Յիսնամեակի Մը Առիթով
Ժ. Դ.
Յետեղեռնեան շրջանի արեւմտահայ գրականութիւնը վերապրեցաւ քիչ մը ամէն տեղ սփիւռքի տարածքին: Սակայն, Պոլիսի կողքին, արաբական երկիրները, յատկապէս` Սուրիան ու Լիբանանը եղան հիմնական կեդրոնը շարունակուող ու վերընձիւղող այդ գրականութեան, Եղեռնէն ճողոպրած գրողներով` Վ. Թէքէեան, Յակոբ Օշական, Երուանդ Օտեան եւ ուրիշներ:
Լիբանանահայ եւ սուրիահայ մամուլը հարուստ պատմութիւն ունի: Երկուքին ալ պարագային այդ պատմութիւնը կը սկսի 1914 թուականին, երբ լոյսին կու գան համեստ հրատարակութիւններ: Սակայն, 20-ականներէն սկսեալ, որբանոցային խմորատիպ հրատարակութիւններուն կը յաջորդեն տպագիր լրագիրները, ամսօրեաները եւ մանաւանդ գրական բնոյթի պարբերաթերթերը: Լիբանանի պարագային յատկապէս, մինչեւ այսօր, երեք տասնեակէ աւելի գրական թերթեր լոյսին եկած են: Անոնցմէ ոմանք եթէ եղան լուսանցքային եւ ունեցան ասուպային կեանք, սակայն ուրիշներ դարձան տիրական ներկայութիւն: Այս վերջիններուն մէջ է, որ թրծուեցան ու կոփուեցան նոր անուններ, հիներուն կողքին: Եթէ պիտի տանք անուններ, անհնարին է չյիշատակել Ծառուկեանի «Նայիրի»-ն (Հալէպ, 1941-1949, Պէյրութ, 1951-1983), Վահէ-Վահեանի «Անի»-ն (Պէյրութ, 1946-1955), Համազգայինի «Ակօս»-ը (Պէյրութ, 1944-1960), ՀԵԸ-ի «Ծիածան»-ը (Պէյրութ, 1939-1949), Ս. Սեզայի «Երիտասարդ Հայուհի»-ն (յատկապէս առաջին շրջանը, Պէյրութ, 1932-1934, Լիբանանահայ գրական շրջանակի զանազան անուններով լոյս ընծայած պարբերաթերթերը (յիսունական եւ վաթսունական թուականներուն), Ս. Սիմոնեանի «Սփիւռք»-ը (Պէյրութ, 1958-1974), Նոր Սերունդի «Արարատ Գրական»-ը (Պէյրութ, 1956-1965), Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Շիրակ»-ը (Պէյրութ, 1956-1997, 2004-2006), Համազգայինի «Բագին»-ը (Պէյրութ, 1962), Գր. Շահինեանի «Ահեկան»-ը (Պէյրութ, 1966-1970) եւ այլն:
Վերոյիշեալ ցանկէն ի յայտ կու գայ, որ «Շիրակ»-ը հրատարակուած է 44 տարի (աննշան ընդհատումով), իսկ «Բագին»-ը արդէն լրումին հասցուցած է հրատարակութեան իր յիսուն տարիները եւ կը շարունակուի:
Ուրեմն «Բագին»-ը յիսուն տարեկան է:
Հաստատումներ.
ա.- «Բագին» կը հանդիսանայ հայ իրականութեան ամէնէն երկարակեաց գրական ամսագիրը, այժմ` եռամսեայ:
բ.- «Բագին» եղաւ շարունակողը, ուրիշներու կողքին, արեւմտահայ գրականութեան աւանդութիւններուն:
գ.- «Բագին» եղաւ, ուրիշներու կողքին, հայրենիք-սփիւռք գրական կապերու կամուրջ:
դ.- «Բագին»-ի էջերէն ծնունդ առին նոր, երիտասարդ անուններ, որոնք այսօր սփիւռքահայ գրականութեան անդաստանին մէջ գրաւած են իրենց արդար տեղը:
Եթէ գոհանանք միայն այս իրագործումներով, հաստատօրէն կրնանք ըսել, որ «Բագին» ոչ միայն արդարացուցած է իր կոչումն ու գոյութիւնը, այլեւ տէրը դարձած է իր գոյութիւնը շարունակելու երաշխիքին:

