«ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ ՅՍՏԱԿ Է» ՆՇԵՑ ԴԵՍՊԱՆ ՓԻԵԹՈՆ

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն «Նահար» օրաթերթին հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Եգիպտոսի եւ Արեւելքի հարցերու բաժանմունքի փոխտնօրէն Ալեքսի լը Քուր Կրան Մեզոնի Լիբանան այցելութեան նպատակն էր Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ խորհրդաժողով մը կազմակերպել:

Փիեթոն աւելցուց, որ այս առումով ֆրանսացի պաշտօնատարը հանդիպումներ ունեցած է լիբանանցի պատասխանատուներու հետ: «Անոնց շարքին էին Մուսթաքպալ հոսանքի, Ազգային ազատ հոսանքի, այլ կուսակցութիւններու, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի պատասխանատուները», ըսաւ ֆրանսացի դեսպանը:

Փիեթոն ընդգծեց, որ Լիբանանի նկատմամբ Ֆրանսայի կեցուածքը յստակ է եւ Ֆրանսա լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ իր խորհրդակցութիւնները կը պահէ: Ան աւելցուց, որ Լիբանան այցելող ֆրանսացի ոեւէ պաշտօնատար կը հետեւի այդ սկզբունքին:

 

Share this Article
CATEGORIES