Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Բանակցութեան մը խառնակ վիճակ մը ստանալուն համար իւրաքանչիւր կողմ յանցանքը պիտի նետէ մէկը միւսին վրայ: Հանդարտութեամբ վճռեցէք ճշմարտութիւնը, եթէ սխալած էք, ընդունեցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Աշխատանքային մարզը պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ: Հեռու մնացէք ծոյլ աշխատակիցներէ, որպէսզի արժեւորուի ձեր ջանքը: Օրը արդիւնաւէտ է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մարզանքին կարեւորութիւն տուէք, որպէսզի առողջութիւնը ըլլայ հաւասարակշռուած: Նկատի առէք այս պարագան: Քալեցէք, որքան որ կրնաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձախողութիւնը այսօր եւս պիտի շարունակուի, կրնաք դիմել ձեր ընտանիքին, որ պիտի օգնէ ձեզի: Յուսալքուելու պէտք չկայ, վաղը ամէն հարց կը կարգադրուի:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մնացէք կեդրոնական անձը ձեր աշխատանքին: Ձեր շուրջը աշխատողները պէտք է սրտանց հետեւին իրենց պարտականութեան: Կրնաք շինիչ դիտողութիւն մը ընել անոնց:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Դրամական հարցեր կրնաք ունենալ, բայց կարելիութիւն պիտի ստեղծուի հարցը կարգադրելու առանց դժուարութեան: Անհոգ եղէք այս պարագային:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ուրիշին հարցերուն միջամուխ մի՛ ըլլաք, նայեցէք ձեր կատարելիք գործերուն, զանոնք լաւապէս իրագործեցէք լաւ վարձատրուելու համար:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր առողջութիւնը վերիվայրումներ կ՛ունենայ, խախտումներ կան: Հետեւեցէք ճիշդ սննդականոնի, հաւասարակշռեցէք ձեր կեանքին ձեւը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մի՛ յուսալքուիք եւ մի՛ լքուիք դժուարութեան մը դիմաց: Կրնաք յաղթահարել զայն: Մնացէք ինքնավստահ նման հարցերու պարագային:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Գործակիցի մը հետ բախում մը կրնաք ունենալ, գուցէ` ընկճուիլ: Գիտցէք տէրը ըլլալ ձեր անձին` առանց ստորնանալու: Քա՛ջ եղէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մշակութային կամ գրական պարապումները շարունակեցէք, զարգանալու լաւագոյն միջոցն է ընթերցանութիւնը, զոր կը սիրէք: Հետեւեցէք նոր գիրքերու:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Յոռետեսութիւնը հիւանդութիւն մըն է, ջանացէք հեռացնել ձեր հոգեբանութենէն, որքան որ կրնաք: Նման սովորութիւններ մի՛ արմատացնէք ձեր ներաշխարհին մէջ:

