Արցախի Մէջ. ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Հանդիպում Ունեցաւ Նախագահ Սահակեանի Հետ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու հայկական պետութիւններու ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան եւ ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման վերաբերող հարցեր:
CATEGORIES Հայկական

