Յոբելենական Ճաշկերոյթ «Արծիւ» Շաբաթաթերթի 20-ամեակի Եւ «Գառնի» Ուսանողական Մատենաշարի 25-ամեակին Առիթով
Շաբաթ, 15 յունիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական ճաշկերոյթ «Արծիւ» շաբաթաթերթի 20-ամեակին եւ «ԳԱՌՆԻ» մատենաշարի 25-ամեակին առիթով` հովանաւորութեամբ «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամի եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Գրիգոր Արսլանեանի:
Երեկոյթին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեան, Նոր Ջուղայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան, դպրեվանքի տեսուչ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան, պետական նախարարի պաշտօնակատար Փանոս Մանճեան, Հայաստանի դեսպանատան ընդհանուր քարտուղար Վարդան Ադամեան, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներ, Ազգային ընդհանուր ժողովի պատգամաւորներ, հայկական մամուլի եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր եւ աւելի քան 160 «Արծիւ»-ի եւ «Գառնի»-ի աշխատակիցներ եւ բարեկամներ:
Գեղամ արք. Խաչերեան կատարեց սեղանի օրհնութիւնը, ապա Խաժակ արք. Յակոբեան կարդաց Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեան գիրը, ուր վեհափառ հայրապետը բարձրօրէն կը գնահատէր «Արծիւ»-ի եւ «Գառնի»-ի վաստակը` ի խնդիր հայ մշակոյթի գոյատեւման եւ հայ մարդու կազմաւորման:
Կարկանդակի հատումը կատարեցին Գեղամ սրբազան, Վարուժան սրբազան, Երուանդ Փամպուքեան եւ Յակոբ Չիլինկիրեան:
Լեւոն Արտազեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց «Արծիւ» շաբաթաթերթը եւ «Գառնի» մատենաշարը: Ապա տեսերիզով ներկայացուեցաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը: Անմիջապէս ետք Վարդան Ադամեան բեմ բարձրանալով ներկաներուն փոխանցեց նախարար Հրանուշ Յակոբեանի գնահատանքները եւ Վարուժան սրբազանը պարգեւատրեց սփիւռքի նախարարութեան ոսկի մետալով: Նոյն առիթով Ադամեան սփիւռքի նախարարին յատուկ պատուոյ գիրը յանձնեց Նուէր Շիրանեանի: Բեմին վրայ Վարուժան արքեպիսկոպոս անմիջապէս իր ողջոյնները փոխանցեց` շնորհակալութիւն յայտնելով սփիւռքի նախարարին:
Սիմոն Կոստանդինեան նուագով, Նժդեհ Պոտրումեան մեներգներով եւ Իրմա Տէտէեան ասմունքով ծաղկեցուցին երեկոն:
Երեկոյին առաջին խօսքը արտասանեց Գեղամ արք. Խաչերեան, որ անդրադարձաւ «Արծիւ»-ի եւ «Գառնի»-ի իւրայատուկ նկարագիրին եւ յաջողութիւն մաղթեց Վարուժան արք. Հերկելեանին եւ անոր ընկերակցող աշխատակիցներուն: Ապա խօսք առաւ օրուան նախագահ Գրիգոր Արսլանեան, որ շնորհաւորեց սրբազան հայրը եւ նորանոր նուաճումներ մաղթեց «Արծիւ»-ին եւ «Գառնի»-ին: Ժիրայր Դանիէլեան նոյնպէս մեծապէս գնահատեց տարուած աշխատանքը: Երեկոյի ընթացքին եղան նուիրատուութիւններ: Օրուան բախտաւորը ճշդող վիճակահանութենէն ետք, Վարուժան սրբազան փակման խօսքին մէջ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց իր ուսուցիչներուն` Եդուարդ Տասնապետեանին, Գէորգ Գանտահարեանին, Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, Բիւզանդ Եղիայեանին, Խորէն Գաբիկեանին եւ բոլորին: Իր յիշատակի օրհնութեան խօսքը ուղղեց իր գործընկերներուն` Զարեհ արքեպիսկոպոսին, Ալեք Մնակեանին, Վազգէն Էթեէմեզեանին եւ բոլորին, որոնք առիթ ընծայեցին իրեն ըլլալու խմբագիր եւ ուսուցիչ եւ հոգեւոր սպասաւոր: Սրբազանը մեծապէս գնահատեց բոլոր այն ազգայինները, որոնք աշխատակցեցան իրեն եւ նիւթապէս սատար հանդիսացան այս երկու ձեռնարկներու յաջողութեան եւ յարատեւութեան: Սրբազան հայրը կոչ ուղղեց անձնական կեանքին մէջ ըլլալու ժուժկալ եւ հաւաքական կեանքին մէջ առատաձեռն: Իր խօսքի աւարտին սրբազան հայրը յատուկ գնահատանք յայտնեց «Արծիւ»-ի եւ «Գառնի»-ի ներկայ եւ բացակայ բոլոր բարեկամներուն, յատկապէս ներկաներուն, որոնց շնորհիւ է, որ մեր մշակոյթը , մեր լեզուն, մեր գրականութիւնը եւ մեր բարքերը կը մնան կենդանի եւ առողջ, հակառակ այն վտանգներուն, որոնք կը սպառնան այս բոլորին:

