Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Չափաւոր եղէք աշխատանքի մէջ թէ ձեր շրջապատին հետ յարաբերութեան պարագային: Օրը կը պահանջէ հետեւիլ օրուան կացութեան` լուռ եւ հանդարտ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Լաւ յարաբերութիւն պիտի ունենաք ձեր շրջապատին մէջ: Նոյն ատեն շատ ուշադիր պէտք է ըլլաք, երբ պայմանագիր մը պիտի ստորագրէք: Օրը կը թելադրէ ըլլալ զգուշ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Քունի կարիքը ունիք: Այսօր լաւ քուն մը պէտք է առնէք, որպէսզի աշխատանքի օրը ընթանայ աշխուժ եւ լաւատես: Անքնութիւնը յոռետեսութիւն կու տայ: Քունը սնունդին չափ կարեւոր է:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ընկեր մը գտէք միասնաբար մարզանքի հետեւելու: Կամ` կրնաք տան մէջ կատարել մարզանք մը ձեր նախընտրած մարզաձեւով: Ասիկա պէտք է ընէք ամէնօրեայ հետեւողութեամբ, որպէսզի օգտուիք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ներկայ եղէք ընտանեկան հաւաքոյթի մը: Պիտի ափսոսաք եթէ բացակայիք այս հաճելի եւ մտերմիկ, միասնական հանդիպումէն, որ քիչ կը պատահի:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր առօրեայ կեանքին մէջ կիրարկեցէք հինէն փոխանցուած սովորութիւնները` իբրեւ աւանդութիւն: Այսպիսով կապուած կը մնաք հինին եւ նորին յարաբերութեան: Մի մոռնաք անցեալի պատմութիւնը:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Խոհանոցային աշխատանք կատարեցէք, ճաշ պատրաստեցէք ձեզ սիրող անձերուն: Օրը պիտի ունենայ հաճելի հանդիպումներ յարգելի անձերու հետ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ խնդիրներ ունենաք ձեր շրջապատին մէջ, թեթեւի առէք, ներողամիտ տրամադրութեամբ: Ջղայնացած անձերու հետ անտարբեր մնացէք, կը շահիք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Առողջութիւնը միայն մարմնական չէ, այլ նաեւ հոգեկան: Եթէ մարմինով առողջ էք, խաղաղ պահեցէք նաեւ ձեր հոգեկան աշխարհը, որպէսզի ձեր կեանքը բնականոն ընթացք ունենայ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր իրաւ բարեկամները անոնք են, որոնք կ՛օգնեն ձեզի պէտք եղած պարագային եւ ձեզ կը սիրեն անկեղծօրէն: Վստահեցէք նման բարեկամներու, գոհ կը մնաք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Աշխատանքի մէջ ջղայնացնող պատահար մը ունենալէ ետք, հանդարտութիւնը պիտի տիրէ, պիտի վերագտնէք ձեր խաղաղ վիճակը: Համբերող եղէք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կասկած մը պիտի ունենաք հարցի մը վերաբերեալ, բայց պիտի կարենաք արտայայտել ճիշդ խօսք մը` երեւան բերելու համար ճշմարտութիւնը: Այսպիսով պիտի համոզուիք ու գոհանաք:

Share this Article
CATEGORIES