Թրիփոլիի Եւ Թարիք Ժտիտէի Մէջ Ճամբաները Կը Փակուին Հրկիզուող Անիւներով

Թրիփոլիի եւ Թարիք Ժտիտէի մէջ երէկ հրկիզուող անիւներով քաղաքացիները փակեցին ճամբաները, իսկ բանակը ամէն ջանք թափեց բանալու այդ ճամբաները:

Թրիփոլիի Սուրիա փողոցին մէջ արձանագրուեցան նաեւ զինեալ բախումներ, իսկ Թրիփոլիի միջազգային ճամբան երկար ատեն փակ մնաց:

Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած այդ շարժումները կը նկատուէին բողոքի ցոյցեր այն իրականութեան համար, թէ բախումներէն տուժած որոշ ընտանիքներուն անունները չէին նշուած` օժանդակութիւններ ստացող ընտանիքներուն անուանացանկին մէջ:

Միւս կողմէ, Պէյրութի Մարզական աւանին մօտ եւս կատարուեցան նման ցոյցեր եւ հրկիզուող անիւներով փակուեցան ճամբաները` իբրեւ բողոք Թարիք Ժտիտէի մէջ երկու անձերու ձերբակալութեան դէմ:

Երկու անձերը Ժեզզինի եւ Նապաա ընտանիքներու անդամներէն են եւ անոնք ձերբակալուած են Քայիտայի ցանցին անդամակցութեան պատճառով:

Նկատի ունենալով բողոքի ցոյցերը եւ ապահովութեան ուժերուն մօտ կատարուած քաղաքական միջամտութիւնները` ձերբակալուած երիտասարդները չորս ժամ ետք ազատ արձակուեցան:

Share this Article
CATEGORIES