Ըստ «Ժարիտա»-ի. Մուրսի Սուրիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Խզելու Որոշումը Իր Խօսքը Արտասանելու Ընթացքին Տուած Է
Զինուորական մասնագէտներ եւ եգիպտական քաղաքական շարք մը ուժեր քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի մագլցողական քայլը առնուած է ներեգիպտական ժողովրդային զայրոյթի եւ ամերիկեան վարչակազմին հաւանութիւնը ապահովելու փորձի լոյսին տակ:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ահմետ Պըն Հըլլի ողջունեց Սուրիոյ շուրջ արաբական սեղմ վեհաժողով մը գումարելու Եգիպտոսի նախագահին առաջարկը, սակայն նշեց, որ լիկան տակաւին եգիպտական կողմէն այդ ուղղութեամբ պաշտօնական դիմում մը չէ ստացած:
Ըստ «Ժարիտա»-ի հասած տեղեկութեանց, Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները խզելու որոշումը Եգիպտոսի նախագահին ճառին մէջ չէր նշուած եւ ան այդ որոշումը տուած է հանդիսատեսներուն ջերմ հակազդեցութեան տակ, երբ Հըզպալլայի անդրադարձաւ, եւ այդ կէտը իր խօսքին բնագիրին մէջ չկար: Աղբիւրներ օրաթերթին նաեւ յայտնած են, որ Եգիպտոսի նախագահը «Իրան» բառը չարտասանեց, հակառակ անոր որ պաշտօնական ճառին մէջ կար:
Միւս կողմէ, եգիպտական բարձրաստիճան զինուորական աղբիւր մը հակադարձելով Մուրսիի յայտարարութեանց «Ժարիտա»-ին յայտնած է, որ «եգիպտական բանակը եղբայրական պետութեան մը դէմ որեւէ արտաքին պատերազմի մէջ պիտի չօգտագործուի, եւ եգիպտական բանակին ուժն ու կարողականութիւնը թշնամիներուն դէմ ուղղուած է, իսկ յարանուանական տարակարծութիւնները եգիպտական բանակի առաքելութեան ծիրին մէջ չեն»:


