ՔԱՀՈՒԱԺԻ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԲԱՆԱԿԻՆ` ԱՄՐԱՊՆԴԵԼՈՒ ԻՐ ՇԱՐՔԵՐԸ ԵՒ ՎԱՌ ՊԱՀԵԼՈՒ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄՔԸ

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի հարաւային Լիբանանի ազատագրման 11-ամեակին առիթով բանակին ուղղած իր հրահանգին մէջ կոչ ուղղեց անոր ամրապնդելու իր շարքերը եւ վառ պահելու դիմադրութեան կամքը` ընդդէմ թշնամիին, որ տակաւին վերջերս սպանդ մը գործեց պաղեստինցի անզէն ցուցարարներուն դէմ, պարզապէս որովհետեւ անոնք կը պահանջէին վերադառնալ իրենց հայրենիքը:

Զօր. Քահուաժի աւելցուց նաեւ, որ թշնամի Իսրայէլի դէմ պայքարին պէտք է կառչած մնալ, որովհետեւ ան տակաւին բռնագրաւած կը պահէ լիբանանեան հողերը, կը խախտէ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ մնայուն ոտնձգութիւններ կը գործէ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ:

Զօր. Քահուաժի 2000-ին իրականացած Լիբանանի ազատագրումը նկատեց նուաճում` աւելցնելով, որ այդ նուաճումը 2006-ին ամբողջացաւ նաեւ յուլիսեան պատերազմի յաղթանակով: Ան շեշտեց, որ բանակը միշտ պիտի պաշտպանէ Լիբանանի հողերը եւ դէմ պիտի դնէ իսրայէլեան յարձակումներուն կամ որեւէ տեսակի բռնարարքի:

«Վստահ եղէք, որ պատերազմի դաշտին վրայ առանձին չէք. ձեր կողքին են լիբանանցիները, որոնք իրենց գրաւը ձեր վրայ դրած են` գիտակցելով, որ երկրին շահերը ամէն բանէ առաջ են եւ վեր», հաստատեց զօր. Քահուաժի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES