ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Կը Ժամանէ Հարաւային Կովկաս

Լէոնիտ Քոժարա

«Ուքրինֆորմ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լէոնիտ Քոժարա քառօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ պիտի ժամանէ Հարաւային Կովկաս:

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան բաժինի ղեկավար Եվհեն Փերեպինիս նշեց, որ Քոժարա 17-18 յունիսին պիտի ըլլայ Ազրպէյճան, 18-19 յունիս պիտի այցելէ Վրաստան, իսկ 19-20 յունիս` Հայաստան:

Այցելութեան ընթացքին Լէոնիտ Քոժարա հանդիպում պիտի ունենայ երկիրներու նախագահներուն եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ եւ պիտի  քննարկէ Հարաւային Կովկասի մէջ ԵԱՀԿ-ի աշխուժութեան առնչուող հարցեր: Անդրադարձ պիտի կատարուի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման եւ Ժընեւեան քննարկումներուն, որոնց օրակարգին վրայ կը գտնուի Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ շուրջ ռուս-վրացական լարուածութիւնը:

Բացի անկէ, Քոժարա պիտի քննարկէ նաեւ Երեւանի եւ Պաքուի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի գործունէութեան առնչուող հարցեր:

Նախորդ ուրբաթ օր` 14 յունիսին Լէոնիտ Քոժարա Քիեւի մէջ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի համանախագահներ ռուս Իկոր Փոփովը, ամերիկացի Իան Քելլին եւ ֆրանսացի Ժաք Ֆորը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը:

Համանախագահները Քոժարային զեկուցեցին Հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հետ վերջին հանդիպումներուն մասին:

Քոժարա յայտնեց, որ ինք մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ իր շրջանային այցելութեան եւ յոյս ունի այնտեղ բովանդակալից բանակցութիւններ կատարել:

Ան նաեւ վստահեցուց, որ Ուքրանիա պատրաստ է առաւելագոյն աջակցութիւնը ցուցաբերելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած ջանքերուն:

Լէոնիտ Քոժարա ըսաւ, որ Ուքրանիա Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը կը նկատէ ԵԱՀԿ-ի մէջ իր նախագահութեան առաջնահերթութիւններէն մէկը:

Մինչեւ յունիսի վերջը կը նախատեսուի Նալբանդեանի եւ Մամետեարովի հանդիպումը, որուն  օրակարգին վրայ պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հերթական բանակցութիւններու կազմակերպման կարելիութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES