Էշթըն Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Ժամանեց Լիբանան

Էշթըն եւ Միքաթի

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն երէկ երեկոյեան պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան:

Պէյրութի միջազգային օդակայան հասնելէ ետք Էշթըն հանդիպում մը ունեցաւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Միքաթի ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ Էշթընի:

Նշենք, որ Քեթրին Էշթըն այսօր հանդիպումներ կ՛ունենայ հանրապետութեան նախագահին, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարին եւ այլ պետական անձնաւորութիւններու հետ:

Share this Article
CATEGORIES