25 Ապրիլ 2015, Կամ` Թանգարանային Ճանաչումէն Դէպի Հատուցման Պայքար
ՅԱՐՈՒԹ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Հայկական հարցի թղթածրարին պատմական կարեւորագոյն փաստաթուղթը հովանաւորած ու ստորագրած եւ ցարդ Հայոց ցեղասպանութիւնը չճանչցող Ամերիկայի քթին տակ գտնուող G8-ի անդամ Քանատան 2006-ին պետական մակարդակով պաշտօնական ճանաչում շնորհեց Հայոց ցեղասպանութեան: Այս քաղաքական սխրագործութիւնը կը պարտինք Հայկական հարցի հետապնդման ճանապարհին վրայ մարտնչող Հայ դատի «խենթ»-երու, որոնք շուրջ տասը տարուան վրայ երկարող ժամանակահատուածի մը ընթացքին, գիշերը ցերէկին խառնելով, քաղաքական բազմակողմանի եւ թիրախասլաց ծրագիրներ մշակեցին ու կարողացան անցնիլ վերոյիշեալ սխրագործութենէն ալ անդին` պետական դպրոցներու մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը քանատական կրթական ծրագրերու մէջ ներառել տալով եւ 2014-ին Ուինիփեկի մէջ ամբողջանալիք Մարդկային իրաւանց թանգարանի կառոյցէն ներս Հայոց ցեղասպանութեան համար մնայուն տարածաբաժին մը ապահովելով:
Վերոյիշեալ թանգարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան տեղադրումը բնական արդիւնքն է նաեւ երկար տարիներու ընթացքին քաղաքական եւ ակադեմական բեմերու վրայ քրտինք թափած ու տեսլական ունեցող Քանատայի Հայ դատի շրջանային յանձնախումբի եւ Թորոնթոյի «Զօրեան» հիմնարկի ջանքերուն:
2014-ին թանգարանը, ի շարս այլ ցեղասպանութիւններու, հասարակութեան պիտի ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութեան անվերաքննելի ու ճշմարտացի իրողութիւնը: Այլ դիտանկիւնով, քանատական այս թանգարանը, պատմական անհերքելի փաստարկումներու վրայ խարսխուած այն յաւիտենական յուշարձանը պիտի դառնայ, ուր դաստիարակուելու համար պիտի յաճախեն մարդկութեան գալիք սերունդները եւ միաժամանակ իրենց յարգանքի տուրքը պիտի վճարեն թրքական բնաջնջման քաղաքականութեան աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայ զոհերուն:
Բայց դժբախտաբար, վերոյիշեալ իրագործումներէն ետք, յատկապէս վերջին քանի մը տարիներուն, քանատահայութեան քաղաքական հոտառութենէն վրիպեցաւ թուրք-ազերիական հակազդեցութեան ուժգնութեան աստիճանաչափը, որ այս օրերուն դարձած է արդէն ահազանգային:
Վերջին քանի մը տարիներուն, պետական հսկայ կարողականութեամբ զինուած, թուրք-ազերի քաղաքական քարոզարշաւն ու տնտեսական սպառնալիքները կը նպատակադրեն ամէնէն ուշը մինչեւ 2015, Քանատայի իշխող կուսակցութեան Պահպանողականներու կառավարութեան Հայոց ցեղասպանութեան գծով որդեգրած հայանպաստ վարքագիծը նահանջի մատնել:
Վերոյիշեալ ոճրախաղը կրնայ յաջողութեան յանգիլ, եթէ իր դէմ չգտնէ հակադարձող քարոզչութիւն: Յատկապէս այսօր, եւ առնուազն մինչեւ 2015, ճակատագրական անհրաժեշտութիւն է, որ քանատահայութիւնը իր բոլո՛ր միջոցներով եւ ուժերու առաւելագո՛յն լարումով ամբողջական աշխուժացման ենթարկէ իր յարաբերութիւնները, մասնաւորաբար` Պահպանողական կուսակցութեան հետ, թէ՛ նահանգային եւ թէ՛ դաշնակցային մակարդակներու վրայ, սիվիլ սըրվընթներէն մինչեւ վարչապետ, որպէսզի վերջնականօրէն վիժին մեր թշնամիներուն «Խոջալու»-ական սադրանքները, գիտաժողովային-պատմաբանական պատրուակներն ու փրոթոգոլային տխրահռչակ հասցէագրումները:
Քաղաքական վերոյիշեալ թոհուբոհին դիմաց եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին կանգնած քանատահայութիւնը ընթացիկին մէջ տեղքայլ ընելու շռայլանքը չունի: Այս առնչութեամբ վերջին փաստը մեր 98-րդ ապրիլ 24-ն էր, զոր ոգեկոչեցինք քայլարշաւի ոչ այնքան խուռներամ շարքերով:
Առանց քաղաքական վերանորո՛գ հակազդեցութեան` արդէն սկսած ենք անդրադառնալ, որ մեր պահանջատիրական գործընթացը սկսած է մտահոգիչ սահմաններու մօտենալ քիչ մը ամէն տեղ: Եւ հոս, այս վտանգաւոր հանգրուանին, պարտաւոր ենք մեր պահանջատիրական գործընթացը դուրս բերել իր սովորական ուղիէն եւ կշռոյթէն: Հայ դատի պատկան մարմիններուն պէտք է առաջարկել, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքները իրենց լրումին հասնին անոր 99-րդ տարեդարձին, եւ մինչեւ 100-ամեակ որդեգրուի Հայկական հարցի ռազմավարական նոր հանգրուան մը:
Քանատահայութեան պարագային, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համագաղութային վերջին ոգեկոչման յարմարագոյն վայրը` Ուինիփեկի Մարդկային իրաւանց նորաշէն թանգարանն է, ուր նահանգային ու դաշնակցային ներկայացուցիչներուն պարտաւոր ենք յայտնել հայ ժողովուրդին երախտագիտական ու շնորհակալական զգացումները` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում շնորհելու իրենց պատմական աննախընթա՛ց ներդրումին համար:
Իսկ շաբաթ, 25 ապրիլ 2015-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւնը կ՛արժէ՛ ոգեկոչել դարձեալ Ուինիփեկի մէջ, բայց այս անգամ` «Հայկական հարցի հատուցման օրակարգ»-ով եւ սփիւռք-Հայաստան գործակցութեամբ:
Արդ, յառաջիկայ ամիսներուն, մասնագիտական մօտեցումով անհրաժեշտ է կազմել Քանատայի, Հայաստանի, Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Հարաւային Ամերիկաներու Հայ դատի շրջանային յանձնախումբերու ներկայացուցիչներէն բաղկացած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի գործադիր խորհուրդ մը, որ իր կարգին կը յառաջացնէ՛ ու կը համակարգէ հետեւեալ եռատեսակ մարմինները.
ա.- Հիմնադրամի մարմին, որ կը կազմակերպէ ժողովրդային հանգանակութիւններ եւ կ՛ապահովէ՛ պետական ու բարեսիրական նպաստներ` յարաբերական, գումակային եւ այլ ծախսերու համար:
բ.- Հայկական հարցի հատուցման մարմին, որ կ՛ընդգրկէ՛ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը, «Զօրեան» հիմնարկը եւ Հայաստանի թանգարանի տնօրէնութիւնը: Այս մարմինը մնայուն շփման մէջ կ՛ըլլա՛յ Ուինիփեկի թանգարանի տնօրէնութեան, ակադեմական աշխարհին, ինչպէս նաեւ Վատիկանի ու Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան հետ:
գ.- Քարոզչական մարմիններ, որոնց գլխաւոր առաքելութիւնը պիտի ըլլայ 25 ապրիլ 2015-ին հայութեան զանգուածները հաւաքել Ուինիփեկի մէջ: Նոյն մարմինները, ընկերային ցանցերով հնարաւոր բոլո՛ր միջոցներով 100-ամեակի արձագանգը պէտք է հասցնեն Թուրքիա եւ Ազրպէյճան, ինչպէս նաեւ` աշխարհի բոլոր պետութիւններուն եւ քարոզչական հաստատութիւններուն:
Մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու հարիւրամեայ պահանջն է, որ յառաջիկայ երկու տարիներուն հաւաքակա՛ն ուժերով, համահայկակա՛ն տեսլականով, պատնէշի վրայ զգաստ վիճակով եւ պատմակա՛ն պատասխանատուութեամբ թափ տանք Հայկական հարցի հատուցման դարաշրջանին:
Թորոնթօ

