Հանդիպում Յակոբ Յակոբեանին Հետ

Համադրեց ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ

Կիպրոս, 1935

2012 սեպտեմբեր 28, կնոջս հետ Հայաստան այցելութեան վերջին օրն էր, ուզեցինք անպայման այցելել հանրածանօթ գեղանկարիչ Յակոբ Յակոբեանին, որուն ծանօթացած էինք 1990-ական թուականներուն, Պէյրութի մէջ, իր նկարներու ցուցահանդէսին առիթով: Իրեն հանդիպելու համարձակութիւնս կու գար այն հանգամանքէն, որ Յակոբեան եւ ես ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ նոյն գրասեղաններ օգտագործած էինք: Յակոբ Յակոբեան կ՛ապրէր իր կնոջ`  Մարիին հետ, Քիեւեան փողոցին մէջ, խորհրդային շրջանին կառուցուած ընդարձակ փակի մը վերջաւորութեան, ինը յարկանի երեք շէնքերէն մէկուն վերջին յարկը: Շէնքերուն արտաքինէն դատելով` կարծէք անոնք իրենց կեանքին վերջին օրերը կ՛ապրէին: Շէնքին վերելակին մէջ, ուր հազիւ երկու հոգի կրնային սեղմուիլ, մենք` շունչերնիս բռնած սպասեցինք` մինչեւ վեր ապահով հասնելու մտավախութեամբ: Մեզմէ զատ ութերորդ յարկ բնակող գէր կին մըն ալ մտաւ վերելակ: Յակոբ Յակոբեան արդէն մեզ կը սպասէր, երբ դրան զանգը զարկինք,  դռնէն ներս մտնելով` մենք մոռցած էինք շէնքերուն տխուր երեւոյթը եւ խարխուլ վերելակը: Տան պատշգամէն կարելի էր դիտել Երեւան քաղաքի գեղատեսիլ համայնապատկերը: Յակոբեան մեզ ընդունեց  ճաշակաւոր կահաւորուած իր լուսաւոր հիւրասենեակին մէջ:

Հիւրասիրուեցանք հայրենիքի աշնանային համեղ պտուղներով`  խաղող, տանձ ու դեղձ:

Ան մեզ ընդունեց ջերմութեամբ, կարծէք տարիներով ծանօթ ըլլայինք, չէ՞ որ երկուքս ալ Մելգոնեանցի էինք, թէպէտ իր Մելգոնեանը ձգելէն տասը տարի ետք է, որ ես հոն մուտք գործած էի: Խօսեցանք զանազան նիւթերու շուրջ` արուեստ,  քաղաքականութիւն, Մելգոնեան վարժարանի փակում եւ այլն: Ան կը թելադրէր, որ մեր գեղանկարիչները նոր ճամբայ բանան, ոչ թէ եւրոպական արուեստի հետեւորդները ըլլան: Քաղաքական գետնի վրայ, կը պնդէր, որ կառչած մնանք մեր հայրենիքին. ղեկավարներ կու գան ու կ՛երթան, մենք հայրենիքը կանգուն պահելու մասին մտածենք: Ան կ՛ըսէր. «Ես Հայաստանի մէջ կ՛ապրիմ եւ հայ կը կոչուիմ. ո՛չ եգիպտահայ, սուրիահայ, ֆրանսահայ, սովետահայ…»: Մելգոնեանի փակման մասին խօսելով`  ան կը պնդէր, թէ ինչ որ օտար հողի վրայ կը շինենք, աւազի վրայ է, ուշ կամ կանուխ պիտի անշքանայ: Հայրենիքի մէջ կառուցուածը մնայուն է: Ես ալ հարց կու տայի, որ հայրենիքը մինչեւ իր ուժերը հաւաքէր արդեօք սփիւռքը  հայու նեցուկին պէտք պիտի չունենա՞յ:

Երեւան, սեպտեմբեր 2012

Ան ճակատագիրի հաւատացող մըն էր: Ծնած էր Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքը, բազմանդամ ընտանիքի մը յարկին տակ: Հակառակ հօրը լաւ հայ մը ըլլալուն, Յակոբը օտար վարժարան կը յաճախէր` ապագայի մտահոգութեամբ: Հայրը կանուխ կը մահանայ, մայրը առանձինն չէր կրնար հոգալ անչափահաս զաւակները, ուստի իրեն խորհուրդ  կու տան, որ Յակոբը ղրկէ Կիպրոս` Մելգոնեան վարժարան: 1934  օգոստոսին 11 տարեկան Յակոբը կը հասնի Մելգոնեան, ուր պիտի մնար եօթը տարիներ շարունակ: Մելգոնեանի մէջ արուեստի ուսուցիչներու` Պատրիկ Առաքելեանի եւ Օննիկ Աւետիսեանի հոգատար շունչին տակ արուեստի հանդէպ հակում ունեցող Յակոբին մէջ կը կազմաւորուի ապագայ գեղանկարիչը: 1941-ին` Մելգոնեանէն կիսաւարտ, կը վերադառնայ Եգիպտոս, ուր արուեստի  դպրոցի մէջ կը հետեւի գեղանկարչութեան: Ապա Յակոբեան կը մեկնի Փարիզ` հմտանալու համար իր ասպարէզին մէջ: 1962-ին Յակոբ Յակոբեան արդէն ճանչցուած գեղանկարիչ` իր երկու դուստրերուն եւ կնոջը հետ վերջնականապէս Հայաստան կը հաստատուի: Ան հայրենիքի մէջ մեծապէս կը գնահատուի իբրեւ գեղանկարիչ:

«Ամէն չարիքէ բարիք մը կը ծնի», կ՛ըսէր Յակոբ Յակոբեանը` ակնարկելով իր հօրը կանխահաս մահուան:

Արդեօք նոյնը չէ՞ր ճակատագիրը Կոմիտաս վարդապետին ու Ուիլիըմ Սարոյեանի:

Յակոբ Յակոբեան Արուեստագէտը

Խօսք` Հենրիկ Իգիթեանի, Հայաստանի ժամանակակից արուեստի թանգարանի հիմնադիր:

Հողագունդը այնպէս գերյագեցած է արուեստի ստեղծագործութիւններով` սկսած ժայռապատկերներէն մինչեւ ժամանակակից արուեստի նորագոյն յայտնագործութիւնները, որ երբեմն կարող է թուիլ, թէ ամէն ինչ սպառած է: Բայց տաղանդի այն բռնկումները, որ տեղի կ՛ունենան աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ, կը վկայեն, թէ մարդկային մտածողութիւնը անսպառ-անսահման է, թէ` յայտնագործութիւններ եղած են եւ կ՛ըլլան ընդմիշտ: Այդ յայտնագործութիւններու գրաւականը անձի անհատականութիւնն է, ինքնաարտայայտման անկեղծութիւնը, բնութեան, հասարակութեան եւ ամէնէն առաջ` ինքն իր առջեւ մաքուր նախագոյ վիճակի մէջ կանգնելու ունակութիւնը:

Ճիշդ այդ յատկանիշներով կը բնորոշուի Յակոբ Յակոբեանի վառ ու անկրկնելի անհատականութեամբ օժտուած այդ նկարիչի էութիւնը:

