Սամի Ժեմայէլ. «Սէյիտ Նասրալլա Լիբանանը Վերածեց Կռուադաշտի»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ Սայֆիի մէջ կուսակցութեան հերթական նիստին նախագահելէ ետք կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Հըզպալլայի կողմէ Սուրիոյ պատերազմին մասնակցութիւնը:

Ան դատապարտեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլայի այդ որոշումը` ըսելով. «Լիբանանը հայրենիք եւ ժողովրդավարական ու ազատ երկիր ըլլալու փոխարէն, սէյիտ Նասրալլա զայն վերածած է պատերազմի ատակ երկրի մը եւ Սուրիոյ տագնապին իր մասնակցութեամբ ամբողջ դէպքերը Լիբանան պիտի փոխադրէ»:

Սամի Ժեմայէլ հարց տուաւ, թէ ի՞նչ իրաւունքով սէյիտ Նասրալլա բոլոր լիբանանցիներուն ճակատագիրը իր կամքին կ՛ենթարկէ, «բայց ես վստահ եմ, որ այդ որոշումը տուողը ինքը չէ», եզրափակեց ան:

Share this Article
CATEGORIES