Արժանթինի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Ինտիփենտիենթէ Փոխադրուեցաւ Բ. Դասակարգ

Եօթը անգամ (մրցանիշ մը) Հարաւային Ամերիկայի ախոյեան հանդիսացած Ինտիփենտիենթէ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ, երբ իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սան Լորենզոյէն:

Այսպիսով, Ռիվըր Փլէյթէն ետք անիկա հանդիսացաւ երկրորդ անուանի եւ մեծ ժողովրդականութիւն ունեցող ակումբը, որ կը փոխադրուի Բ. դասակարգ:

Նշենք, որ 1980-ականներուն սկիզբէն կիրարկուած է Բ. դասակարգ փոխադրուելու ձեւը, երբ ախոյեանութեան աւարտին երեք խումբեր կը լքեն Ա. դասակարգը:

Share this Article
CATEGORIES