50 Տարի Առաջ (18 Յունիս 1963)
Սուրիական Նամականի
Եագուպիէի Ս. Հռիփսիմէ
Եկեղեցւոյ Օծումը
Յունիս 9, կիրակի, պատմական եւ անմոռանալի օր մը եղաւ Եագուպիէի հայ ժողովուրդին համար:
Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Սահակ քհնյ. Պալեանի, շաբաթ օր մեկնեցաւ Եագուպիէ:
Երեկոյեան ժամերգութենէն ետք սրբազան հայրը օծեց տէրունական եւ սրբոց եօթը իւղաներկ պատկերները:
Յաջորդ օր` կիրակի, պատարագիչ սրբազան հայրը թափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցի, ուր հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցեց: Սպասարկեցին Գարեգին եւ Գրիգոր քահանայ հայրերը: Ս. պատարագի արարողութիւնը կատարուեցաւ եռաձայն` Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասին կողմէ, ղեկավարութեամբ Ժիրայր Իսկենեանի: Ներկայ էին պետական ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը:
Ս. պատարագի ընթացքին պատարագիչ սրբազան հայրը Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ օծումը կատարեց` խոր տպաւորութիւն ձգելով բոլոր ներկաներուն վրայ եւ ապա քարոզեց` ներկայացնելով Հայ եկեղեցւոյ դերը եւ մաղթանքներ ըրաւ աշխարհի խաղաղութեան, հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ սուրիական հայրենիքի բարգաւաճման համար: Սրբազան հայրը օրհնեց նաեւ եկեղեցւոյ բարերար Յովհաննէս Տապպաղը եւ մաղթեց, որ այլ բարեսիրական եւ կրթական հաստատութիւններ եւս կանգնէ: Սրբազան հօր քարոզը, որ արաբերէնի թարգմանուած էր կարդաց` Տ. Գրիգոր քհնյ. Ղազարեան:
Ս. պատարագէն ետք Եագուպիէի թաղականութիւնը սարքեց ճաշկերոյթ:
Ատենապետ Արամ Ս. Երէցեան արաբերէն ճառ մը կարդաց` բարի գալուստ մաղթելով եւ մաղթանքներ ընելով ներկաներուն: Խօսք առին շրջանի գաւառապետը եւ կրթական տնօրէնը, եւ դրուատեցին հայ ժողովուրդին արժանիքները: Սրբազան հայրը իր խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց եւ անգամ մը եւս շեշտեց հայ ժողովուրդին ունեցած հաւատարմութիւնը սուրիական հայրենիքին հանդէպ:
Երգչախումբը հայերէն եւ արաբերէն երգերով խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեց:
Առաջնորդ սրբազան հայրը եւ հիւրերը այցելեցին Յովհաննէս Տապպաղին` Եագուպիէի բնակարանը եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին իր գործին համար:
Հիւրերը մեկնեցան լաւագոյն տպաւորութիւններով:
Եագուպիէ Հալէպէն ինքնաշարժով մօտ երկու ժամ հեռաւորութիւն ունեցող հայաբնակ արաբախօս գիւղ մըն է: Հալէպցիք ընդհանրապէս օդափոխութեան կ՛երթան հոն: Եագուպիէ իր բարձունքին վրայ ունի Ս. Աննա հրաշագործ ուխտատեղին, որուն ուխտագնացութիւնը կը կատարուի օգոստոսին, սրբազան հօր կարգադրութեամբ:
Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին շինուեցաւ կեդրոնին մէջ, որ իր կաթողիկէով եւ ներքին կառուցուածքով պատիւ կը բերէ հայութեան:
Գիւղին մէջ լատիններ ունին նաեւ իրենց եկեղեցին ու դպրոցը եւ լծուած են իրենց դարաւոր աշխատանքին:
Առաջնորդ սրբազան հայրը իր յաճախակի այցելութիւններով, եւ տեղւոյն հոգեւոր հովիւ Ներսէս քհնյ. Թաթարեանի եւ թաղականութեան աշխատանքներով ամէն ջանք ի գործ կը դրուի տեղացիք հայ պահելու համար:
ԹՂԹԱԿԻՑ
Հալէպ
Գարեգին Եւ Արտաւազդ Վարդապետներ
Ծայրագնութեան Աստիճան Ստացան
Երէկ` կիրակի, 16 յունիս 1963, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Գարեգին վրդ. Սարգիսեան եւ Արտաւազդ վրդ. Թրթրեան ծայրագոյն վարդապետի աստիճանին բարձրացան:
Տուչութեան հանդիսաւոր արարողութեան նախագահեց Խորէն Ա. կաթողիկոս, որ «Հրաշափառ»-ով, «Հայր Մեր»-էն առաջ, մուտք գործեց մայր տաճար եւ անդաստանի նմանողութեամբ, ծայրագունութեան տասը աստիճանները տուաւ երկու արժանաւորագոյն հոգեւորականներուն:
Իր քարոզին մէջ վեհափառ հայրապետը դրուատեց արժանիքները անոնց եւ մաղթեց յաջողութիւն` իրենց հոգեւորականի այս նոր կոչումին մէջ:
Գարեգին ծ. վրդ. Սարգիսեան իր եւ իր օծակից եւ աստիճանակից եղբօր անունով շնորհակալութիւն յայտնեց վեհին ու իմաստալից քարոզ մը խօսեցաւ:
Մայր տաճարը լեցուն էր հաւատացեալներով, որոնք մեծ ուրախութեամբ ականատես եղան երկու արժանաւորներու աստիճանի բարձրացման արարողութեան:
Յաւարտ Ս. պատարագի, կաթողիկոսարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհաւորական աջահամբոյր:

