Հայ Եկեղեցին Հայ Ժողովուրդին Տունն Է

ՎԱՂԻՆԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ

Մեր ժողովուրդի զաւակներուն մէկ մասը, յատկապէս` հոգեւոր կեանքին հանդէպ հետաքրքրութիւն ունեցողները, դիւրաւ կը յարին կամ կրնան յարիլ այնպիսի նորելուկ հոսանքներու, որոնք կը նենգափոխեն Աստուծոյ խօսքը (Բ. Կորնթացիս 4.2), հրապուրիչ խօսքերով կը խաբեն մարդիկը (Կողոսացիս 2.4), Աստուծոյ խօսքը վաճառքի կը հանեն (Բ. Կորնթացիս 2.17), եւ այնպիսի օտարոտի  վարդապետութիւններ կ’ուսուցանեն, որոնք անյարիր եւ խորթ կը համեմատին Ս. Գրային ճշմարտութեանց եւ մեր եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանանքին ու վարդապետութեանց:

Այս իրողութենէն մղուած` վեհափառ հայրապետը յաճախ կը քաջալերէ միաբաններս, որ խօսքի ու գիրի ճամբով զգուշացնենք մեր ժողովուրդի սիրասուն զաւակները` չտարուելու խաբեբայ մարդոց խաբեպատիր ուսուցումներով, այլ կառչած մնանք մեր եկեղեցիին եւ մեր եկեղեցւոյ ճամբով մեզի փոխանցուող ճշմարիտ հաւատքին ու ազգային ոգիին: Արդ, մեկնելով վեհափառ հայրապետին պատուէրէն, կ՛ուզեմ հետեւեալ մտածումները բաժնել ձեզի հետ, «Հայ եկեղեցին հայ ժողովուրդին տունն է» նիւթին կապակցութեամբ, հաւատալով, որ անիկա կրնայ գրգիռ մը հանդիսանալ` հայ մարդուն քայլերը դարձնելու դէպի մայրենի եկեղեցին:

Ճի՛շդ է, որ եկեղեցին Աստուծոյ տունն է, բայց հայ եկեղեցին դարձաւ նաեւ մեր ազգի՛ն տունը, երբ մեր ժողովուրդը կորսնցուց տուն ու տեղ: Ճի՛շդ է, որ եկեղեցին Աստուծոյ թագաւորութեան մանրանկարն է, բայց Հայ եկեղեցին դարձաւ նաեւ մեր ժողովուրդի՛ն հոգեւոր թագաւորութիւնը, երբ մեր ժողովուրդը կորսնցուց իր երկրաւոր թագաւորութիւնը: Ճի՛շդ է, որ եկեղեցին Աստուծոյ գիրկն է, ուր իրենց հոգեկան հանգիստն ու անդորրը կը գտնեն հաւատացեալներ, բայց անիկա դարձաւ նաեւ մեր ժողովուրդի՛ն գիրկը, մայրակա՛ն գիրկը, որ բազկատարած բացուեցաւ սիրոյ ու գուրգուրանքի կարօտ բոլոր հոգիներուն առջեւ: Ճի՛շդ է, որ եկեղեցին Քրիստոսի մարմնաւոր ներկայութիւնն է այս աշխարհին վրայ, բայց անիկա դարձաւ նաեւ մեր հայրերո՛ւն ու հայրապետներո՛ւն, մեր մարտիրոսներո՛ւն ու նահատակներո՛ւն մարմնաւոր ներկայութիւնը մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ: Ճի՛շդ է, որ եկեղեցին բնորոշուած է իբրեւ Աստուծոյ ընտանիքը, բայց անիկա դարձաւ նաեւ հոգեւոր ընտանի՛քը մեր ազգի զաւակներուն, ուր անոնք գտան իրենց ապահովութիւնը այս անապահով աշխարհին մէջ: Ճի՛շդ է, որ եկեղեցին Աստուծոյ Ուխտին Տապանակն է երկրի վրայ, բայց անիկա դարձաւ նաեւ մեր ժողովուրդի՛ն ուխտի տապանակը, որ անշեղ ու անվթար կերպով առաջնորդեց մեր ազգի զաւակները Սինայի անապատի վերածուած այս աշխարհէն` դէպի Ստեղծիչը աշխարհին: Ճի՛շդ է, որ եկեղեցին Աստուծոյ հայրենիքն է, բայց անիկա դարձաւ նաեւ հայրենի՛քը սփիւռքացած մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ճի՛շդ է, որ եկեղեցին Աստուծոյ Քորեբի ջրացայտ ժայռն է, բայց անիկա դարձաւ նաեւ մեր ժողովուրդին քորեբաժայռը, որմէ բխեցաւ կենարար այն ջուրը, որ ոռոգեց Աստուծոյ պայծառակերպիչ խօսքին ծարաւը ունեցող սիրտերը:

Եւ որովհետեւ հայ եկեղեցին այս բոլորն է, երբ հայ հաւատացեալը եկեղեցի կը մտնէ, պէտք է նիւթեղէն շէնքէն անդին` անոր մէջ տեսնէ իր քրիստոսական ու ազգային ինքնութիւնը կազմող դարբնոցը, իր մշակութային արժէքներու գանձարանը, իր փրկութեան գրաւականը, իր ճշմարիտ երջանկութեան ակնաղբիւրը, իր հոգին կշտացնող ու սիրտը յագեցնող այգեստանը, որ հիմնուեցաւ Քրիստոսի կողմէ ու Քրիստոսի վրայ, եւ ուր տքնեցան Լուսաւորիչներ, երկնեցին Մեսրոպ Մաշտոցներ, մաքառեցան Վարդաններ, եւ յաւերժացան ապրիլեան եղեռնի երկնահաճոյ ու երկնահայեաց նահատակները:

Անցեալին հայ եկեղեցին երբեք ինքզինք չմեկուսացուց իր ժողովուրդէն, թիկունք չդարձուց իր ժողովուրդին, երբ ուրիշներ հարուածեցին թիկունքէն մեր ժողովուրդին: Հայ եկեղեցին ի՛նք դարձաւ ղեկավարը մեր ժողովուրդին, երբ մեր ժողովուրդը կորսնցուց պետութիւն. ղեկավար եւ առաջնորդ ըլլալէ առաջ ու վեր, եկեղեցին եղաւ ու մնաց ճշմարիտ ծառան իր ժողովուրդին: Այսօր հայ մարդը պէտք է խորունկ գիտակցութիւնը ունենայ այս ճշմարտութեան: Արդ, հայ մարդը`

1) Պէտք չէ ՀԵՌԱՆԱՅ իր եկեղեցիէն: Ինչպէս ճիւղը կը կորսնցնէ իր կեանքն ու պտղաբերելու իր կարողութիւնը, երբ կը բաժնուի ծառէն, նոյնպէս ալ հայ մարդը կը կորսնցնէ իր հոգեկան կենդանութիւնն ու փայլքը, երբ ինքզինք կ՛անջատէ իր հոգեւոր ծննդավայրէն` հայ եկեղեցիէն: Հայ եկեղեցին հոգեւոր ծնողն է հայ մարդուն, որովհետեւ հայ մարդը իր առաջին ու մարմնաւոր ծնունդէն ետք եկեղեցւոյ մկրտարանին սուրբ ու սրբարար արգանդէն է, որ կը ստանայ իր երկրորդ ծնունդը` հոգեւոր ծնունդը, առանց որուն` ան «չի կրնար Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել» (Յովհաննէս 3.5):

2) Պէտք է ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ մնայ իր հոգեւոր ծնողին` հայ եկեղեցիին: Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ հաւատարիմ մնալ եկեղեցիին: Հաւատարիմ մնալ եկեղեցիին` կը նշանակէ զայն չփոխանակել ուրիշ եկեղեցիով մը: Հաւատարիմ մնալ եկեղեցիին` կը նշանակէ տէ՛ր կանգնիլ այն աւանդին, որ Քրիստոսի կողմէ փոխանցուեցաւ մեր հայրերուն եւ մեր հայրերուն կողմէ` մեզի: Ով որ կը հեռանայ իր եկեղեցիէն, կը դատարկուի իր ազգային գիտակցութենէն, որովհետեւ Հայ եկեղեցին ինքն է, որ ազգային գիտակցութիւնը վառ կը պահէ հայ մարդուն մէջ: Օտար եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ մենք չենք կրնար ազգային շունչ ու հոգի գտնել:

3) Պէտք է ՍԻՐԵԼ Հայ եկեղեցին: Պէտք է զայն սիրել, ինչպէս զաւակ մը կը սիրէ իր մայրը: Ո՞վ է այն զաւակը, որ կը լքէ իր հարազատ մայրը ու կ՛երթայ փարելու ուրիշի մը մօրը: Արդ, ինչպէս հարազատ զաւակ մը չի լքեր իր հարազատ մայրը, այնպէս ալ հայ մարդը պէտք չէ լքէ իր եկեղեցին: Դարձեալ, ինչպէս երբ մայր մը թերութիւն գտնէ իր զաւակին մօտ, կամ զաւակը` իր մօրը մօտ, զիրար չեն լքեր եւ իրարմէ չեն բաժնուիր, նոյնպէս ալ եկեղեցին իբրեւ հոգեւոր մայրը իր ժողովուրդին եւ ժողովուրդը իբրեւ որդեգիրները եկեղեցւոյ` պէտք է իրարու կողքին կանգնին, սրբագրելով մարդկային տկար բնութեան հետեւանքով յառաջացած թերութիւնները:

4) Պէտք է ԿԱՊՈՒԱԾ մնալ Հայ եկեղեցւոյ: Մեր անմիջական շրջապատին մէջ գոյութիւն ունին եւ կը գործեն սխալ վարդապետութիւններ ուսուցանողներ, որոնցմէ մեզ բազմիցս զգուշացուց Պօղոս առաքեալ (Բ. Կորնթացիս 2.17: Եփեսացիս 4.14: Ա. Տիմոթէոս 1.3: Բ. Տիմոթէոս 2.16 եւ այլն): Չազդուելու համար անոնցմէ, եւ մանաւանդ, չկորսնցնելու համար մեր հայրերուն առաքելական եւ ուղղափառ շաւիղէն քալելու մեր կոչումը, խիստ անհրաժեշտ է կապուած մնալ մեր մայրենի եկեղեցիին առաքելահաստատ հաւատքին, ուղղափառ դաւանութեան եւ անսխալ վարդապետութեանց:

5) Պէտք է ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ եկեղեցւոյ կեանքին: Եկեղեցի յաճախող հաւատացեալը պէտք չէ ինքզինք կրաւորական դիրքի վրայ պահէ: Կրաւորականութիւնը ծնունդ կու տայ անտարբերութեան: Կրաւորականութիւնը մեզ կը մատնէ անզգայութեան: Կրաւորականութիւնը կ՛անդամալուծէ աշխատելու մեր կամքը եւ կը շիջեցնէ գործելու մեր եռանդը: Հաւատացեալը պէտք է մասնակից դառնայ եկեղեցւոյ կեանքին: Իսկ մասնակից դառնալը լոկ սուրբ պատարագին ներկայ ըլլալով, սուրբ հաղորդութիւն ստանալով կամ պատարագի երգեցողութեան մասնակցելով չէ սահմանափակուած: Եկեղեցւոյ կեանքին մասնակցիլ, առաջին հերթին, կը նշանակէ աղօթել եկեղեցւոյ անսասանութեան ու հզօրութեան համար. կը նշանակէ կառչած մնալ մեր առաքելաշնորհ ու հայրենաւանդ հաւատքին ու պաշտպանը հանդիսանալ այդ հաւատքին, կը նշանակէ զայն ճանչնալ ու հռչակել որպէս ազգապահպանութեան զօրեղ ազդակը:

6) Պէտք է ՊԱՇՏՊԱՆ կանգնիլ Հայ եկեղեցւոյ: Դարերու ընթացքին, երբ կեանքի փոթորիկները ուժգնօրէն հարուածեցին մեր ժողովուրդի զաւակներուն կեանքը, հայ եկեղեցին լոկ խօսքով ու խրատականներով գօտեպնդող մը չեղաւ, այլ մարտունակ կեցուածք որդեգրեց եւ պաշտպանի ու պահապանի ոգիով հանդէս եկաւ: Հայ մարդը, իր կարգին, միշտ եղաւ ու մնաց պաշտպանը իր ազգին սրբազան Տան` եկեղեցիին, որովհետեւ ան ամրօրէն հաւատաց, որ Հայ եկեղեցին բաբախող սի՛րտն է մեր ժողովուրդին, առանց որուն` երկնապարգեւ արեան շրջագայութիւնը կը դադրի մեր ազգի մարմինին մէջ` ծնունդ տալով հոգեւոր մեռելութեան: Այսօր եւս, մենք` հայերս, առաքելական հաւատքի ժառանգորդներս, պէտք է տէ՛ր կանգնինք մեր եկեղեցիին, պէտք չէ թոյլ տանք, որ եկեղեցին անարդար քննադատութեանց ենթարկուի: Պէտք է զայն պաշտպանենք, ինչպէս մեր հարազատ ընտանիքը պիտի պաշտպանէինք:

7) Վերջապէս, պէտք է ՊԱՀԱՊԱՆԸ ըլլալ Հայ եկեղեցւոյ: Հայ եկեղեցին ինքն էր, որ պահեց ու պահպանեց մեր ժողովուրդին գանձերն ու արժէքները: Հայ մշակոյթը կեանքի կոչուեցաւ եւ իրականութիւն դարձաւ հայ եկեղեցւոյ միջոցով: Հայ գիրը առաջին անգամ Աստուածաշունչին միջոցով էր, որ մուտք գործեց մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Ուստի կարելի չէ խօսիլ մեր ժողովուրդի յաւերժութեան մասին եւ չդառնալ պահապանը մեր ժողովուրդը յաւերժացնող Հայ եկեղեցւոյ: Կարելի չէ խօսիլ հայ մշակոյթի պահպանումին մասին եւ ուրանալ Հայ եկեղեցւոյ ստեղծագործական դերը մեր մշակոյթին ու մշակութային կեանքին գոյաւորման մէջ: Օտար մշակոյթներու հոսանքին դիմաց, մեր ազգային ինքնութեան պահպանման մէջ որքան հայ դպրոցը, նոյնքան ալ հայ եկեղեցին իր դերը ունեցած է եւ ունի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES