Ամհազ Եւ Ժաաֆար Ընտանիքները Հողին Յանձնեցին Իրենց Սպաննուած Հարազատները

Հիւսիսային Պեքաայի Ռաֆեք հովիտին մէջ Ժաաֆար եւ Ամհազ ընտանիքներուն   սպաննուած երիտասարդները երէկ յանձնուեցան հողին` ներկայութեամբ երեսփոխաններ Էմիլ Ռահմէի, Ղազի Զաայթերի եւ Նաուար Սահիլիի, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպի եւ այլ պատասխանատուներու:

Հըզպալլայի եւ լիբանանեան բանակին կողմէ ամէն ջանք ի գործ դրուեցաւ Պաալպեք-Հերմելի բնակիչները մղելու ինքնազսպումի:

Ժաաֆար ընտանիքին զոհերը թաղուեցան Քասըր գիւղաքաղաքին մէջ, իսկ Ամհազ ընտանիքին հարազատները` Լապուէի մէջ:

Նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ յուղարկաւորութեան ընթացքին կոչ ուղղեց բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն ստանձնելու իրենց իսկական դերակատարութիւնը` աւելցնելով, որ այդ շրջանը երբեք կարելի պիտի չըլլայ ներքաշել դէպի գրգռութիւններ:

Իր կարգին, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի կոչ ուղղեց համբերելու եւ ցաւերը յաղթահարելու: «Կը մերժենք այս շրջանը վերածել դէպի սադրանքները թափանցելու շրջանի մը», ըսաւ ան եւ պահանջեց բանակէն ու ապահովութեան ուժերէն ձերբակալել քստմնելի այս ոճիրը գործած յանցագործները:

Հըզպալլայի շուրայի խորհուդի անդամ շէյխ Մոհամետ Եազպեք պահանջեց լիբանանեան պետութենէն եւ դատական իշխանութիւններէն այս անարգ ոճիրը գործող յանցագործները ձերբակալել եւ զանոնք պատժել:

Նշենք, որ երէկ բանակն ու ապահովութեան ուժերը Պաալպեք-Հերմելի մէջ ապահովական արտակարգ միջոցառումներ որդեգրեցին` կանխարգիլելու համար վրէժխնդրութեան որեւէ փորձ:

Ամհազ ընտանիքը կէսօրէ ետք հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ իրենք յանցագործները անունով եւ մականունով կը ճանչնան եւ ապահովութեան ուժերէն պահանջուեցաւ կատարել իրենց դերակատարութիւնը:

Նշենք, որ երկու շրջաններուն մէջ կը տիրէ զգուշաւոր հանդարտութիւն եւ արգիլուած է, որ Արսալի ոեւէ բնակիչ անցնի այդ շրջանէն:

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել

շեշտեց, որ Հիւսիսային Պեքաայի մէջ պատահած ոճիրը ցաւալի է` աւելցնելով, որ անոր նպատակը համայնքային գրգռութեան հրահրումն է:

Շարպել շեշտեց, որ երկրին ապահովական կառոյցները ճիգ չեն խնայեր յանցագործները ձերբակալելու իմաստով:

Share this Article
CATEGORIES