«Անհրաժեշտութեան Պարագային Բանակը Պիտի Միջամտէ` Ցոյցերուն Վերջ Տալու Համար» Կ՛ըսէ Արընչ

Պիւլենթ Արընչ

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ երէկ յայտարարեց, որ եթէ ցոյցերուն վերջ տալու համար ոստիկանութեան ջանքերը բաւարար չըլլան, թրքական բանակը այդ պարտականութիւնը պիտի ստանձնէ: «Մեզմէ պահանջուածը ապօրինի ցոյցերը կասեցնելն է: Այստեղ է ոստիկանութիւնը, եթէ բաւարար չէ կիսազինուորական ոստիկանութիւնը եթէ բաւարար չեն Թուրքիոյ զինեալ ուժերը: Այս իշխանութիւնները օրէնքի մէջ ներառուած են», ըսաւ ան` պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին:

«Ցոյցերը Կեզիի հարցով ցոյցէ մը դուրս եկած են: Անոնք օրինական ըլլալէ դադրած են: Ասոնք կրնան փողոցներու եւ շրջաններու մէջ շարունակուիլ: Այդ պարագային անմիջապէս պիտի ճնշուին, եւ պատասխանատուներուն դէմ դատական հայց պիտի ներկայացուի: Կը կարծեմ, որ 20 օր առաջ սկսած անմեղ ցոյցերը ամբողջովին վերջ գտած են», ըսաւ Արընչ:

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Մուամմար Կիւլեր յայտնեց, որ աշխատաւորական համադաշնակցութեանց ցոյցերուն մասնակիցները այդ արարքին հետեւանքները պիտի կրեն: «Պետական պաշտօնեաներէն կը պահանջեմ ապօրինի արարքներու չմասնակցիլ, այլապէս հետեւանքները պիտի կրէք»:

Կիւլեր յայտնեց, որ ցոյց կատարելու որոշումը ապօրինի է եւ ոչ ոք այսպիսի ցոյցերու ճամբով առօրեայ կեանքը խանգարելու իրաւունք ունի` աւելցնելով, որ «բիրտ արարքներ շարունակելու պնդումը հասկնալը դժուար է հասկնալ»: Ան կոչ ուղղեց մասնաւորաբար Անգարայի եւ Պոլսոյ մէջ ցոյցերուն վերջ տալու:

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը նաեւ յայտնեց, որ շարունակուող ցոյցերուն վերջ տալու համար թրքական բանակին օժանդակութիւնը չէ խնդրած:

Կիւլեր ըսաւ, որ իր ղեկավարած նախարարութիւնը արդարադատութեան նախարարութեան հետ աշխատանք կը տանի օրէնքի մը վրայ, որ իշխանութիւններուն պիտի արտօնէ հետաքննել եւ դատական հայց ներկայացնել այն անձերուն նկատմամբ, որոնք համացանցին վրայ սխալ կամ գրգռիչ լուրեր կը զետեղեն` աւելցնելով, որ վերջերս ընկերային ցանցերուն վրայ զետեղուած են մեծաթիւ գրգռիչ սխալ տեղեկութիւններ, զորս հետագային ի յայտ եկած է, որ սխալ են:

Պոլսոյ փաստաբաններու միութիւնը երէկ հաղորդեց, որ կիրակի օր Պոլսոյ  բախումներուն ընթացքին 441 անձեր ձերբակալուած են: Անգարայի փաստաբաններու միութենէն պաշտօնատար մը յայտնեց, որ կիրակի օր Թուրքիոյ մայրաքաղաքին մէջ 56 անձեր ձերբակալուած են:

Շիշլիի Հայկական Գերեզմանատուն

«Allturkey.am» թրքագիտական կայքէջը հաղորդեց, որ կիրակի օր Պոլսոյ մէջ նոր թափով վերսկսած հակակառավարական ցոյցերուն ժամանակ թրքական ոստիկանական ուժերը ներխուժած են Պոլսոյ Շիշլի թաղամասի հայկական գերեզմանատուն, այդտեղ դիրքաւորուած, հայկական շիրմաքարերը կոտրած են եւ անոնց բեկորները նետած ցուցարարներուն վրայ:

Աղբիւրը յղում կատարելով «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրառումներուն կը հաղորդէ, որ ոստիկանները հայկական գերեզմանատան տարածքը իբրեւ յենակէտ օգտագործած են, որպէսզի այդտեղէն արցունքաբեր կազ արձակեն մօտակայքը հաւաքուած ցուցարարներուն դէմ:

Հարցախոյզի Մը Արդիւնքները

«ՄեթրոՓՈԼԼ» ռազմավարական եւ ընկերային հետազօտութեան կեդրոնի կատարած մէկ հարցախոյզը ցոյց կու տայ, թէ ըստ հարցախոյզին մասնակիցներուն 49.9 առ հարիւրին, թրքական կառավարութիւնը դէպի մենատիրական եւ բռնաճնշումի կառավարման ոճ կ՛ուղղուի, իսկ 36 առ հարիւրը տակաւին կը հաւատայ, թէ կառավարութիւնը կը շարունակէ դէպի յաւելեալ ժողովրդավարացում ուղղուիլ: Մասնակիցներուն 54.4 առ հարիւրին կարծիքով, կառավարութիւնը իրենց ապրելակերպին կը միջամտէ:

Հարցախոյզը ի յայտ բերաւ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ժողովրդականութիւնը յունիս ամսուան ընթացքին շուրջ 11 կէտով նուազած է` բաղդատմամբ մէկ տարի առաջ նոյն ամսուան ցուցանիշին, իսկ Էրտողանի ժողովրդականութիւնը մէկ ամսուան ընթացքին 7 առ հարիւրի անկում մը կրած է: Հարցախոյզի մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը Էրտողանը կարծր եւ կռուազան կը նկատէ. 54.2 առ հարիւրը Սուրիոյ նկատմամբ կառավարութեան քաղաքականութեան դէմ է, իսկ 45.7 առ հարիւրը Ռէյհանիէի մէջ անցեալ ամիս տեղի ունեցած ականահարումները կը վերագրէ կառավարութեան անփութութեան:

Ինչ կը վերաբերի նախագահական համակարգի մը հաւանական փոխանցման, հարցախոյզի մասնակիցներուն 43 առ հարիւրը կը մերժէ այդ հաւանականութիւնը, իսկ 30.9 առ հարիւրը կը զօրակցի այդ գաղափարին: «ՄեթրոՓՈԼԼ»-ի ապրիլին կատարած հարցախոյզին մէջ նախագահական համակարգին զօրակցողներուն համեմատութիւնը 35.2 առ հարիւր էր:

Հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ եթէ խորհրդարանական ընտրութիւնները այս կիրակի տեղի ունենան, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը պիտի ստանայ քուէներուն 35.3 առ հարիւրը, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը` 22.7 առ հարիւրը, Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը, 14.5 առ հարիւրը, իսկ քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը` 6.2 առ հարիւրը:

Share this Article
CATEGORIES