Քաայի Եւ Ռաս Պաալպեքի Միջեւ Ամհազ Եւ Ժաաֆար Ընտանիքներուն Անդամ Չորս Երիտասարդներ Կը Սպաննուին
Քաայի եւ Ռաս Պաալպեքի միջեւ գտնուող Ռաֆեք հովիտին մէջ Ժաաֆար եւ Ամհազ ընտանիքներուն անդամ չորս երիտասարդներ սպաննուեցան, երբ անծանօթ զինեալներ անոնց դէմ կրակ բացին:
Ըստ սպաննուած երիտասարդներուն ընտանիքներուն, Ամհազ ընտանիքէն երկու երիտասարդներ շինանիւթ կը փոխադրէին Լապուէի ճամբուն վրայ, երբ անոնց փոխադրակառքը կը խանգարուի. անոնց օժանդակելու նպատակով նոյն վայրը կը ժամանեն Ժաաֆար ընտանիքէն երկու երիտասարդներ:
Մինչ երիտասարդները կը գտնուէին խանգարուած փոխադրակառքին մօտ, վրայ կը հասնին անծանօթ ինքնաշարժներ, որոնց մէջ գտնուող զինեալները երիտասարդներուն ուղղութեամբ կրակ կը բանան եւ կը զգետնեն զանոնք:
Լիբանանեան բանակը փութաց դէպքին վայրը եւ սպանեալներուն դիակները փոխադրեց Պաալպեքի հիւանդանոցներէն մէկը:
Լապուէի բնակիչները բողոքի իբրեւ արտայայտութիւն փակեցին դէպի Արսալ տանող բոլոր ճամբաները եւ Արսալի բնակիչները ամբաստանեցին նման արարքներ գործելու յանցանքով:
Արսալի բնակիչները հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անոնք նշեցին, որ իրենք ոչ մէկ յանցանք ունին այս երիտասարդներուն սպանութեան առումով եւ աւելցուցին, որ այդ դէպքը կը միտի սադրանքներ նախապատրաստել Պեքաայի մէջ:
Հերմելի Քասըր գիւղին մէջ եւս բնակիչները լեցուեցան ցասումով` Ժաաֆար ընտանիքէն երկու երիտասարդներ սպաննելու արարքին ի տես:
Պաալպեք-Հերմելի շրջանին մէջ եւս բնակիչները բողոքի ցոյցեր կատարեցին եւ փակեցին ճամբաները:
Սպաննուած երիտասարդներուն յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի այսօր:
Բանակին հրամանատարութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց Պաալպեք-Հերմելի եւ անոնց մօտակայ շրջաններու բնակիչներուն ինքնազսպումի ենթարկուելու, համբերելու եւ վերջ տալու զինեալ երեւոյթներուն:
Բանակին հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ բանակը ամբողջ Պաալպեքի մէջ սկսած է դիրքաւորուիլ եւ շրջուն ջոկատներով հսկողութիւնը հզօրացնել:
Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ նաեւ, որ բանակը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ձերբակալելու յանցագործները եւ զանոնք համապատասխան պատիժներու ենթարկելու:ափաքը եւ ձգտումը, ինչպէս նաեւ յոյս ներշնչած է արաբ ժողովուրդին:

