Դաշնակցութիւնը Պռօշեանի Մէջ Պիտի Առաջադրէ Իր Թեկնածուն
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան բացառապէս անհիմն մեղադրանք նկատեց դաշնակցականներուն նկատմամբ Պռօշեանի գիւղապետի արդէն նախկին պաշտօնակատար Արմենուհի Մելիքեանի կատարած յայտարարութիւնը:
Նշենք, որ Ա. Մելիքեան Կոտայքի մարզպետ Կովալենքօ Շահգալդեանի կողմէ պաշտօնակատար նշանակուած էր Պռօշեանի դաշնակցական գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի սպաննուելէն ետք: Այդ դէպքէն ետք Պռօշեանի մէջ լարուած մթնոլորտ կը տիրէ: Լարուած են նաեւ Հ. Մուրադեանի դաշնակցական աջակիցներուն եւ Ա. Մելիքեանի յարաբերութիւնները: Վերջինս «Առաջին լրատուական»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին ըսած էր, որ դաշնակցականները զինք կ՛անուանեն «մարդասպան» եւ կը նշեն, որ արիւնով պիտի պահեն գիւղապետի պաշտօնը:
Ա. Ռուստամեան «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, թէ «փաստ է, որ պաշտօնի կատարումը արիւնով դադրեցուած է»: «Արիւնով պահելու խնդիր բացարձակապէս չկայ, եւ մերկապարանոց յայտարարութիւններ են: Այս կինը ամբողջ գիւղին մէջ կը ճանչնան: Պէտք չէ, որ ես իրեն գնահատեմ կամ մեկնաբանեմ անոր ըսածները: Լարուածութիւնը ստեղծուած է անոր նշանակման փաստին հետ կապուած. ատիկա բոլորին յայտնի է», ըսաւ Ա. Ռուստամեան:
Ան նաեւ աւելցուց, որ ՀՅԴ-ն Պռօշեանի մէջ պիտի մասնակցի գիւղապետի ընտրութիւններուն:
Պռօշեանի Գիւղապետի Պաշտօնակատարը
Հրաժարական Տուաւ
Արմենուհի Մելիքեան Կոտայքի մարզպետ Կովալենկօ Շահգալդեանէն խնդրեց դադրեցնել իր լիազօրութիւնները` իբրեւ Կոտայքի մարզի Պռօշեան գիւղի գիւղապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար:
Ան իր այդ քայլը պատճառաբանեց «գիւղին մէջ գռեհիկ վարքագիծ դրսեւորող խումբի անկառավարելի, հակաօրինական. անհանդուրժող» գործողութիւններով եւ յայտարարութիւններով:
«Միեւնոյն ժամանակ կը դատապարտեմ անգործութիւնը մարզպետարանի եւ ոստիկանութեան, որոնք չկրցան պաշտպանել օրէնքի պահանջները 10 յունիս 2013-ին եւ անոր յաջորդող օրերուն, չկրցան կամ չցանկացան կատարել իրենց պարտականութիւնները, ինչ որ վերը նշուած խումբը դարձուց աւելի անկառավարելի եւ սանձարձակ», յայտարարեց Արմենուհի Մելիքեան: Ան աւելցուց, որ անոնք չկրցան կարգի հրաւիրել համայնքային ծառայողները, որոնք բոլոր «սադրիչ եւ լկտի գործողութիւններուն» կազմակերպիչը ու ղեկավարն էին: Ըստ Մելիքեանի, անոնք իրենց անգործութեամբ թոյլ տուին աշխուժացումը խումբի մը, որ «զէնք կիրարկելու մեծ մշակոյթ ունի»:
Մելիքեան իր տարածած յայտարարութեան մէջ նշեց, որ իր ցանկութիւնն է գիւղին մէջ թուլացնել առկայ լարուածութիւնը, սակայն հրահրուեցաւ արհեստական լարուածութիւն մը:

