Նախագահ Սլէյման Պետական Եւ Զինուորական Բարձրաստիճան Պատասխանատուներու Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Կացութիւնը

Նախագահ Սլէյման եւ զօր. Քահուաժի

Նախագահ Սլէյման եւ Միքաթի

 

 

 

 

 

 

 

 

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց շարք մը այցելուներ, որոնց հետ քննարկեց Քաայի եւ Արսալի միջեւ գտնուող շրջանին մէջ գործուած սպանութեան մանրամասնութիւնները:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց քաղաքացիական անվտանգութիւնը ամրապնդելու եւ երկրին գերիշխանութիւնը պաշտպանելու հեռանկարները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց կիրակի օր գործուած սպանութեան մանրամասնութիւնները` ընդգծելով, որ պէտք է խստացնել յանցագործներուն հետապնդումը եւ կացութիւնը հակակշիռի տակ պահել:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց ապահովական կառոյցներուն աշխատանքները, ինչպէս նաեւ յանցագործները հետապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Քաայի եւ Արսալի միջեւ չորս երիտասարդներուն դէմ սպանութիւնը գործողները ձերբակալելու կարեւորութիւնը:

Նախագահական պալատին այցելուներէն եղաւ նաեւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր: Քննարկուեցան Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Իրանի նախագահ շէյխ Հասան Ռուհանիի` անոր նախագահ ընտրուելուն առիթով:

 

Share this Article
CATEGORIES