50 Տարի Առաջ (19 Յունիս 1963)

Հայաստան

Հայաստանի Մարմարները

Բնութիւնը` տարածութեամբ փոքր արդի Հայաստանին շնորհած է օգտակար հանածոներու գանձարան մը:

Բազմաթիւ եւ բազմազան օգտակար հանածոներու շարքին, իրենց արտակարգ գեղեցկութեամբ, երանգներով, դիւրին յղկուելու առաւելութեամբ, տոկունութեամբ եւ այլ յատկանիշներով Հայաստանի մարմարները աշխարհահռչակ համբաւի տիրացած են:

Այս մարմարները հինէն ի վեր ծանօթ էին: Արդիական միջոցներով մարմարներուն օգտագործումը սկսաւ 1930-ին, երբ հիմնուեցաւ «Հայմարմար» գործարանը, որուն արտադրութիւնը տեղական պահանջները բաւարարելէ զատ, մեծ ընդունելութիւն գտաւ օտար երկիրներու մէջ ալ: Մոսկուայի ընդուղի հանրակառքերու կայարանները զարդարուած են Հայաստանի մարմարով, ինչպէս նաեւ Խորհրդային Ռուսիոյ բազմաթիւ կառավարական հաստատութեանց շէնքերը:

Ներկայիս Հայաստանի մէջ կան մարմարի 16 մեծ ու փոքր հանքեր: Ասոնք կը բաժնուին չորս խումբերու, առաջին` լրիւ բիւրեղացած մարմարներ, երկրորդ` մարմարի նմանող կրաքարեր, երրորդ` օնիքսանման մարմարներ եւ չորրորդ` մարմարի նմանող կրաքարներու  տեսակ մը: Այս բոլոր մարմարներուն տեսակներուն պաշարը անսպառ է:

Լրիւ բիւրեղացած մարմարները մէջտեղ եկած են խութային կրաքարերու հաշուոյն` երկրաբանական բարդ եւ երկարատեւ հոլովոյթներով, երբեմն ալ տարբեր պայմաններով, ինչպէս` ճնշում, ջերմութիւն եւ այլն: Արդի Հայաստանի մէջ այս ձեւի մարմարներ կազմուած են 500-600 միլիոն տարի առաջ: Սպիտակ եւ մոխրագոյն այս մարմարներուն տեսակները իրենց կառուցուածքով փոքր եւ միջահատիկ են, սքանչելի կը սղոցուին, կը յղկուին եւ կը փայլեցուին:

Մարմարի նմանող կրաքարերը մեծ փոփոխութիւններու չեն ենթարկուած, լրիւ բիւրեղացած չեն: Մուգ ու բաց զարդագիծերը գոյներու եւ բրածոյ մնացորդներու գեղեցիկ տպաւորութիւնը կը ձգեն դիտողներուն վրայ:

Օնիքսանման մարմարները սովորական մարմարներ չեն, այսուհանդերձ օժտուած են գոյներու հարուստ համադրութեամբ եւ կը գործածուին մանրաքանդակագործութեան եւ գեղարուեստական  առարկաներու արտադրութեան մէջ:

Մարմարի նմանող կրաքարերը իրականութեան մէջ գլաքարեր եւ խճաքարեր են, որոնք, հեղեղումներու ժամանակ անջատուելով մայր քարերէն, քաշուած են ջուրին հետ եւ շաղախուելով իրենց հետ բերած քարպոնատին հետ, ստեղծած են ընդհանուր շաղախ մը, որ իր կարգին, ժամանակի ընթացքին վերստին բիւրեղացած է:

Այս տեսակներէն զատ, Հայաստան հարուստ է մարմարները փոխարինող բազմաթիւ քարերով, որոնք ունին անսպառ պաշարներ եւ դեռ չեն օգտագործուիր` իսկական մարմարներու առատութեան պատճառով:

Հայաստանի մարմարները կրնան մրցիլ աշխարհահռչակ Քարրարայի (Իտալիա), ճարտարապետական արժէքներ ներկայացնող մարմարներուն հետ, Լոմպարտիայի, Լիկուրիայի (Իտալիա) գունաւոր մարմարներուն, Մասի, Փատը-Քալէի (Ֆրանսա), Արժանթինի վարդագոյն մարմարներուն, ինչպէս նաեւ Հունգարիոյ, Պելճիքայի, Զուիցերիոյ գեղատեսիլ մարմարներուն հետ:

Թ. ԵՈԳՈԼԱԿԵԱՆ

 

Հայկական Կեանք

Պելճիքահայ Գաղութը

Հայ եւ պելճիքական յարաբերութիւններու հիմնադիրը եղած է Անտիոքի Մակար եպիսկոպոս, 11-րդ դարուն:

1011-ին, Մակար եպիսկոպոս անցնելով Կանա, ընդունուած է Ս. Պաւոն աբբայարանին մէջ: Կը պատմուի, թէ ան Էսքօ գետի շրջանին մէջ հրաշագործութեամբ բազմաթիւ տեղացիներ փրկած է ժանտախտէն: Մինչեւ այսօր ապրիլին կը տօնուի Ս. Մակարի տօնը:

14-րդ եւ 15-րդ դարերուն հայ եւ պելճիքական յարաբերութիւնները նոր զարգացումներ կ՛արձանագրեն, մանաւանդ Խաչակիրներէն ետք:

Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետքն է, որ գլխաւորաբար հայերը հաստատուած են Պելճիքայի մէջ:

Առեւտրականի եւ ձեռներէցութեան տաղանդն ու ոգին ազատ ասպարէզ գտնելով` հայերը ներկայիս հասած են նախանձելի դիրքերու:

Գլխաւորաբար կը զբաղին առեւտուրով, ճարտարարուեստով եւ ճարտարագիտութեամբ: Չկայ հայ մը, որ ուրիշի աջակցութեան կարօտ ըլլայ:

Ծխախոտի ճարտարարուեստի զարգացման մէջ կարեւոր դեր մը ունեցած են հայերը: «Տաւրոս» եւ «Արաքս» հայկական անուններով ծխախոտներ կան: Գնահատուած ծխախոտ է նաեւ «Պասթոն»-ը, որուն գործարանին տնօրէնը հայ մըն է:

Պելճիքահայ գաղութը կը բաղկանայ 900 հոգիէ. գլխաւորաբար կեդրոնացած են Պրիւքսէլի եւ Սնվէնսի մէջ:

Ցիրուցան հայեր կան նաեւ Լիէժ եւ այլ քաղաքներու մէջ:

Պելճիքահայը խորապէս հայրենասէր, այսուհանդերձ հայ քաղաքներու մէջ ցրուած ըլլալով, մշակութային եւ ազգային կեդրոնացեալ կեանք չունի: Տարին քանի մը անգամ միայն հոգեւոր գոհացում կը ստանայ:

Գաղութը ունի «Պելճիքահայ գաղութային վարչութիւն մը»: Վերջերս ծրագրած է սեփական ակումբ մը բանալ:

Որքան ալ համադրեալ ջանքերով աշխատանքներ կատարուին, նորահաս սերունդները սակայն, չեն գիտեր իրենց մայրենի լեզուն:

Միջին Արեւելքէն գացած հայ ուսանողներն են, որ կամաւորաբար կը ստանձնեն քիչ մը հայերէն սորվեցնել փոքրերուն: Փոքր գաղութ մը, որ անկարելի պայքար կը մղէ` ազգապահպանման ի խնդիր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES