ԱՐՏԱՔԻՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՆ ՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ (Հարաւի Ազատագրման Օրուան Առիթով)

Հարաւի ազատագրումի օրուան նշումը պարտաւորեցնող է` Լիբանանին սպառնացող վտանգները դիմակայելու եւ համապատասխան քաղաքականութեան լծուելու տեսակէտէն: Շրջանային առումով բաւական բարդ եւ ընդհանրապէս  անցումային հանգրուաններու մէջ կը գտնուին արաբական երկիրները: Առաւել եւս շեշտուած ձեւով տակաւ կը յայտնուի, որ արտաքին գործօնները բաւական պարարտ ենթահող ձեւաւորած են տարիներու ընթացքին` եռեւեփումի մէջ եղող երկիրներուն մէջ:

Մինչ այս, կը թուէր, որ Լիբանանն է այն առաջնային երկիրը, որ քաղաքական բաց խաղադաշտ է շրջանային եւ միջազգային ուժերուն` ազդեցութեան գօտիներու իրենց մրցապայքարին համար: Եւ եթէ Լիբանանի համար խաղադաշտը յստակ էր, պարզ ու թափանցիկ, ապա այլ երկիրներու պարագային թափանցումներն ու ազդեցութեան դաշտերը միանգամայն եւ կտրուկ ձեւերով իրենց դիմագիծերը բացայայտեցին:

Համաարաբական այս թոհուբոհին մէջ, լիբանանեան տագնապը մղուեցաւ երկրորդ գիծ եւ առաջնահերթ ուշադրութիւն գրաւեցին շրջանային այլ երկիրներ: Լիբանանի նկատմամբ ոտնձգական քաղաքականութիւն կիրարկող Իսրայէլը, ներքին կայունութեան համեմատական պահպանումով կը շարունակէ հետեւիլ, հակազդել եւ նախաձեռնել իր շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն:

Երկրորդ գիծ մղուեցաւ նաեւ Իսրայէլ-Թուրքիա յայտարարողական մակարդակի վրայ արձանագրուած տագնապը` մերթ ընդ մերթ  ի պահանջեալ հարկին ինքզինք զգալի դարձնելու տեսքով: Չմոռնանք. Իսրայէլ-Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւնները չեն խզուած, ո՛չ ալ անվաւեր հռչակուած է Իսրայէլ-Թուրքիա ռազմավարական յատուկ գործընկերութիւնը: Աւելի՛ն. աւելցած են Իսրայէլ-Ազրպէյճան միջպետական յարաբերութիւններուն զարգացման նոր խթան հաղորդելու երկկողմանի մօտեցումները:

Զուտ յայտարարողական քաղաքականութեամբ իրադրութիւնները մշուշապատելու իսրայէլեան քաղաքականութեան շրջագիծին մէջ պէտք է դիտարկել հերթական անգամ Հայոց ցեղասպանութիւնը Քնեսեթին կողմէ ճանչնալու հաւանականութեան շեշտումը: Իսրայէլեան այս խաղը, թէեւ սպառած է ինքզինք, այսուհանդերձ հետեւողականութիւնը կը պահէ վերստին յայտնուելու ամէն անգամ, երբ Թուրքիոյ հետ լարուած իրավիճակի ստեղծման եւ ցուցադրման քարոզչական գործողութիւններ թափ առնեն:

Այս նոյն Իսրայէլն է, որ մնայուն սպառնալիքի տակ կը պահէ մայրիներու երկիրը` ինքնիրեն վերապահելով օդային, ցամաքային տարածքները բռնաբարելու եւ անզէն ցուցարարներուն վրայ կրակ բանալու իրաւունքը: Յենած` մանաւանդ զինքն ու լիբանանեան կողմը բաժնող խաղաղապահ ուժերու թրքական զօրամիաւորումին միջնորդական առաքելութեան վրայ: Իրեն հետ սպառնական ոճով խօսող իր ռազմավարական գործընկերոջ վրայ:

Լիբանանեան կողմերը ներքին հրապարակին վրայ Ազատագրումի օրը դաւանելով համալիբանանեան տօն բոլոր պատճառները ունին վերլուծելու իրենց շուրջը տեղի ունեցող իրադրութիւններուն շարժառիթներն ու պատճառահետեւանքային կացութիւնները. վերստին համոզուելու համար, որ արտաքին գործօններու եւ այս պարագային Իսրայէլի որդեգրած թափանցումի անուղղակի ձեւերը արդիւնաւէտ չեն աշխատիր, եթէ կայանան համալիբանանեան գիտակցութիւնը, դիմադրութեան համազգային տարողութիւնը, արտաքին սպառնալիքներուն դիմաց միաւորուելու հրամայականը, երկիրը կառավարութեամբ օժտելու տարրական անհրաժեշտութիւնը:

Հարաւի ազատագրումի օրը ներկայ պայմաններուն մէջ ա՛յս կը յուշէ ամէն բանէ առաջ:

Share this Article
CATEGORIES