Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԻՏԱԼԻՈՅ պաշտպանութեան նախարար Մարիօ Մաուրօ այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի ժամանէ Պէյրութ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական պաշտօնատարներու եւ հոգեւոր հեղինակութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ պիտի այցելէ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իտալական զօրամասին դիրքերը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ իրենք վարժ են  հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի որդեգրած գերիշխանական եւ ազգային կեցուածքներուն:

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ արտաքին գործոց նախարարը յետաձգեց Լիբանան կատարելիք իր պաշտօնական այցելութիւնը` Յունաստանի դիմագրաւած ներկայ կացութեան պատճառով:

ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Լահհամ պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն տառապանքը կը գերազանցէ ամէն տեսակի բացատրութիւն` աւելցնելով, որ Լիբանան այս իմաստով շատ ծանր բեռ մը շալկած է:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Մոհամետ Հութ երէկ շեշտեց, որ Հըզպալլա պատասխանատու է Լիբանանի մէջ տիրող լարուածութեան, որ կ՛ուղղուի դէպի համայնքային սադրանքներ եւ գրգռութիւններու հրահրում:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի շեշտեց, որ լիբանանցիները կը փափաքին ունենալ կառավարութիւն մը, որուն կը նախագահէ վարչապետ Թամմամ Սալամ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ատնան  Քասսար կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն համախմբուելու հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի շուրջ` վերահաստատելու Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ չէզոք կեցուածքը եւ ամէնէն արագ միջոցին կազմելու կառավարութիւն մը:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կը սխալի եւ  Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն կ՛ընդդիմանայ` մաս կազմելով ամերիկեան ուղեգիծին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ եթէ Սահմանադրական խորհուրդը այսօր եւս ձախողի իր նիստին կայացման մէջ, ապա անհրաժեշտ կը նկատենք այդ խորհուրդին մահը գուժելու քայլը:

ՔԱԹԱՐԵԱՆ «Շարք» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա ռազմավարական սխալ մը գործած է` մասնակցելով ճակատամարտի մը, որուն վերջը պարտութիւնն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ պէտք է կազմէ ազգային փրկութեան չէզոք կառավարութիւն մը, առանց Հըզպալլայի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ իրենք անիրաւուած զգացած են մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին յայտարարութիւններէն. ան աւելցուց, որ քաղաքացիական անհնազանդութիւնը իրենց իրաւունքն է:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կարգ մը պատասխանատուներ կոչ ուղղած են Պեքաայի մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ կարելի չէ, որ սուրիացի գաղթականներուն Լիբանան հոսքը նոյն թափով շարունակուի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ կայ քաղաքական երրորդ կողմ մը, որ կը փափաքի երկրին ապահովական կացութիւնը վտանգի ենթարկել, իսկ ապահովական կառոյցներէն ու պետութենէն պահանջուածը յանցագործները պատասխանատուութեան կանչելն է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հանի Քպայսի զգուշացուց Լիբանանի եւ Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան հարուածէ մը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ քաղաքական որոշ ուժեր կը ջանան երկրին մէջ սադրանքներ նախապատրաստել` ամէն անգամ Արսալը թիրախ դարձնելով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը դիտմամբ կը խախտուի որոշ ուժերու կողմէ, որպէսզի երկրին մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններ չկատարուին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ Սուրիոյ պատերազմը Լիբանան մուտք գործած է` Սուրիոյ պատերազմին միջամուխ դարձած ուժերուն միջոցով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ իրենք խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը ընդունած են Լիբանանին եւ անոր ժողովրդավարական վարչակարգին փրկութեան համար:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը այսօր առաւօտեան ժամը 7:30-ին պիտի մեկնի Իտալիա:

Share this Article
CATEGORIES