Բակօ Սահակեան Կը Շնորհաւորէ Ռուհանին

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է  Իրանի նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանիին:

Ուղերձին մէջ ըսուած է հետեւեալը.

«Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին, իշխանութիւններուն եւ անձամբ իմ անունովս սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ` Իրանի նախագահական ընտրութիւններուն տարած համոզիչ յաղթանակին առիթով:

Վստահ եմ, որ ձեր փորձառութիւնը եւ գիտելիքները ըստ ամենայնի պիտի ծառայեն Իրանի եւ անոր ժողովուրդին առջեւ դրուած խնդիրներու արդիւնաւէտ լուծման եւ հետագայ զարգացման գործին»:

Նախագահ Սահակեան աւելցուցած է. «Արցախի մէջ բարձր կը գնահատենք Իրանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հարցին մէջ եւ համոզուած ենք, որ ձեր նախագահութեան տարիներուն  աւելի պիտի ամրապնդուին եւ ընդլայնին մեր երկու բարեկամ ժողովուրդներու աւանդական կապերը` մեծապէս նպաստելով շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման եւ մեր երկիրներու զօրացման»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES