«Իրան «Ժընեւ-2»-ին Մասնակցելու Հրաւէր Ստացաւ» Կ՛ըսէ Սալեհի
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի երէկ յայտարարեց, որ «Թեհրան «Ժընեւ-2»-ին մասնակցելու բերանացի հրաւէր ստացաւ»: Ան նշեց, որ «մեզ տեղեակ պահեցին, որ Ամերիկա «Ժընեւ-2»-ին Իրանի մասնակցութեան չ՛ընդդիմանար, սակայն գոյութիւն ունին երկիրներ, որոնք այդ մէկը արգելակելու համար ճնշում կը բանեցնեն»:
Իրանի դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ «առանց Իրանի մասնակցութեան շրջանին մէջ որեւէ լուծում պիտի չյաջողի»:
Իրանի նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման պատասխանատուն սուրիացի ժողովուրդն է: Ան մերժեց Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութիւնը, քաղաքացիական պատերազմն ու արտաքին միջամտութիւնը:
Ռուհանի աշխարհի երկիրներուն կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ կայունութեան եւ ապահովութեան վերականգնման օժանդակելու` ընդգծելով, որ սուրիական ներկայ կառավարութիւնը օրինական է եւ պէտք է մինչեւ 2014-ի ընտրութիւնները իշխանութեան վրայ մնայ:
Սուրիական Ընդդիմութիւնը
Զինելու Հարց
Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մքտատ, սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին մեկնաբանելով «Ժընեւ-2»-էն առաջ գետնի վրայ ուժերու հաւասարակշռութիւնը ի նպաստ սուրիական ընդդիմութեան շրջելու Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն յայտարարութիւնները, ըսաւ, որ «ասիկա Սուրիոյ մէջ կռիւը եւ արիւնահեղութիւնը շարունակել ուզողներուն սկզբունք է»` նշելով, որ «այդ երկիրները կը կանգնին Սուրիոյ իրադարձութեանց ետին»: Ան նշեց, որ Դամասկոս պիտի ջանայ «Ժընեւ-2»-ը յաջողցնել: Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Ութերու խմբակի վեհաժողովին մասնակցելու համար Հիւսիսային Իրլանտա մեկնելէ առաջ գերմանական «Առ.Թի. Էլ.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ կը մերժէ սուրիական ընդդիմութեան զէնքի մատակարարումը, եւ գլխաւոր նպատակը պէտք է քաղաքական լուծումի հասնիլը ըլլայ: Ան նշեց, որ Գերմանիա, ի տարբերութիւն Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ, զէնքի մատակարարումը կտրուկ կերպով մերժելով սուրիական հարցէն մեկուսացուած չէ:
«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Ճոն Պըրտ «Սի.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ իր երկիրը կ՛աջակցի սուրիացի ընդդիմադիրները զինելու` Միացեալ Նահանգներու որոշումին: Լրատուամիջոցը կը նշէ, որ Օթաուա տակաւին մէկ ամիս առաջ դէմ էր ընդդիմութիւնը զինելու գաղափարին` ընդգծելով, որ ընդդիմադիրներուն շարքին մէջ մեծ թիւ կը կազմեն արմատական ծայրայեղականները:
Համաս Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղէ
Իր Ուժերը Սուրիայէն Հեռացնելու
Համաս շարժումը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Հըզպալլային կոչ ուղղեց` իր ուժերը Սուրիայէն հեռացնելու եւ զէնքին ուղղութիւնը դէպի Իսրայէլ պահելու` նշելով, որ անոր միջամտութիւնը նպաստած է շրջանին մէջ յարանուանական լարուածութեան մագլցման:
«Պաղեստինեան դատը արաբ եւ իսլամ ժողովուրդներուն կեդրոնական դատն է եւ սիոնական բռնագրաւումին դիմադրելը` անոնց հիմնական առաքելութիւնը: Պէտք է դիմադրութեան կողմնորոշումը եւ ուղղութիւնը պահպանել, ինչ ալ ըլլան կացութիւններն ու պայմանները», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ռուսիա Սուրիոյ Վերեւ Թռիչքներու
Արգիլեալ Գօտիի Հաստատում Պիտի Չարտօնէ
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտարարեց, որ Սուրիոյ «Էս-300» համակարգերու մատակարարման համաձայնագիրը նախապէս ստորագրուած է` նշելով, որ այդ համաձայնագիրը մինչեւ այս պահը չէ գործադրուած:
Լուքաշեւիչ յայտնեց, որ Ռուսիա սուրիական կառավարութեան զէնք մատակարարելով միջազգային օրէնքները չի խախտեր` շեշտելով, որ իր երկիրը Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի հաստատում պիտի չարտօնէ:
Միւս կողմէ, Արաբական ծոցէն աղբիւրներ «Ռոյթրըզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Սէուտական Արաբիա սկսած է սուրիական ընդդիմութեան հակաօդային հրթիռներ յանձնել:

