Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը. Մուսթաֆա Քեմալին Իթթիհատականութիւնը Եւ Անոր Դիրքորոշումը 1915-ին Հանդէպ
Մուսթաֆա Քեմալ 1920 թուականի ապրիլ 24-ին հետեւեալը ըսած էր. «Չեմ ուզեր խօսիլ Ա. Աշխարհամարտի սկզբնական փուլերուն մասին. արդէն Դաշնակից պետութեանց պատմածներն ալ անցեալին պատկանող ամօթալի արարքներ են, վատութիւն է»:
Տեւական նոյն նիւթերուն շուրջ անդրադառնալ ինծի բնաւ հաճոյք չի պատճառեր, սակայն անցեալ շաբթուան յօդուածիս առիթով ընթերցողներէս ստացած հարցումներուն եւ «Ռատիքալ»-էն Էօմեր Շահինին ապրիլ 27 թուակիր յօդուածը ստիպեցին որ գրեմ այս գրութիւնը:
Թէպէտ Իթթիհատ եւ թերաքքըի անդամ, սակայն Էնվեր փաշային հետ առաջնորդութեան պայքարին մէջ պարտուած Մուսթաֆա Քեմալ քշուած էր երկրորդական դիրքեր եւ, ուրեմն, ընդհանրապէս ընդունուած է այն կարծիքը, որ ան դեր չէ ունեցած 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան մէջ: Նախ յստակացնեմ «Իթթիհատ եւ թերաքքըի անդամակցութեան» մասը: Իթթիհատ եւ թերաքքըի, ինչպէս նաեւ «Ազգային պայքար»-ի ղեկավարներէն Ալի Ֆեթհի Օքեար հետեւեալ ձեւով կը պատմէ իր եւ Մուսթաֆա Քեմալին մուտքը Իթթիհատ կուսակցութիւն. «Կուսակցութեան անդամակցութիւնս եղած է միջնորդութեամբը Իսմայիլ Հաքքը պէյին, որ կը պաշտօնավարէր Մանասթըրի զօրաբաժինին մէջ. միեւնոյն ճամբով մուտք գործած են նաեւ Էնվեր եւ Ճեմալ պէյերը, ինչպէս նաեւ` Դամասկոսի պաշտօնավայրէն Սելանիկ փոխադրուած Մուսթաֆա Քեմալը: Իմ, Մուսթաֆա Քեմալին, Ճեմալին եւ կարգ մը այլ ընկերներուն սպայակոյտի բանալի դիրքերուն վրայ գտնուիլը մեծ դեր ունեցած է սպաներուն վրայ, որ անոնք դրական մօտեցում ունենան կուսակցութեան հանդէպ»:
Իթթիհատի 322 Թիւով Անդամը
Մէկ այլ իթթիհատական` Հաքքը Պահա Փարսի համաձայն, Մուսթաֆա Քեմալ 29 հոկտեմբեր 1907-ին Փարսի Սելանիկի տան մէջ երդում տալով` անդամակցած էր կուսակցութեան` կրելով 322 թիւը: «Ազգային պայքար»-ի եւ հանրապետութեան շրջանին Մուսթաֆա Քեմալին ամենամտերիմներէն համարուող Ֆալիհ Ռըֆքը Աթայի համաձայն, Մուսթաֆա Քեմալ Իթթիհատ կուսակցութեան 1909-ին կայացած համաժողովին մասնակցած էր իբրեւ պատգամաւոր Լիպիայէն: Ինք եւս իթթիհատական` Իսմեթ Ինէօնիւ պէյ (հանրապետութեան երկրորդ նախագահը, Գ. Կ.) կը պնդէ, որ Մուսթաֆա Քեմալն ու Ֆեթհի պէյը առանձին խմբակ մը կը կազմէին ազդեցիկ իթթիհատականներուն հետ: Ըստ Շեւքեթ Սիւրէյեա Այտեմիրի, Մուսթաֆա Քեմալ կուսակցութեան Սելանիկի պատասխանատուն էր. իսկ պատմաբան Եուսուֆ Հիքմեթ Պայուր, որ Մուսթաֆա Քեմալի նախագահութեան շրջանին իր քարտուղարը եղած էր, աւելի առաջ երթալով` կը պնդէր, որ ան Իթթիհատ կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի անդամ էր:
Արդարեւ, 1918-ի հոկտեմբերին, երբ բացայայտ դարձած էր, որ պատերազմը պիտի կորսնցնէին, Մուսթաֆա Քեմալ «Մինպեր» թերթին մէջ հետեւեալը գրած էր` առ ի պաշտպանութիւն կուսակցութեան, «Պատկանած Իթթիհատ եւ Թերաքքը կուսակցութեանս դէմ այնպիսի տգեղ եւ անարդար պայքար մը սկսած էր, որ անկարելի էր զանոնք անպատասխան ձգել եւ լռութեամբ դիմագրաւել»:
1919-ին, Բերափալասի մէջ, անգլիացի գաղտնի գործակալ հայր Ֆրուին հետ տեսակցութեան մը ընթացքին ըսած էր` «հիմնաւորութենէն սկսեալ եւ բաւական ժամանակ մը ես գտնուեցայ այս կուսակցութեան մէջ»: Իսկ 16 ապրիլ 1923 թուակիր «Հաքիմիէ Միլլիէ» թերթին մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցին մէջ ըսած էր` «ժամանակին մեզմէ շատեր այս կուսակցութեան հիմնադիրները եւ կամ անդամները եղած էին»:
Վէճ
Էնվերի եւ Մուսթաֆա Քեմալի միջեւ առկայ լարուած վիճակը լրիւ պատմելու համար մեր տեղը անբաւարար է, պիտի բաւարարուիմ ամփոփելով նախքան Ա. Աշխարհամարտի ժամանակաշրջանը:
Պալքանեան առաջին պատերազմի ժամանակ (1912) Ատրիանապոլիսը (Օսմանեան կայսրութիւն – Ա.) թշնամիներուն ձեռքը անցաւ, սակայն 21 յուլիս 1913-ին, երբ ան դարձեալ կ՛ազատագրուէր, շրջանի զօրավարներէն Մուսթաֆա Քեմալին կը հրամայուէր սպասել մինչեւ Էնվերի տասներորդ զօրաբանակին ժամանելը. սակայն անտեսելով հրամանը եւ շարունակելով յարձակումը նոյնիսկ գիշերով` իր զօրաբաժինին հեծեալներու գունդը կ՛ըլլար առաջինը, որ կը մտնէր Ատրիանապոլիս: Յաջորդող օրերուն, սակայն, Էնվեր Ատրիանապոլիս կը մտնէր իբրեւ «այդ քաղաքին իսկական ազատագրողը», նախ կը բարձրացուէր գնդապետի աստիճանի, ապա միայն 14 օր ետք անոր կը շնորհուէր զօրավարի աստիճան. մինչ Մուսթաֆա Քեմալ կը ղրկուէր Սոֆիա` զինուորական կցորդի կրաւորական պաշտօնով:
Այս դէպքին շուրջ Ֆալիհ Ռըֆքը հետեւեալը գրած էր. «Ի՞նչ կրնար ընել, եթէ չերթար. հարց էր եթէ մնար բանակին մէջ, այլ հարց էր. անկէ բաժնուելով նետուիլ քաղաքական ասպարէզ, որ պիտի ըլլար անվերջանալի արկածախնդրութիւն մը: Ո՛չ բանակին մէջ մնալով Էնվերին հետ համաձայնելու կամ պայքարելու կարելիութիւնը ունէր, ո՛չ ալ քաղաքագէտ դառնալով` իթթիհատականներու հետ համաձայնելու կամ ճակատելու»:
1915-ին` Չանաքքալէի Մէջ
Սոֆիա ժամանելէն հազիւ չորս ամիս անց` գնդապետի աստիճան կը շնորհուէր Մուսթաֆա Քեմալին, որ իր ժամանակը պիտի լեցնէր մանր մունր սիրային արկածախնդրութիւններով եւ համազգեստաւոր պարահանդէսներով, մինչ անդին, այլեւս զօրավար դարձած Էնվեր, 1914-ի յունուարին, պատերազմական նախարարութեան մէջ պաշտօնի պիտի կանչուէր, կարճ ժամանակ վերջ ալ պիտի ստանձնէր ընդհանուր հրամանատարի տեղակալի իրաւասութիւնները:
Չբաւարարուելով այսքանով` Էնվեր պիտի ամուսնանար Ապտիւլ Մեճիտի թոռան` Նաճիյէ Սուլթանին հետ, պալատ պիտի մտնէր իբրեւ արքունի փեսայ եւ թիկնապահ վեհապետին: Մուսթաֆա Քեմալ կը փափաքէր ամուսնանալ Վահտէտտինի աղջկան` Սապիհա Սուլթանին հետ, որուն «սիրտը կապուած» ըլլալով զարմիկին` Էօմէր Ֆարուք էֆենտիին հետ, կը մերժէր այս առաջարկը: Ըստ Ալի Ֆեթհի պէյի, Մուսթաֆա Քեմալ դէմ էր պատերազմի, սակայն երբ սկսաւ պատերազմը ամբողջութեամբ կեդրոնացաւ իր մասնակցութիւնը բերելու, եւ 1915 թուականի փետրուարէն դեկտեմբեր ամիսները անցուց Չանաքքալէի ճակատը: 1916-ի յունուարին նշանակուեցաւ Ատրիանապոլիս գտնուող 16-րդ զօրաբանակի հրամանատար, իսկ մարտին նոյն զօրաբանակին հետ տեղափոխուեցաւ Տիգրանակերտ. 1917-ի փետրուարէն յուլիս ամիսներուն պաշտօնավարեց Սուրիոյ մէջ:
Այս տարիներուն եւ այս շրջաններուն մէջ ապրողի մը համար անկարելի է, որ ականատես եղած չըլլար հայերուն պատահածէն: Գիտենք, որ զինուորական վարժարանի ուսանողութեան օրերէն սկսեալ Մուսթաֆա Քեմալ օրագրութիւն կը պահէր, սակայն մինչեւ այսօր հրատարակուած իր 12 տետրակներէն ո՛չ մէկուն մէջ ոչ մէկ արձանագրութիւն կայ հայերուն ենթարկուած ահաւոր պատահածներուն մասին: Մուսթաֆա Քեմալ առաջին անգամ այս նիւթին կապակցութեամբ արտայայտուած էր դեկտեմբեր 1917-ին, երբ գահաժառանգ Վահտէտտինի հետ ճամբորդած էր Գերմանիա եւ տեսնուած` Սթրազպուրկի կառավարիչ Նիքոլաուս ֆոն Տալվիցի հետ. «Գերման կառավարիչը ինծի ուզեց բացատրել, թէ հայերը բարի կամեցողութեամբ մարդիկ են, եւ թէ` թուրքեր գէշ վերաբերում ունեցած են հայերու հանդէպ. շատ զարմացայ: Շատ տարօրինակ էր, որ բարձր կառավարիչ մը, որուն հիւրն ու պատերազմական դաշնակիցն էինք, իր ամբողջ լրջութեամբ ինծի` ապագայի թուրք առաջնորդիս այսպիսի բան հարցնէր: Ըսի, որ նախ ձեզմէ կ՛ուզեմ գիտնալ հետեւեալը. դուք ինչո՞ւ հայերու ի նպաստ մտածումի մը մէջ էք. պատմութեան անյայտ մէկ ժամանակին ազգութիւն ունենալու պնդումով, այս ազգին գոյութիւնը փաստելով, աշխարհը խաբելով եւ Թուրքիոյ վնաս հասցնելով` վտանգի կ՛ենթարկէք ձեր պատերազմի դաշնակիցը, որ ձեզի ամէն տեսակի նիւթական եւ բարոյական նեցուկ եղած է. հասկցայ, որ մեր մասին տեղեկութիւն չունէր. զրոյցի տեւողութեան չկրցայ զսպել ինքզինքս եւ արհամարհական շեշտով մը շարունակեցի խօսակցութիւնը. տարօրինակ գտած էի Թուրքիոյ հողերուն վրայ հայերուն գոյատեւելու իր համոզումները, հակառակ որ այսքան զոհ տուած էինք…»:
Արեւմուտքին` Կապոյտ Ուլունք
Սեպտեմբեր 1919-ին ամերիկացի զօրավար Հարպորտ կ՛այցելէր Սեբաստիա գտնուող Մուսթաֆա Քեմալին եւ առաջին հարցումը կ՛ըլլար այն, թէ ի՞նչ կը մտածէր «հայկական կոտորածներուն» մասին: Քեմալ պատասխանած էր, որ հայերուն ենթարկուած կոտորածն ու տեղահանութիւնը գործն էր կառավարութիւնը ձեռք անցուցած ափ մը կուսակցականներու, եւ թէ` ինք կը մեղադրէր զանոնք: Դարձեալ նոյն թուականներուն, ամերիկեան «Ռատիօ» թերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին մէջ հաստատած էր. «Տարածուելու ո՛չ մէկ ծրագիր ունինք (…), կը վստահեցնենք, որ հայերուն հանդէպ նոր վայրագութիւն մը պիտի չըլլայ»: Պոլիս գտնուող կառավարութեան անունով պատերազմական նախարար, մերսինցի Ճեմալ փաշա Մուսթաֆա Քեմալին նամակ մը գրած էր, որուն մէջ դաշնակից տէրութիւններու ճնշումով կը պահանջուէր, որ ան վստահեցնէր, թէ «պատերազմի ընթացքին ամէն տեսակ ոճիր գործադրողներ անպատիժ պիտի չմնային», եւ ան խոստացած էր, որ պատերազմի յանցագործները պիտի պատժուէին, եւ` աւելցուցած, որ այս պատիժները թուղթի վրայ պիտի չմնային: Դաշնակից տէրութիւնները հանդարտեցնելու վերջին փորձը կատարուեցաւ 12-22 հոկտեմբեր 1919-ին, Ամասիոյ փրոթոգոլներու պատրաստութեան ժամանակ, որուն տակ ստորագրած էին Պոլսոյ (կառավարութեան) անունով ծովային նախարար Սալիհ փաշա, թագաւորին գլխաւոր թիկնապահ Նաճի փաշա, Մուսթաֆա Քեմալ, Ռաուֆ Օրպայ եւ Պեքիր Սամի Գունտուհ փաշաները: Հինգ փրոթոգոլներէն առաջինին եւ երրորդին մէջ համաձայնութիւն գոյացած էր, որ «հայերու կոտորածին» պատճառ դարձած եւ փնտռուող իթթիհատականներ պատժուին եւ արգիլուի անոնց ընտրութիւններու մասնակցութիւնը:
Եւ վերջապէս 24 ապրիլ 1920-ին, Ազգային մեծ ժողովին (խորհրդարան) մէջ երեսփոխաններուն ուղղած իր խօսքին մէջ ի միջի այլոց ըսած էր. «Չեմ ուզեր խօսիլ Ա. Աշխարհամարտի սկզբնական փուլերուն մասին. արդէն դաշնակից պետութեանց պատմածներն ալ բնականաբար անցեալի պատկանող ամօթալի արարքներ են. վատութիւն է»: Սակայն այս բոլորին ռազմավարական նպատակներ հետապնդելը ի յայտ եկաւ կարճ ժամանակի մէջ: Ազգային մեծ ժողովը 8 մայիս 1920-ին տուած որոշումով մը ազատ կ՛արձակէր բոլոր այն մեղադրեալները, որոնք «ձերբակալուած էին տեղահանութեան յանցանքով»: Օգոստոս 16-ին լուծեց «տեղահանութեան եւ այլ» նիւթերու յատուկ Պոլսոյ կառավարութեան կողմէ կազմուած «իտարէ-ի էօրֆիէ տիւանը հարպի»-ն (զինուորական ատեան):
21 փետրուար 1921-ին «Փապլիք Լէճըր» Ֆիլատելֆիոյ թերթին տուած գրաւոր պատասխանին մէջ Մուսթաֆա Քեմալին խօսքերը այնքան յստակ էին, որ մեկնաբանելու կարիք չկար. «Ինչպէս որ աշխարհի հանրային կարծիքը անտարբեր մնաց խաղաղութեան շրջանին եւ ռազմաճակատէն հեռու գտնուող Իրլանտայի հանդէպ Անգլիոյ վերաբերումին, մեզի դէմ արդարացի մեղադրանք չի կրնար ունենալ հայերը տեղահանելու որոշում տալու համար. հակառակ մեր դէմ եղած զրպարտութիւններուն` տեղահանուածները ողջ են, եւ անոնց մեծամասնութիւնը իրենց տուները վերադարձած կ՛ըլլային, եթէ Դաշնակից պետութիւնները մեզի չստիպէին դարձեալ պատերազմելու»:
Ուշադրութիւն պէտք է դարձնել, որ այլեւս դադրած էին գործածուիլ «կոտորած», «կոտորածին մասնակիցները պատժել» կամ «ահարկու դէպքեր» եզրերը. բացայայտ էր այս արտայայտութեան նմանութիւնը իթթիհատականներու` Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին զարգացուցած «ինքնապաշտպանութեան» եւ այսօրուան «պաշտօնական արտայայտութեան» հետ:
Մարտ 1923-ին Մուսթաֆա Քեմալին ունեցած զրոյցը Ատանայի արհեստաւորներուն հետ ո՛չ մէկ կասկած կը ձգէր, թէ իթթիհատական մտայնութիւնը տակաւին կենդանի էր. «Մեր ընկերը իր յայտարարութեան մէջ ըսեր է, որ մեր Ատանան իրենց վարչութեան տակ առած տարբեր տարրեր – ասոնք, անոնք, հայեր գրաւեր են մեր արուեստի օճախները, եւ կարծես այս երկրին իսկական տէրերը ըլլալու յաւակնութիւնը ունեցեր են: Անկասկած որ անարդարութիւնն ու ամբարտաւանութիւնը ասկէ աւելին չեն կրնար ըլլալ: Հայեր ո՛չ մէկ իրաւունք ունին այս բարեբեր հողերուն վրայ. երկիրը ձե՛րն է` թուրքերուն. այս երկիրը պատմութեան ընթացքին թուրք եղած է, ուրեմն թուրք է եւ յաւիտեանս պիտի ապրի իբրեւ թուրք (…). երկիրը վերջապէս մնաց իր իսկական տէրերուն ձեռքը. հայեր կամ ուրիշներ հոս որեւէ իրաւունք չունին, այս բարեբեր հողերը հարազատ եւ իսկական թրքական երկիր է…»:
Յապաւումներով ներկայացուցած հակիրճ այս պատմութենէն կարելի է եզրակացնել, որ Մուսթաֆա Քեմալ հայերու նկատմամբ նպաստաւոր դիրքորոշում չունէր: Շա՛տ լաւ, բայց այդ պարագային ինչպէ՞ս բացատրել Խաթուն Սեպիլճեան անունով հայ որբ աղջնակի մը որդեգրումը իր կողմէ. եթէ այդ աղջիկը իր գոյութիւնը պահած ըլլար իր իսկական` Խաթուն Սեպիլճեան անունով, այդ պարագային այս հարցումին կրնայի պատասխանել իբրեւ «ծածուկ ներողութիւն հայցելու ջանք մը 1915-ի հանդէպ իր ունեցած դիրքորոշման համար», եւ սակայն այդ որբուկին Սապիհա Կէօքչենի վերափոխուիլը (եւ անկասկած, ամէնէն կարեւորը, 1923-1938-ի միջեւ քեմալականներուն կիրարկած քաղաքականութիւնը մասնաւորաբար հայ փոքրամասնութեան հանդէպ) արգելք կ՛ըլլան ինծի, որ այդ ուղղութեամբ նպաստաւոր մեկնաբանութիւններ ունենամ:
«Ռատիքալ»
12-5-13
Հայացուց
Գ. Կ.

