Արամ Ա. Կաթողիկոս Պարգեւատրեց Ազգային Բարերար Տէր Եւ Տիկին Հրայր Սողոմոնեանը

Ուրբաթ, 14 յունիս 2013-ի երեկոյեան, Ազգային ընդհանուր ժողովի աւարտին, Տըպպայէի «Լը Ռոյալ» պանդոկին մէջ տրուած պաշտօնական ճաշկերոյթին ընթացքին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը «Կիլիկեան իշխան»-ի շքանշանով պարգեւատրեց ազգային բարերար տէր եւ տիկին Հրայր Սողոմոնեանը:

Յայտնենք, որ տէր եւ տիկին Հրայր եւ Մակի Սողոմոնեան շուրջ մէկ տարի առաջ ստանձնած էին Պիքֆայայի վանքի շրջափակին մէջ կառուցուող միաբանական շէնքին բարերարութիւնը` տրամադրելով մէկուկէս միլիոն ամերիկեան տոլար:

Արամ Ա. կաթողիկոս բարձր գնահատելով Հրայր Սողոմոնեանը ըսաւ. «Հրայրը չենք գնահատեր միայն իր նիւթական նուիրատուութեան համար, այլեւ նախ եւ առաջ իր երկար տարիներու նուիրեալ ծառայութեան համար: Արդարեւ, Հրայր Սողոմոնեան անձնուէր ծառայութեան տիպար է. եւ անոր փաստը տուած է անցնող աւելի քան երեսուն տարիներուն, յատկապէս Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ»: Վեհափառ հայրապետը դրուատիքով խօսեցաւ նաեւ Մակի Սողոմոնեանի մասին, որ «միշտ քաջալերող եղած է Հրայրին ազգային-եկեղեցական ծառայութեան ու կատարած նուիրատուութիւններուն»: Եզրափակելով իր խօսքը` վեհափառը ըսաւ. «Ոեւէ մէկ անձի արժէքը իր ունեցածին մէջ չէ, այլ` տուածին: Ո՛չ թէ իր ունեցածով, այլ` իր տուածով անձը կը դառնայ յարգելի ու սիրելի բոլորին. իր տուածով անձը կը բարձրանայ, կը մեծնայ ու կը մնայ ժողովուրդի սիրտին մէջ»:

Ապա Քուէյթի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեան կարդաց վեհափառ հայրապետին կոնդակը: Խօսք առնելով Հրայր Սողոմոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին` խոստանալով, որ ինք պիտի շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համազգային առաքելութեան, որ առաւել ծաղկումի ու ծաւալումի ընթացքին մէջ է:

Ճաշկերոյթին ներկայ էին ազգային ընդհանուր ժողովի պատգամաւորները, թեմակալ առաջնորդներ, միաբաններ եւ Լիբանանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

 

Share this Article
CATEGORIES