Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Իրանի Նորընտիր Նախագահը

Մեծայարգ
Դոկտ. Հասան Ռուհանի
Ընտրեալ Նախագահ
Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան
Թեհրան

Ուրախութեամբ կ՛ողջունենք Ձեր ընտրութիւնը`  իբրեւ նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան:

Արդարեւ, քաջածանօթ ենք Իրանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Վստահաբար, պետական կառոյցներուն մէջ Ձեր կուտակած երկար տարիներու հարուստ փորձառութեամբ, ինչպէս նաեւ Ձեր բարեկարգչական ծրագիրներով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան առջեւ պիտի բանաք դէպի առաւել բարգաւաճում ու յառաջդիմութիւն առաջնորդող նոր ճամբաներ ու հորիզոններ:

Ինչպէս գիտէք, հայ համայնքը Իրանի մէջ երկար դարերու պատմութիւն ունի: Ան անբաժան մասն է իրանեան հայրենիքին` պահելով հանդերձ իր առանձին ինքնութիւնը եւ կրօնական ու համայնքային կառոյցները: Մենք լաւատեղեակ ենք հայ համայնքին հանդէպ Ձեր ունեցած դրական ու բարեացակամ վերաբերմունքին: Վստահ ենք, որ մեր համայնքը վերանորոգ նուիրումով Ձեր առաջնորդութեամբ պիտի շարունակէ իր ամբողջական ու գործօն մասնակցութիւնը բերել Իրանի ծաղկման աշխատանքներուն:

Կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ Ձեզի շնորհէ առաւել իմաստութիւն, առողջութիւն ու կորով` Իրանի ազնիւ ժողովուրդին կողմէ Ձեզի վստահուած առաքելութեան մէջ:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Share this Article
CATEGORIES