Թրքական Ուշացած «Գարո՞ւն», Թէ՞ «Նոր Աշխարհակարգ»-ի Վերադասաւորման Ընթացիկ Փորձ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Միջին Արեւելքի բռնկուն խմորումներու եւ աշխարհաքաղաքական եռեւեփումի խորապատկերը արագօրէն խտացնելու եկան Թուրքիան ներքնապէս ցնցող խռովութիւնները:

Պոլսոյ մէջ վերջին օրերուն ծաւալած բողոքի ցոյցերն ու ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ արձանագրուած բախումները յղի են անակնկալ զարգացումներով:

Տարածաշրջանային մեծապետական ուժի իր երբեմնի` «օսմանեան» շրջանի ազդեցութիւնն ու հեղինակութիւնը «վերականգնելու» թրքական պետութեան յաւակնութիւնները ահա, ի վերջոյ, բախեցան Թուրքիոյ Հանրապետութեան հասարակական շաղախը յատկանշող հակասութիւններու ականներուն եւ® պայթեցան:

Վարչապետ Էրտողանի քարոզած արեւմտեան եւ ազատ-շուկայական արեւելումով «չափաւորական իսլամիզմ»-ը, փաստօրէ՛ն, այլեւս ի զօրու չէ քողարկելու «նոր օսմանականութեան» դրօշին տակ թրքական պետութեան հետապնդած ռազմաքաղաքական բուն նպատակները եւ ծաւալապաշտական ախորժակները:

Ակնյայտ է, որ Սուրիոյ եւ ամբողջ Միջին Արեւելքի ուղղութեամբ Թուրքիոյ ձեռնարկած ընդհանուր յարձակողականը, իր ծաւալապաշտական մերկութեամբ, համապատասխան լրջութեամբ չընկալուեցաւ «նոր աշխարհակարգ»-ը առաջնորդող մեծապետական ուժերուն կողմէ: Անհրաժե՞շտ էր դէմ յանդիման կանգնիլ այս օրերուն թուրք հասարակութիւնը վարակած ընդվզումի եւ ըմբոստացման բուռն ալիքին, որպէսզի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպայի թէ Միջին Արեւելքի անոր զինակիցները, համախոհները եւ պարզապէս հետեւորդները… զգաստանային:

Կարեւորը ա՛յն է, որ Հիւսիսային Ափրիկէէն մինչեւ արաբական աշխարհի մեծ թէ փոքր երկիրները, կամ` նախկին խորհրդային գօտիի երկիրներէն մինչեւ Իրան ու Աֆղանիստան «գարուն» բերելու դրօշ պարզած «նոր աշխարհակարգ»-ի առաջնորդները, կամայ թէ ակամայ, ահա կանգնած են «Թրքական գարուն»-ին նկատմամբ իրենց դիրքորոշումը յստակացնելու հրամայականին առջեւ:

Դժուար է ստուգապէս եզրակացնել, որ թէեւ բացայայտ ուշացումով, բայց «գարուն»-ը ի վերջոյ սկսած է բացուելու Թուրքիոյ հասարակութեան համար: Չենք խօսիր «թուրք ժողովուրդ»-ին առջեւ յուսատու հորիզոն բացող «գարնան» մասին, որովհետեւ ինչպէս Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, նոյնպէս եւ «թուրք ժողովուրդ»-ը բիրտ ուժով ստեղծուած քաղաքական ամբողջութիւններ են, որքան ալ արժանացած ըլլան միջազգային իրաւական ճանաչումի:

Այդ առումով ալ անտեղի է փութկոտութիւնը բոլոր անոնց, որոնք համոզումով կը պնդեն, թէ «թրքական գարուն»-ը ի վերջոյ եկած է…

Անվիճելի է, անշուշտ, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան մականին տակ առնուած ազգային թէ դաւանական միաւորները դատապարտուած են ստոյգ կորուստի, եթէ «գարուն»-ը չբացուի Փոքր Ասիոյ տարածքին:

Թրքական վտանգը չտեսնելու կամ թերագնահատելու ընդհանուր պատրանք մը անկասկած գոյութիւն ունի. ինչպէս երէկ, նաեւ` այսօր: Սուրիան վերջին ներկայացուցիչն էր այն թերահաւատներուն, որոնք թրքական պետութեան հետ քաղաքակիրթ երկխօսութեան ճամբով կը յուսային հասնիլ արդարութեան, խաղաղութեան եւ համերաշխ կենակցութեան:

Նման պատրանքի կամայ թէ ակամայ անձնատուր եղած Սուրիոյ վարիչներու աչքին Թուրքիա ցոյց տուաւ իր ծաւալապաշտական եւ կայսերապետական էութիւնը, երբ «նոր աշխարհակարգ»-ի հաստատման համաշխարհային յորձանուտին մէջ նետուեցաւ` պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու եւ «օսմանեան» իր «հակակշիռ»-ը վերստին տարածելու միակ մտասեւեռումով:

Սուրիական պետութեան ոսկորին հասած է այսօր թրքական թունաւոր դաշոյնը, եւ եթէ ստոյգ կործանումէ խուսափելու յոյս մը կայ, փրկարար այդ գործօնը նոյնինքն թուրք հասարակութեան ծոցէն եւ ընկերային հողի վրայ թափ առնող ծառացումն է թրքական պետութեան մերօրեայ այլամերժութեան դէմ:

Բացառուած չէ, հարկաւ, որ թրքական «գարուն»-ի առաջին այս ազդանշանները եւս կը հետեւին մեծապետական «նոր աշխարհակարգ»-ը առաջնորդող ուժերուն կողմէ խրախուսուած ըլլալու օրինաչափութեան:

Նոյնիսկ այդ պարագային յուսադրիչ է, որ մեծապետական ուժի խոշորագոյն կեդրոնները իրենց հերթին կ՛անդրադառնան, որ թրքական պետութեան պարանով կարելի չէ հոր իջնել: Այդ հաշուարկով ալ Թուրքիոյ ներքին խռովութեանց գործօնը կը խրախուսեն, որպէսզի «կարգի մէջ» պահեն էրտողանները:

Ենթադրութեանց եւ հաւանական զարգացումներու հանելուկային ոլորապտոյտէն հեռու մնալով` Միջին Արեւելքի ներկայով ու ապագայով տագնապող այլ ժողովուրդներու եւ երկիրներու շարքին, յատկապէս Հայաստանն ու հայութիւնը ամէն պատճառ եւ իրաւունք ունին ոչ միայն ակնդէտ հետեւելու թրքական խռովութեանց հետագայ ընթացքին, այլեւ` նախաձեռնարկ ըլլալու թրքական պետութեան թոյլ կէտերուն վրայ ճնշելու քաղաքականութեան:

Երկու տարի է արդէն, որ ահազանգը կը հնչէ հայրենամերձ գօտիի հայօճախներուն սպառնացող այն վտանգին դէմ, որուն աղբիւրը Սուրիոյ ուղղութեամբ թրքական յարձակողականն է:

Հայաստանի ու հայութեան համար, անշո՛ւշտ, Սուրիոյ հայութեան օգնութեան հասնելու զօրաշարժը համազգային առաջնահերթ նշանակութիւն ունի: Նոյնքան ռազմավարական առաջնահերթութիւն կը ներկայացնէ, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան կռուանով, Միջին Արեւելքը հայաթափ ընելու թրքական նենգ քաղաքականութիւնը մերկացնելու եւ ըստ արժանւոյն դիմագրաւելու քաղաքական զօրաշարժը:

Մինչդեռ, այս տողերը գրուած պահուն, Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութիւնը, պաշտօնական լուսարձակները բացած, համայն հայութեան կը ցուցադրէ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին յատուկ նիստը, որուն նախաձեռնելով` Հայաստանի նախագահը կ՛ուզէ մեր ժողովուրդին զգուշացնել, թէ Ազրպէյճան իր քարիւղէն շահած միլիառաւոր տոլարները Պաքուի բռնապետին ինքնաքարոզչութեան ծառայող նպատակներու համար կը գործածէ եղեր… Ազրպէյճանը ածանցեալ վտանգ է սակայն:

Բուն վտանգը` Հայաստանի եւ հայութեան ազգային անվտանգութեան սպառնացող թիւ 1 սպառնալիքը կու գայ թրքական պետութենէն, որ աղբիւրն իսկ է ազրպէյճանական եւ ոչ միայն ազրպէյճանական, այլեւ համաթրքական ախորժակներու հետեւանք ամէն չարիքի:

Թրքական «գարուն»-ին դէմ յանդիման, ուշացած ըլլայ անիկա թէ սոսկ «նոր աշխարհակարգ»-ի վերադասաւորման ծառայէ, հայ քաղաքական միտքը չի կրնար, իրաւունք չունի շրջանցելու առաջնահերթ օրակարգը թրքական պետութեան մարմնաւորած վտանգի դիմագրաւման:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES