ՈՒԱՀԱՊ ԽՍՏԻՒ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ՕՊԱՄԱՅԻ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐԸ

Թաուհիտ հոսանքը երէկ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նկատել տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կատարած յայտարարութիւնները, որոնց համաձայն, Ուաշինկթըն յանձնառու կը մնայ Իսրայէլի պաշտպանութեան, խստիւ դատապարտելի են եւ աժան վերաբերմունք կը նկատուին արաբական աշխարհին հանդէպ:

Հաղորդագրութիւնը զգուշացուց ամերիկեան վարչակազմին կողմէ շրջանին մէջ նախապատրաստուող սադրանքներէն` ընդգծելով, որ պէտք է արաբական միացեալ կեցուածք մը որդեգրել Իսրայէլի բռնարարքներուն եւ սպանդներուն դէմ:

Միւս կողմէ, Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ հանդիպելէ ետք Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտի շեշտեց, որ նախագահ Օպամայի յայտարարութիւնները կը փաստեն, որ Միջազգային դատական ատեանը Հըզպալլան պիտի ամբաստանէ սպանութիւններ գործելու յանցանքով:

Ուահապ նշեց, որ Օպամա իսրայէլեան իշխանութեան պաշտօնական բանբերի դերակատարութեան մէջ է` աւելցնելով, որ Օպամայի կեցուածքները կ՛ապացուցեն, թէ Միջազգային դատական ատեանը իսրայէլեան ատեան մըն է:

ՆՇԵՆՔ, որ «Մատա» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Ուահապ շեշտեց, որ Լիբանանի կացութիւնը վտանգաւոր է` աւելցնելով, որ այս ամառ կարելի պիտի չըլլայ կառավարութիւն մը կազմել:

 

Share this Article
CATEGORIES