Յակոբեանը հաստատօրէն կ՛իրականացնէ իր առջեւ դրուած խնդիրը: Անոր իւրաքանչիւր նոր գործը նախորդին տրամաբանական շարունակութիւնն է, եւ անոնք բոլորը իրենց ամբողջութեան մէջ կը ներկայացնեն նկարիչ մը, որ ունի սեփական գեղանկարչական համակարգ: Ճիշդ այդ կուտակման եւ յարատեւ կեդրոնացման մէջ կը ծնի եւ կ՛ամրապնդուի նկարիչին ոճը: Անոր հետեւողականութիւնն ու սկզբունքայնութիւնը անխախտ են այնքան,  որ երբեմն կրնան ընկալուիլ իբրեւ միօրինակութիւն, բայց այդ` երեւոյթին մակերեսային մօտեցում ցուցաբերելու պարագային միայն: Կը փոխուին մոթիւֆները, սիւժէները, բայց անոր մտածողութեան բովանդակութիւնը անփոփոխ է: Վերջին հաշուով, կազմաւորուած անհատականութեամբ իւրաքանչիւր ճշմարիտ նկարիչ ամբողջ կեանքի ընթացքին կը նկարէ նկար մը, եւ որքան ամբողջական է այդ, այնքան ամբողջական է այն, որ մէկ բառով ստեղծագործութիւն կը կոչուի:

Յակոբեան չի խուսափիր խորհրդանշական մեկնութենէն, բայց այստեղ ո՛չ գերզգայնութիւն եւ ո՛չ ալ հերոսանակացուած հնչեղութիւն կայ: «Մարդը եւ բոյսը» կտաւին մէջ նկարիչը ստուգօրէն կ՛արտայայտէ իր փիլիսոփայութիւնը, լիովին կը բացայայտէ մարդկային իր էութիւնը: Այս կտաւը կարելի է ընկալել իբրեւ նկարիչին ինքնադիմանկարը: Պարզ ու զուսպ համայնապատկեր: Ծնրադիր տղամարդը ափերով կը պահպանէ, կը փայփայէ նորաբոյս ծիլը: Պատումն այստեղ առկայ է այն չափով միայն, որքանով որ բնական ու կիրարկելի է պատկերային մտածողութեան համար: Սովորաբար Յակոբեանի կտաւներուն մէջ բովանդակութիւնը կը բացայայտուի ոչ թէ պատմողական մանրամասնութեան եւ նկարագրութեան, այլ` կերպարային մտածողութեան միջոցով, նկարչական արտայայտչամիջոցներով:

Յակոբ Յակոբեանի ստեղծագործութիւնը նշանակալի չափով հարստացուցած ու ընդլայնած է ժամանակակից արուեստի ընդգրկումը: Գեղարուեստական ասպարէզի մէջ կը գտնուի վառ անհատականութեամբ օժտուած ազգային արուեստի մէջ իր նախորդը չունեցող տաղանդաւոր նկարիչ մը: Յակոբ Յակոբեան իր հաստատուն եւ արժանի տեղը ունի Հայաստանի կերպարուեստի խոշորագոյն վարպետներու շարքին մէջ:

***

Որպէսզի լաւապէս ճանչնանք մարդն ու արուեստագետը, մէջբերումներ կը կատարենք իր «Ու մերթ լացաւ ու մերթ խնդաց իմ հոգիս» կենսագրական գիրքէն:

Արուեստները Այսօր
Հայկական Հորիզոնի Վրայ

Բազմաթիւ հայ արուեստագէտներու համար նեղ կու գան Հայաստանի սահմանները: Շատեր արդէն կը գտնուին արտասահման, մանաւանդ` Միացեալ Նահանգներ: Պայքարը կը մղուի հինի դէմ եւ նորութիւններ կը հրամցուին: Դատելով տուեալներէն, եթէ ինծի հարցնէք մեր այսօրուան վիճակի մասին, նկարչութիւն, երաժշտութիւն, գեղարուեստ, գրականութիւն, ճարտարապետութիւն, թատրոն, պիտի գործածեմ «անդէմ» բառը, եւ այդ անդէմ մշակոյթը մեծ թափով կ՛աճի եւ կ՛ողողէ մեր կեանքը: Այդ մշակոյթը ստեղծողները մեծ եռանդի տէր մարդիկ են: Հարցը այստեղ տաղանդի կամ շնորհքի չափի մասին չէ, ստեղծագործութիւնը կրնայ ըլլալ շատ ուժեղ, հանճարի գործ, կամ` աւելի համեստ կարողութիւններու տէր մարդու, կարեւորը անկրկնելի անհատական դրսեւորումն է, կեղծով կարելի չէ հասնիլ ժողովուրդի սրտին:

Խորհրդային Վարչակարգը Եւ
Արուեստի Կաշկանդումը

Խօսելով խորհրդային վարչակարգին կողմէ արուեստներու կաշկանդումներու մասին` շատ տխուր պատկերացումը ունիմ այդ ժամանակաշրջանին համար:

1962 թուականէն սկսեալ մինչեւ 1991 ես կ՛ապրէի Խորհրդային Միութեան մէջ: Յիշեմ Մինասը, Մինասին պէս սքանչելի, Աստուածային նկարիչը, որուն նկարած կտաւներուն մէջ չէք կրնար գտնել մէկ սանթիմեթր ծածկուած, որ ըլլայ հակախորհրդային եւ հակապետական: Ան իշխանութեան փուշն էր: Երբ Մինասի հանճարեղ նկարները կրնային միայն ուրախացնել մարդիկը, նոյնիսկ` բուժել հիւանդը (խորհրդային ժողովուրդը): Փոխանակ իբրեւ յաղթանակի դրօշ պարզելու Մինասի նկարները` իբրեւ ազգային հպարտութիւն, տարածելու ամբողջ աշխարհով մէկ: Երբ արուեստը սիրող ամէն մարդ կը պաշտէր Մինասը, ինչո՞ւ էր պետական մարդոց այդ ատելութիւնը: Մինասը մահացաւ ինքնաշարժի կասկածելի արկածով:

Փարաճանով, մեր ժամանակներու համաշխարհային ամենաբացառիկ հանճարներէն մէկը, որ ստեղծագործած է Խորհրդային Միութեան մէջ, ո՞ւր է այն րոպէն իր ժապաւէններուն մէջ, որ որեւէ թշնամական ակնարկութիւն կայ Խորհրդային Միութեան մասին: Եթէ չեմ սխալիր, չորս տարի բանտարկուեցաւ քրէական յանցագործներու հետ, ձեւով մը բանտէն ու մահէն ազատելէ ետք կրկնակի տարիներ ստեղծագործելէ զրկուեցաւ: Չստեղծագործող հանճարը նոյնն է, թէ` կենդանի մեռել:

Ես խորհրդային իշխանութիւններու հալածանքին չեմ ենթարկուած: Ինծի կը հարցնեն, թէ ինչո՞ւ դուն ալ չես ենթարկուած իշխանութիւններու ճնշումին, որոշակի պատասխան մը չեմ կրնար տալ, ամենահաւանականը այն է, որ բախտաւոր եղած եմ:

Ես կը հաւատամ, որ մեր ժողովուրդին մէջ կայ բան մը, որ զինք կը պահէ վերջնական այլասերումէ: Այստեղ պիտի պատմեմ ամենագեղեցիկ պատմութիւնը, որ ինծի պատմած են Կալենցի մասին, որ մեր հրաշք նկարիչներէն մին է: Օր մը Կալենց,  երեւի քէֆի մը ժամանակ, իր տան մէջ կ՛երգէ «Մեր հայրենիքը»: Իրեն հետ հաց ուտող մը լուրը կը հասցնէ իշխանութեան: Յաջորդ օրը Կալենցը կը կանչեն եւ կ՛ըսեն. «Մի՛ փորձեր ուրանալ, այդ երգը երգեր ես, մեր ժողովուրդի թշնամիներուն երգը»: Կալենցը, անշուշտ, ո՛ւր որ ալ ըլլայ, չէր կրնար ուրիշ մարդ դառնալ: Ծիծաղելով կը պատասխանէ. «Տասը տարիէ ի վեր ձեր հայրենիքը կ՛երգեմ, մէկ անգամ ալ «մեր հայրենիքը» երգեցի»:

