«Օգնի՛ր Եղբօրդ» Բարեգործական Հիմնադրամ. Շուրջ 600 Սուրիահայեր Արձանագրուած Են Դաւթաշէնի Մէջ Բնակարան Ստանալու Համար

Վահան Վարդանեան

Հայաստանի մէջ բնակող շուրջ 600 սուրիահայեր արդէն արձանագրուած են «Օգնի՛ր եղբօրդ» բարեգործական հիմնադրամին կողմէ կառուցուելիք շէնքին մէջ բնակարան ստանալու համար: Այս մասին «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ «Օգնի՛ր եղբօրդ» բարեգործական հիմնադրամի ներկայացուցիչ Վահան Վարդանեան:

«Այդքան մարդ արդէն արձանագրուած է, երբ «Օգնի՛ր եղբօրդ»-ը միայն քաղաքացիական նախաձեռնութիւն էր, իսկ իբրեւ հիմնադրամ արձանագրութիւնները պիտի սկսին երկուշաբթի օրուընէ, որմէ ետք աւելի յստակ պիտի ըլլայ արձանագրուածներու թիւը», ըսաւ Վարդանեան:

Ան նաեւ նշեց, որ տակաւին յստակ չէ, թէ ի՛նչ սկզբունքով բնակարանները պիտի յատկացուին: Այդ սկզբունքը պիտի որոշեն հիմնադրամի հոգաբարձուները:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ հաստատուած սուրիահայ 35 ընտանիքներուն` Վարդանեան շեշտեց, որ յունիսին կը պատրաստուին դարձեալ այցելելու Արցախ` սնունդ եւ դեղորայք տանելու համար:

«Այնտեղ հաստատուած ընտանիքները հիանալի վիճակի մէջ են: Մենք երեք անգամ գումար փոխանցած ենք, եւ վերանորոգուած են անոնց բնակարանները: Բացի բնակարանէն նաեւ հողատարածքներ ունին», ըսաւ Վարդանեան: Ան վերահաստատեց, որ «Օգնի՛ր եղբօրդ» հիմնադրամը պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հաստատուած սուրիահայերուն:

«Օգնի՛ր եղբօրդ» բարեգործական հիմնադրամը Երեւանի Դաւթաշէն վարչական շրջանին մէջ սուրիահայերուն համար բնակելի շէնք պիտի կառուցէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES