«Հիւսիսային Պեքաայի Սպանութիւնը Կանխամտածուած Է Եւ Պէտք Է Ինքնազսպումի Ենթարկուիլ» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ցաւ յայտնեց Ռաֆեք հովիտին մէջ գործուած սպանութեան համար` շեշտելով, որ անիկա կանխամտածուած ոճիր է. ան կոչ ուղղեց զոհերուն ընտանիքներուն եւ բոլորին ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ կառչած մնալու իմաստութեան, ինչպէս նաեւ զգուշանալու վտանգներէն:

Վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն ձերբակալելու համար յանցագործները:

Թամմամ Սալամ ցաւակցութիւն յայտնեց Ժաաֆար եւ Ամհազ ընտանիքներուն` ընդգծելով, որ դատական եւ ապահովական իշխանութիւնները օրէնքին համաձայն պիտի վարուին յանցագործներուն հետ: Ան կոչ ուղղեց բոլոր լիբանանցիներուն համախմբուելու բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն շուրջ:

Միւս կողմէ, Սալամ Մուսայթպէի մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Քապպանի յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ իր պաշտօնէն հրաժարելու մասին չի մտածեր:

Share this Article
CATEGORIES