Խորհրդային իշխանութիւնը կը վախնար արուեստագէտներէն, ինչո՞ւ պէտք էր վախնար անոնցմէ` յայտնի չէ: Մարդ կաշկանդելը հոգեպէս կամ բանտարկել ֆիզիքապէս նոյն բանն է: Անշուշտ այն արուեստագէտները, որոնք չէին ենթարկուեր քաղպիւրոյի անհեթեթ հրահանգներուն, կը դիտուէին որպէս հերոսներ:

Հայ Արուեստի Մասին

Դարպասը, 1963

Ընդունելով հանդերձ, որ մենք`  հայերս, շատ հաճոյքով կը հաղորդակցինք ուրիշ ժողովուրդներու արուեստին հետ եւ զայն կ՛իւրացնենք եւ անկէ կը սորվինք: Ընդունելով նաեւ, որ ուրիշ ժողովուրդներ ծաւալով, քանակով ու որակով այնքան մեծ արժէքներ կը ստեղծեն, մեր ազգային ժառանգութիւնը կը թուի, որ շատ նշանակալից չէ, որ հայ նկարիչը չէր կրնար չտարուիլ եւ չոգեւորուիլ քսաներորդ դարու եւրոպական, աւելի ճիշդը` փարիզեան նկարիչներու  ստեղծագործութիւններով: Սակայն ես կը կարծեմ, որ կայ հայկական արուեստը, որ հակառակ իր քանակի փոքրութեան, ունի որակ մը, որ համաշխարհային մշակոյթի մէջ իրեն համար պատուաւոր տեղ կ՛ապահովէ: Ուրիշ հարց, սա է ամենակարեւոր ըսելիքս, որ ամէն հայ նկարիչ կարո՞ղ է ստեղծել «Հայկական նկարչութիւն» կամ ստեղծածը որքա՞ն հայկական է: Ես կը հաւատամ, որ կայ հայկական նկարչութիւն, կան հայ նկարիչներ, եղած են եւ պիտի ըլլան:  Ամենադժուար վիճակը այն է, թէ որո՞նք են այն յատկանիշները, որոնցմով մենք կ՛որոշենք, որ ստեղծագործութիւնը հայկական է: Որոշելո՞վ է, որ մենք կը զգանք գործին հայկականութիւնը առանց կարենալ բացատրելու: Կարծեմ պայման մըն ալ կայ, այն, որ գործը ընկալողն ալ պէտք է հայ ըլլայ:

Մեր հանճարեղ սիրելի վարպետը, ըստ իս, հայ ժողովուրդի պատմութիւնը նկարեց աշխարհին ու մարդկութեան ներկայացնելով բնապատկեր մը`  «Հայաստանը», որ որքան գիտեմ, բացառիկ է եւ ոչ մէկ նկարիչ  սպառիչ կերպով իր հայրենի բնօրրանը նկարագրած է մէկ նկարի մէջ: Նոր նկարիչներ նկարած են եւ կը նկարեն բնապատկերներ, բայց անոնք կրնան մնալ իբրեւ արուեստի սքանչելի գործեր, բայց ո՛չ երկրի մը դիմանկարը, որ կարծեմ փորձած է եւ յաջողած է միայն վարպետ Մարտիրոս Սարեանը, որով նկարիչը վերջնականապէս կը հաստատէ բնաշխարհին հայ ժողովուրդին պատկանիլը երկրագունդի այդ կտոր մը հողը: Օտար ոեւէ նկարիչ չի կրնար Հայաստանը նկարել, որովհետեւ  օտարը չի կրնար տեսնել Հայաստանը, օտարը կրնայ տեսնել հողը, երկինքը, ջուրը, ծառերը, դաշտերը, լեռները, այդ բոլորը կրնայ լուսանկարչական գործիքն ալ  տեսնել, բայց չի կրնար տեսնել երկիրը: Հայաստանը միայն աչքերով չէ, որ կը տեսնենք:

Հոգին տեսանելի կը դառնայ եւ ձեւ կը ստանայ մարդու ստեղծած արուեստի միջոցով, արուեստն ալ բնատուր յատկութիւն է: Կարիք կա՞յ մանրամասնելու` ճարտարապետութիւն, երաժշտութիւն, նկարչութիւն, քանդակագործութիւն, բանաստեղծութիւն, հոգին է, որ չ՛ապականիր եւ չի մահանար, ինչպէս` նիւթը: Հոգին (արուեստը) եւ մարմինը (նիւթը) տեւական անհաշտ կռուի մէջ են: Ըստ իս, հոգին է, որ երկոտանին մարդ կը դարձնէ եւ մարդուն ալ` հայ, յոյն, ճափոնցի եւ այլն, եւ վերջապէս, ինչ որ մենք կը ժառանգենք եւ կը փոխանցենք,  մեր հոգին է: Շնորհիւ հոգիին (արուեստ) մեր կեանքը չի սահմանափակուիր տասնամեակներով, այլ յաւիտենական է. «Երկներ երկիր…» ե՞րբ գրուած է, այս պահո՞ւս, երբ կը կարդանք քերթողահօր պատմութիւնը, 2000 տարի առա՞ջ, թէ՞ մէկ միլիոն տարի առաջ: Սայաթ  Նովայի տաղերը մենք կ՛երգենք այսօր, հազար տարի վերջ ալ պիտի չերգե՞նք: Եթէ չերգենք, ուրեմն հայութիւնը վերացած պէտք է ըլլայ աշխարհի երեսէն:

Սփիւռքի Մասին

Վերջերս կը դիտէի, թէ ինչպէս բութին մէկը «քաղաքական գործիչ», ղեկավար, հեռուստացոյցով հարց-զրոյցի ժամանակ ինքնագոհ, ճարպոտ փորը տնկած կը պատմէր, թէ իր օտար գործընկերները ինչպէս իրեն կը նախանձին, որ մենք սփիւռք ունինք: Ի՜նչ հարստութիւն, որքա՜ն բախտաւոր ժողովուրդ եղած ենք ու չենք իմացած: Իսկ իրենք սփիւռք չունին, այսպէս ինքնամոռաց կը բլբլացնէր մեր մանկլաւիկը: Ես ապշած կը լսէի եւ կը մտածէի, որ չերթանք Թալէաթ փաշային գերեզմանին վրայ մոմ չվառե՞նք, որ հայերուս այսքան մեծ լաւութիւն ըրած է` սփռելով հայերը աշխարհի տարածքին:

Զօրավար Անդրանիկ Եւ Նեմեսիս

«Մարդն ու ծաղիկը», 1962

Լուսանկար մը կայ, ուր պատկերուած է գեղեցիկ տղամարդ մը, հասուն տարիքի, գիւղացիի հագուստով, ձիու վրայ, ձեռքին հրացան` ազդրին յենած: Նայուածքը եւ ամբողջ կերպարը ինքնավստահ, բայց` ոչ մէկ ցուցադրականութիւն: Մարդը հոն է իր ամբողջ ունեցածովը, որովհետեւ ցուցադրելիք ուրիշ բան չունի, ընդամէնը` ինքը, իր ձին, իր հրացանը փամփշտակալով: Բայց գիտենք, որ ունի բան մը, զոր լուսանկարել կարելի չէ: Ունի ամենամեծ հայկական սիրտը, որ լեցուն է սիրով եւ քաջութեամբ: Հայերը ուրիշ ոչ մէկուն, միայն Կոմիտաս վարդապետին այնպէս մեծ սիրով սիրած են, կը սիրեն եւ պիտի սիրեն: Քսաներորդ դարու մէջ շա՜տ շա՛տ նշանաւոր եւ արժէքաւոր մարդոց մէջ ինքն է այդ պարզ մարդը, որ պաշտելի դարձաւ հայերուն: Ուրիշներ շատ գովելի եւ անմոռանալի գործեր ըրած են, բայց ինքն է, որ մեզի յիշեցուց, որ ամենադաժան բռնապետութեան տակ ալ հայը պէտք  չէ մոռնայ իր արժանապատուութեան մասին: Ժողովուրդը զինք հռչակեց «Հայրենիքի տէր ու պաշտպան»: Ան իր ձեռքէն եկածը ըրաւ իր ժողովուրդին համար եւ յուսահատ, երբ տեսաւ, որ եղբայրասպան կռիւներ տեղի պիտի ունենան եւ ամէն ինչ պիտի կորսուի արեան ծովու մէջ, զէնքերը յանձնեց Ամենայն հայոց հայրապետին ու ձգեց հայրենիքը` օտարութեան մէջ մահանալու: Այդ մարդուն արձանը, յուշարձանը Երեւանի մէջ մայրաքաղաքի ամէնէն աչքառու վայրը, նոր կաթողիկէի մը հարեւանութեան տեղաւորուեցաւ: Եթէ չըսեն, որուն արձանն է, պիտի կարծուի, թէ կրկէսի լարախաղացի արձանն է: Ան Հայաստանի հողին վրայ դրուած ամէնէն վատ արձանագործութիւնն է` իր անհեթեթութեամբ եւ մտայղացման տխմարութեան իսկական պատկերը:

Թուրքերէն վրէժ լուծելու հարցը ինքնաբերաբար յառաջ կու գայ: Բայց` ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ գինով: Արեւմտահայերը, այսինքն` Օսմանեան կայսրութեան նախկին հպատակներու վերապրողները, չէին կրնար համակերպիլ իրենց պարտադրուած դժոխքին: Բան մը  պէտք էր ընէին: Պէտք էր պատասխանէին թշնամիին: Եւ իսկապէս հայերու մէջ գտնուեցան իսկական հերոսներ, որոնք ցոյց տուին, որ հայերը ունին անմեռ հոգեկան ուժ եւ արժանապատուութիւն. փոքր խումբ մը հայեր, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամներ, ծագումով արեւմտահայեր (կը շեշտեմ այս փաստը, որովհետեւ այդ ժամանակ տակաւին չէր յայտնաբերուած մէկ ազգ, մէկ չեմ գիտեր ինչ, յեղյեղուկ բառակապակցութիւնը) ստեղծեցին «Հայկական Նեմեսիս» խումբը, հիմնեցին դատարան, մահուան դատապարտեցին հայ ժողովուրդին դահիճները, մէկ-մէկ իրենց որջերէն դուրս քաշելով` այդ հրէշները առնէտներու պէս սատկեցուցին ամբողջ աշխարհին աչքին առջեւ: Ամենակարեւորը` անոնք հասկցած էին, որ պէտք չէր դիմել ո՛չ միջազգային դատարաններու, ո՛չ հայասէր քրիստոնեայ կեղծաւոր պետութիւններու, ո՛չ պէտք էր հերթի կանգնէին ծերակոյտերու եւ քոնկրեսներու առջեւ, իրենք էին զոհը եւ իրենք ալ պէտք էր պատժէին յանցագործները: Թուրքը պէտք էր պատժուէր հայու ձեռքով, պէտք էր ի կատար ածուէր արդարութիւնը: Այդ քանի  մը անմահ հերոսներուն անունները հայ մարդը պէտք չէ մոռնայ` Թեհլիրեան, Երկանեան, Թորլաքեան, Ծաղիկեան, Շիրակեան եւ անշուշտ ուրիշներ: Այդ մարդիկը հայ ժողովուրդին հոգին էին: 1921-1922 թուականներու այս հերոսներուն սխրագործութեամբ կը սկսի Հայ դատը: Սկզբունքներ, որոնցմով գործեցին այդ հերոսները, պէտք է ընդունիլ իբրեւ ուղեցոյց, այսինքն հայերը իրենց ուժերուն չափով եւ իրենց միջոցներով պիտի պայքարին թուրքերու դէմ` յոյս չկապելով օտարներու:

Հայը, Հայաստանը, Պետութիւնը

Եթէ մենք կ՛ուզենք հայ ապրիլ, պէտք է պաշտպանենք մեր հողը եւ պետութիւնը: Իսկ մեր նորանկախ հայրենիքը մեր պատմութենէն մնացած այս կտոր մը հողը թշնամիներով շրջափակուած հայութեան վերջին ամրոցն է, որ եթէ փուլ գայ, բոլորս անոր փլատակներուն տակ կը թաղուինք: Անոնք, որոնք կը փախչին այդ ամրոցէն,  պիտի իյնան ճիրաններուն մէջ թշնամիին, որ իրենց արիւնը պիտի խմէ մինչեւ վերջին կաթիլը:

Ես քաղաքականութեամբ չեմ զբաղիր, բայց մէկ բան գիտեմ շատ որոշակի. երկրագունդի վրայ թուրքերու եւ հայերու իբրեւ պետութիւններ իրարու կողքին գտնուիլը ուղղակի կենաց-մահու հարց է հայուն համար, եւ երկու պետութիւններուն յարաբերութիւնները ամենակարեւոր ազդեցութիւնը ունին Հայաստանի քաղաքացիին ֆիզիքական եւ հոգեկան կեանքին վրայ: Օտար երկրի ծագումով հայու յարաբերութիւնները թուրքերու հետ բան մըն է, Հայաստանի հողի վրայ ապրող հայաստանցի քաղաքացի հայու յարաբերութիւնները թուրքերուն հետ` ուրիշ: Աւելի կտրուկ` այսօր օտարութեան մէջ ապրող հայու մտայնութեան վրայ իշխողը անցեալն է, Հայաստանի հողին վրայ ապրող հայու վրայ իշխողը ներկան է ու ապագան:

Հայաստանի հայ ժողովուրդին ղեկավարը իր անկախ պետութեան կառավարութիւնն է: Սփիւռքի մէջ զանազան կազմակերպութիւններ կան` թէ՛ կրօնական թէ՛ աշխարհիկ: Ժամանակն է հասկնալու, որ ոչ մէկ կազմակերպութիւն կամ կուսակցութիւն առանձինն կրնայ ներկայացնել իր ժողովուրդը: Հայաստանը երկիր է, եւ ոչ թէ` ակումբ, հայ ժողովուրդը այսօր ունի իր ղեկավարը, որն է իր պետութիւնը, որմէ զուրկ էր դարերէ ի վեր:

Դուրսի հայութիւնը, դժբախտաբար, վերջ ի վերջոյ դատապարտուած է կորստեան, սա Եղեռնի շարունակութիւնն է: Իսկ ներսի հայութիւնը պէտք է, որ շարունակէ ապրիլ իր նախնիներու հողին վրայ եւ պահպանէ հողը, իր նախնիներուն ստեղծածները, եւ շարունակէ կուտակել ու կուտակել: Սա է հայութեան յաղթանակը Եղեռնի, մահուան նկատմամբ: Փառք Աստուծոյ, սփիւռքի հայութիւնը այսօր տակաւին գոյութիւն ունի եւ օգտակար կ՛ըլլայ հայրենիքի կառուցման գործին, բայց երկրին տէրը Հայաստանի հողին վրայ ապրողն է:

Յակոբ Յակոբեան կը մահանայ 2013 մարտ  9-ին ու կը թաղուի հայ մշակոյթի մեծերու կողքին Երեւանի Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ:

 

14 մայիս 2013

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES