւաղեցին Լիբանանի Պատկերը, Խախտեցին Երկրին Չէզոք Կեցուածքը Եւ Լիբանանը Միջամուխ Դարձուցին Սուրիոյ Պատերազմին» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Հարիսայի վերանորոգուած եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց օրուան պատարագին, որուն ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյման, պետական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հաւատացեալներ:
Իր արտասանած քարոզին մէջ, Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն յանձնառու մնալու լիբանանեան ազգային հաշտութեան եւ համախոհութիւն գոյացնելու, յատկապէս երկփեղկուած քաղաքական ուժերուն միջեւ:
Ռայի պատրիարքը խստիւ դատապարտեց Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ընթացքը` աւելցնելով, որ անոնք իրենց շարունակուող երկփեղկումով աղաւաղած են Լիբանանի պատկերը, անոր ազգային համերաշխութեան ուխտը, Լիբանանի ժողովրդավարութիւնն ու բազմազանութիւնը:
«Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը իրենց երկփեղկումին պատճառով խոչընդոտեցին երեսփոխանական ընտրութիւնները եւ արգելակեցին կառավարութեան կազմութիւնը, ինչպէս նաեւ քանդեցին սահմանադրական եւ դատական հաստատութիւններուն աշխատանքի համակարգը», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը աւելցուց, որ նոյն ուժերը խախտած են Լիբանանի որդեգրած չէզոքութեան պաշտօնական կեցուածքը, շեղած են «Պաապտայի յայտարարութենէն» եւ Լիբանանը միջամուխ դարձուցած են Սուրիոյ տագնապին:
Ռայի պատրիարքը վերահաստատեց հանրապետութեան նախագահին եւ երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն նկատմամբ իր զօրակցութիւնը:
Ան շեշտեց, որ միայն բանակն ու երկրին օրինական ապահովական կառոյցները իրաւունք ունին պաշտպանելու լիբանանեան գոյացութիւնը:



