«Ազդակ»` Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Ազազի, Աֆրինի Եւ Մէյտան Էքպէզի Հայկական Համայնքները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ազազ պատմական հին քաղաք է Հալէպէն 45 քիլոմեթր հիւսիս-արեւմուտք, թրքական սահմանին վրայ: Հին քաղաքը կառուցուած է ներկայիս աւերուած բերդի մը շուրջ եւ ընդարձակ դաշտերով ու գիւղերով շրջապատուած է: Բնակարանները կառուցուած են բերդին արեւմտեան կողմը: Քաղաքին կեդրոնը գտնուող մզկիթը անցեալին յունական եկեղեցի եղած է եւ բերդին մէջ գտնուած է:

Առաջին անգամ 1919-ին երեք հայ ընտանիքներ Աւետիս աղա Աթթարեանի գլխաւորութեամբ բնակութիւն հաստատեցին Ազազի մէջ: Այնուհետեւ, 1920-էն սկսեալ, գլխաւորաբար քիլիսցի շուրջ 350 հայ ընտանիքներ կեդրոնացան քաղաքին մէջ: Քանի մը տարուան ընթացքին Ազազի մէջ հայ ընտանիքներուն թիւը բարձրացաւ 450-ի: Հայեր գլխաւորաբար բերդին արեւմտեան կողմը գտնուող գօտիին մէջ կեդրոնացան, ուր հայկական առանձին թաղամաս մը կազմաւորուեցաւ:

Մինչեւ այդ ժամանակ Ազազ անշուք աւան մըն էր, մեծամասնութեամբ արաբ եւ մասամբ ալ թուրք, քիւրտ եւ եզիտի բնակչութեամբ: Քաղաքը արագօրէն բարգաւաճեցաւ եւ արհեստներու ու առեւտուրի կարեւոր կեդրոն դարձաւ: Հայ վարպետներու շնորհիւ զարգացան երկաթագործութիւնը, պղնձագործութիւնը եւ ոսկերչութիւնը:

Ազազ հաստատուած հայ ընտանիքներէն շատեր կալուածներ գնեցին եւ սկսան հողագործութեամբ, այգեգործութեամբ ու մեղուաբուծութեամբ զբաղիլ: Ոմանք ալ գինիի եւ ձիթաիւղի պատրաստութեան գործարաններ բացին: Նշենք, որ Ազազ անուանի է իր սեխով ու ձմերուկով:

Իր բարձր դիրքով, գեղեցիկ բնութեամբ, զով օդին եւ քաղցր ջուրին շնորհիւ Ազազ Հալէպի հայութեան համար օդափոխութեան կեդրոն դարձաւ: Շատ մը հալէպահայեր բնակարաններ վարձելով ամրան եղանակը հոն կ՛անցընէին եւ ձմեռուան պաշար կը պատրաստէին` լոլիկի ջուր, ռուպ, պաստեղ, չամիչ, պղպեղի ջուր, սմբուկ եւ դդում` լիցքի համար եւ այլն:

Խորէն քահանայ Ներսէսեան

Սահակ քահանայ Պալեան

Ազազի Ազգային Սահակեան վարժարանը բացուեցաւ 1922-ին, որ սեփական շէնքով օժտուեցաւ 1925-ին: Նոյն ժամանակ սկսաւ Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ կառուցումը, որուն օծումը եւ առաջին հովիւ Սահակ քահանայ Պալեանի ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցաւ 27 յուլիս 1930-ին, Վարդավառի կիրակին, ձեռամբ Սահակ Բ. կաթողիկոսին եւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Արտաւազդ արքեպիսկոպոս Սիւրմէեանի: 19 սեպտեմբեր 1943-ին Խորէն քահանայ Ներսէսեան Ազազի հովիւ ձեռնադրուեցաւ ձեռամբ Խադ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի:

Ազգային Սահակեան վարժարանին մէջ առաջին տարիներուն պաշտօնավարած են Յարութիւն եւ Պայծառ Տողրամաճեան, Սարգիս Գլըճեան, Լուսին Մուպահեաճեան, Մարիամ Կէօքճեան, Սարգիս Պալեան, Թորոս Թորոսեան, Մարիամ Պասմաճեան, Սարգիս Ենիգոմուշեան, Ազնիւ Կիւլկիւլեան, Խաթուն Քէպապճեան, Օննիկ Ղուկասեան, Դանիէլ Պէքմէզեան, Կարօ Ադամեան, Արսէն Աբգարեան, Վաղինակ Բիւրատ, Լեւոն Չաղլասեան, Սիրանուշ Իքիագչէեան, Ռահել Պետոյեան եւ Լուսին Չաղլասեան:

Սահակ քահանայ Պալեան 1932-ին ստանձնեց դպրոցին տնօրէնութիւնը, իսկ Մարի Ալէմեան եղաւ մանկապարտիզպանուհի: 1932-1933 տարեշրջանին դպրոցը ունէր 230 աշակերտ:

Հայ աւետարանական համայնքը 1935-ին դպրոց եւ եկեղեցի բացաւ Ազազի մէջ:

Ազազի մէջ երկար տարիներ անխտրականօրէն ծառայեց եւ ազգային բեղուն գործունէութիւն ունեցաւ տոքթոր Միհրան Վարպետեան:

1946-ին Ազազէն հարիւր ընտանիք Հայաստան ներգաղթեց, որմէ ետք համայնքը տկարացաւ եւ մնացեալներն ալ աստիճանաբար սկսան տեղափոխուիլ դէպի Հալէպ եւ Պէյրութ:

«Ազդակ», 5 սեպտեմբեր 1953-ին թիւով եւ «Կեանքը Ազազի եւ Աֆրինի մէջ» խորագիրով թղթակցութեամբ կը գրէր.

Հիւսիսային Սուրիոյ մաս կազմող բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը հետաքրքրութեան արժանի շատ կողմեր ունին ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ ազգային մարզերու մէջ: Ամբողջ Սուրիոյ երեք քառորդը այս մասին մէջ գրեթէ ամփոփուած է կարգ մը կարեւոր պատճառներով:

Ա.- Գաղթականներու ամենամօտիկ ապաստանը հանդիսացած է:

Բ.- Իրենց հայրենիքին մօտ ըլլալը յոյս ներշնչած է ապագային վերստին դառնալու դիւրութիւն ունենալու, եթէ անտարակոյս դէպքերը հիմնովին փոփոխութեան ենթարկուած ըլլային:

Գ.- Միջավայրը խորթ չէ թուած իրենց:

Դ.- Օդն ու ջուրը աւելի լաւ յարմարած է իրենց ֆիզիքական գոյութեան:

Ե.- Լաւ ասպնջականութիւն գտած են տեղացի ժողովուրդներու կողմէ:

Զ.- Իրենց ազգային ճարպիկութիւնն ու արհեստաւոր ըլլալու հանգամանքը մեծ քաջալերանք եղած է ապրուստ ճարելու տեսակէտէն:

Է.- Տնտեսական գետնի վրայ համանմանութիւն մը աւելի յոյս ներշնչած է ապրելու, երկրի մէջ ունեցած հեզասահ կեանքի հեռապատկերը պարզելով իրենց առջեւ:

Ը.- Երկրագործական երկիր մը ըլլալը մեծ գրաւական նկատուած է ապագային դիմագրաւելիք յաջողութեանց:

Թ.- Վերջապէս, հաւաքական կեանք մը վարելու համար ընծայուած դիւրութիւնները, խթան մը եղած են աւելի ամուր կերպով եւ հաստատակամ` փարելու հողին եւ ատով պահելու իրենց ֆիզիքական գոյութիւնը:

Ազազի մզկիթը

Վերոյիշեալ տուեալները ունի նաեւ Ազազ գիւղը, Հալէպէն 45 քիլոմեթր հեռու: Քիլիսի ճամբուն վրայ կառուցուած այս աւանը ապրուստի մեծ դիւրութիւններ կ՛ընծայէ իր բնակիչներուն, հողագործական եւ առեւտրական կեդրոն մը ըլլալուն պատճառով:

65 հայ ընտանիքներ հաստատուած են հոս, որոնց գրեթէ բոլորն ալ բարեկեցիկ են, իսկ ոմանք ալ նախանձելի դիրքերու տէր եղած են: Գիւղի բնակչութեան մեծամասնութիւնը արաբներէ եւ քիւրտերէ կը բաղկանան: Կային նաեւ յոյն օրթոտոքսներ, որոնք սակայն ասկէ 7 – 8 տարի առաջ Հալէպ գաղթած են չկարենալով յարմարիլ միջավայրի պահանջներուն:

Հայերու մեծամասնութիւնը արհեստաւոր դասակարգէ կը բաղկանայ. կան նաեւ հողագործներ, խանութպաններ, մանր առեւտրականներ ու բժիշկներ:

Տեղւոյն Ազգ. վարժարանը նախակրթարանի եւ Մ. Պ.ի բաժնին մէջ ունի 135 երկսեռ աշակերտութիւն մը, 8 պաշտօնեաներով, տնօրէն մը, ուսուցիչ եւ օրիորդ մը եւ կրթական նախարարութենէն նշանակուած արաբ ուսուցիչ մը, իսկ Մ. Պ.ի մէջ 4 օրիորդներ ամբողջ ուսուցչական կազմը կը լրացնեն: Դպրոցի տարեկան պիւտճէն 5000 սուրիական ոսկի է եւ ամէն տարի կը հաւասարակշռուի առանց որեւէ բաց ձգելու:

Դպրոցի տնօրէնը` Համբարձում Պէրպէրեան (բնիկ քիլիսցի եւ պաշտօնով փաստաբան) միեւնոյն ատեն թաղականութեան ատենապետն է, ու ձրիօրէն կը պաշտօնավարէ դպրոցին մէջ, ամէն զոհողութիւն յանձն առնելով:

Ունին եկեղեցի մը առանց հոգեւոր հովիւի: Հալէպի քահանաներէն մէկը պարբերաբար կ՛այցելէ հոգեւոր մխիթարութիւն տալու, կամ անհրաժեշտ պարագաներուն` կրօնական պաշտօն կատարելու (կնունք, թաղում, հարսանիք) եւ այլն:

ՀՄԸՄ-ը ունի 35 անդամ, իսկ որպէս մարզական խումբ` ունին ֆութպոլի երկրորդական խումբ մը, որ ամէն տարի Զատկի առթիւ տեղի ունեցած միջմասնաճիւղային մրցումներուն ֆինալիստ կը մնայ: Սկաուտ եւ գայլիկներու թիւը կը հասնի 20 հոգիի, թէպէտ այս թիւը կը տարուբերի տարուան եղանակներու համեմատ` որոշ յաւելումով կամ նուազումով:

Ասիկա միակ գիւղն է ուր Օգնութեան խաչի կազմակերպութիւնը մուտք չէ գործած, կամ տեղացիներու անտարբերութեան հետեւանքով եւ կամ Օգնութեան խաչի վերին մարմինները բազմազբաղ վիճակ մը ունենալով` հետաքրքրուելու առիթ չունենալուն պատճառով:

Հայ բողոքականներն ալ դպրոց մը ունին, ուր կը յաճախեն առաւելապէս հայեր եւ կարգ մը տեղացի ազգերու զաւակներ: Կրթական նախարարութեան բացած վարժարանը կը յաճախեն մեր դպրոցներու աւարտական դասարանի աշակերտներ:

Ազազի օդն ու ջուրը խիստ առողջարար են, այս պատճառով ալ 30-է աւելի ընտանիքներ հոս կու գան օդափոխութեան համար: Աղբիւր կամ վազուն ջուր գոյութիւն չունի, սակայն ջրհորներու ջուրերը սքանչելի են: Շրջակայ բոլոր պարտէզները կ՛ոռոգուին ջրհորէն քաշուած ջուրերով:

Կեանքը աժան է հոս. առատ ձմերուկ եւ խաղող կ՛արտածուին հեռաւոր վայրեր, փոքր առեւտուրի եռուն շրջանը ուրեմն յուլիսին է որ կը սկսի այս գիւղին մէջ:

Մէշէլէ կամ Քէֆէր Ճեննէ, գիւղէն քառորդ ժամ անդին գտնուող ջրառատ սրճարան մըն է, հաստատուած պարտէզներու ճիշդ կեդրոնը, ուր ամէն օր բազմաթիւ ընտանիքներ պտոյտի կ՛երթան զովանալու եւ առօրեայ մտահոգութիւններէ ձերբազատուելու համար:

***

Աֆրին

Ազազի մօտակայ Աֆրինի մէջ եւս հայեր բնակութիւն հաստատած են Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, իսկ Սուրբ Նշան եկեղեցին կառուցուած է 1933-ին: Աֆրինի հայ կեանքին անդրադառնալով «Ազդակ» կը գրէր.

«Հիւսիսային Սուրիոյ կարեւորագոյն գիւղերէն մէկն է նաեւ Աֆրինը. առեւտուրի կեդրոն մըն է, որ Քիւրտ տաղը կը կապէ Սուրիոյ, կարեւոր հանգոյց մը գոյացնելով առեւտրական եւ փոխադրական գործողութիւններու: Նշանաւոր է իր պազարը, ուր ամէն չորեքշաբթի օրեր, երկրի հեռաւոր անկիւններէ իսկ վաճառականներ եւ արհեստաւորներ ծանր կապոցներով հոս կը փութան առեւտուրի համար:

Ատենօք բազմաթիւ հայ ընտանիքներ հոս հաստատուած էին, սակայն ներգաղթի ժամանակ ոմանք աւելի մեծ կեդրոններ մեկնեցան, իսկ ոմանք ալ արդէն Հայաստան ներգաղթեցին: Այժմ 6-7 հայ ընտանիքներ վերջնականապէս հաստատուած են, իրենց առօրեայ աշխատանքին ամէնէն յարմար վայրը նկատելով: Ասոնք ընդհանրապէս արհեստաւոր եւ գործաւոր դասակարգի կը պատկանին: Եւ հակառակ իրենց փոքր թիւին յաջորդած են եկեղեցի մը կառուցանել եւ կողքին ալ` դպրոց մը:

Դպրոցը իր գոյութիւնը կը պահէ 15 աշակերտներով, որպէս դաստիարակ ուսուցիչ ունենալով միայն հայ երիտասարդ պաշտօնեայ մը: Դպրոցը ինքնաբաւ է, կրթաթոշակներէն գանձուած գումարը բաւարար է ամէն ծախք հոգալու»:

* * *

Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, թրքական սահմանի վրայ գտնուող գիւղերէն է Մէյտան Էքպէզ, ուր Կիլիկիոյ պարպումէն ետք բնակութիւն հաստատած են գաղթական քանի մը տասնեակ հայ ընտանիքներ: «Ազդակ» 18 սեպտեմբեր 1953-ի թիւով եւ «Կեանքը Մէյտան Էքպէզի մէջ» թղթակցութեամբ կը գրէր.

«Մէյտան Էքպէզ կը գտնուի Հալէպի հիւսիս-արեւմտեան կողմը, թրքական սահմանէն հազիւ 500 մեթր անդին դաշտագետինի մը վրայ, որուն հիւսիսային կողմը կը գտնուի Տաւրոսեան լեռնաշղթային վերջին ցռուկը եւ հարաւ արեւելեան կողմը` Քիւրտ տաղ: Պոլսէն Հալէպ երկարող երկաթուղագծի վրայ կարեւոր կայան մըն է, ուր կը կատարուին փոխադրական գործառնութիւններ` վաճառականական ապրանքներու արտօնուած քանակութիւններուն համար միայն: Սակայն, կարգ մը գոյքեր, որոնց փոխադրութիւնը արգիլուած է երկու պետութեանց կողմէ ալ, մասնաւոր մարդոց կողմէ գաղտնի կը փոխադրուին եւ կը ծախուին սեւ շուկայի մէջ, մանաւանդ այս ուղղութեամբ որակեալ եւ ճարպիկ անձերու կողմէ: Այս ապրանքներու կարգին կարելի է յիշել ժամացոյցի տեսակները, որոնք Թուրքիայէն կը փոխադրուին Սուրիա եւ քիլոներով կը ծախուին մասնաւոր անձերու, որոնց միակ գործը կը կայանայ անոնց անմիջական սպառումին մէջ: Միւս կողմէ, Սուրիայէն կ՛արտածուին հագուստեղէններ, տրուած ըլլալով որ Թուրքիոյ մէջ շատ սուղ են եւ անմատչելի գործաւոր դասակարգին:

Մէյտան Էքպէզին 5 քիլոմեթր անդին կը գտնուի բլուր մը, ուր կը տեսնուին տակաւին պատմական բերդի մը փլատակները, հին-հին դարերու իսկական կոթող մը, որ կառուցուած է ասորեստանցի թագաւորի մը ջանքերով, որպէս ամրոց գործածուելով սերունդէ սերունդ յաջորդող թագազուններու կողմէ:

Գիւղի բնակչութիւնը contrebande ապրանքներու առեւտուրով զբաղելով առաւելապէս տնտեսական լաւ վիճակ մը ապահոված է, այսուհանդերձ կան արհեստաւոր դասակարգեր ալ որոնց ապրուստը կախում ունի վերոյիշեալ նիւթերու առեւտուրէն, մերթ կը փայլին նախանձելի դիրքեր գրաւելով, մերթ իրենց աստղը կը շիջի, եթէ այդ ապրանքները որոշ ժամանակի մը համար արգիլուին եւ մուտք գործելու բոլոր միջոցները ապարդիւն դառնան, երբեմնի եռուզեռը կայուն վիճակի մը վերածելով: Ահա այդպէս ոմանք սնանկացած կ՛երեւին առժամապէս, բայց դէպքերու յանկարծակի թաւալումով, նոյն մարդիկը մեծ ծաւալով գործերու կը ձեռնարկեն եւ ժամանակ մը այդպէս կը շարունակեն զարմանք պատճառելով անոնց, որոնք անտեղեակ են նման ելեւէջի յաճախանքին:

Խառն ազգաբնակչութիւն մը կորիզը կը կազմէ այս գիւղին, 15 ընտանիքի չափ հայեր կան, որոնց թիւը շատ աւելի բարձր էր ասկէ տասնեակ տարիներ առաջ: Բայց քիւրտերու թիւը կը գերազանցէ միւս բոլոր եկուոր ազգերու քանակը, տրուած ըլլալով որ այս շրջանը քիւրտերու տիրապետութեան տակ կը գտնուի: Կան թուրքեր եւ արաբներ, այս վերջինները պաշտօնի բերումով հոս հաստատուած են, մանաւանդ Սուրիոյ անկախութիւն ստանալէն յետոյ:

Բաղդատելով տեղացիներու վիճակին հետ, հայերը աւելի բախտաւոր են, որովհետեւ գրեթէ բոլորն ալ արհեստով եւ փոքր առեւտուրով կը զբաղին իրենց ապրուստը լի ու լի ապահովելով: Կան նաեւ շատ քիչ թիւով պարտիզամշակութեամբ զբաղողներ: Քիւրտերը սակայն երկրագործ են կամ պարտիզպան:

Այս ընտանիքներէն զատ կան նաեւ անհատ արհեստաւորներ, որոնց ընտանիքները կը գտնուին Հալէպ, միակ մէկ մտահոգութեամբ, որ շատ կենսական է հայ ընտանիքի մը համար զաւակներու կրթութեան հարցը: Նոյնիսկ այս գիւղին մէջ տեւական հաստատուած կարգ մը ընտանիքներ, ձմեռ ատեն իրենց զաւակները Հալէպ կը ղրկեն, ազգային դաստիարակութիւն տալու նախանձախնդրութեամբ: Ահա այսպէս, ձմեռը մեր յիշած թիւի չափ ընտանիքներ կը մնան հոս, իսկ ամառը աւելի քան 50-60 ընտանիքներու քանակը նոր եռուզեռի մը առիթ կու տայ գիւղին մէջ: Այս փոփոխութիւնը առաջ կու գայ յիշեալ գիւղի կարգ մը բնական գրաւիչ հանգամանքէն, նախ, որովհետեւ օդը մաքուր, զով ու առողջապահիկ է, երկրորդ, որովհետեւ ձմեռուան պարէնը ապահովելու միջոցները աւելի հեշտ են: Բացի ցորենէ եւ այլ ընդեղէնէ, կայ խաղողի ամէնէն ընտիր տեսակը, անուշեղէնի սքանչելի պաշար մը ապահովելու առիթ տալով: Նոյնիսկ ընտանիք չունեցողներէն շատեր, հոս կու գան եւ իրենց ձմեռուան անուշեղէնի պաշարը հայթայթելէն ետք, ծանր բեռներով կը դառնան իրենց բնակավայրը:

Կեանքը խիստ աժան է հոս, մանաւանդ իւղի, կաթի, պանիրի, մածունի եւ այլ կենսական պիտոյքներու տեսակէտէ: Ամէնէն ընտիր մեղրը կարելի է հոս գտնել, քրտական լեռներու այլազան ու անուշաւէտ ծաղիկներու նեկտարէն քաղուած: Իսկ այն տարրերը որոնք կը պակսին այս շրջանին մէջ, կը ներածուին Հալէպէն կամ Թուրքիայէն:

Գիւղի մօտէն կը հոսի «Կարա սու» գետակը, որը Գըրըգ-խանի մօտէն անցնելով կը թափի Ամըքի լիճը, նախկին աւերուած Անտիոքի մէջ, ժամանակին անէծքի մը առիթով ջրամոյն եղած` աստուածային հրաշքով: Այս գետակին մէջ կան ընտիր ձուկեր, մանաւանդ սեւ ձուկը, որը նշանաւոր է եւ կը փնտռուի ժողովուրդին կողմէ ուտելու մեծ յարմարութիւն նկատելով` իր անփուշ ըլլալու առաւելութեան համար: Այս ձուկի մորթէն կը շինեն թմբուկ ու դափ, տեղական հարսանիքներու խրախճանք ու փայլ տալու միտումով:

Ժամանակին Ազգային վարժարան մը գոյութիւն ունէր, բայց հայերու նուազումով փակուեցաւ այս դպրոցը: Վերջերս կառավարութիւնը գրաւեց այդ շէնքը եւ պետական դպրոցի վերածեց, որմէ կ՛օգտուին նաեւ տեղացի եւ հայ աշակերտներ եւս:

Եկեղեցի չկայ եւ ոչ ալ հոգեւոր հովիւ, Հալէպի քահանաներէն մէկը պարբերաբար կ՛այցելէ հոգեւոր մխիթարութեան եւ եկեղեցական անհրաժեշտ արարողութեանց համար:

Գիւղի բնակարանները հիւղակներէ կը բաղկանան, քարաշէն շէնքեր գոյութիւն չունին գրեթէ: Կան սքանչելի աղբիւրներ, որոնք միեւնոյն ատեն պարտէզներ ոռոգելու կը ծառայեն:

Միութենական ոչ մէկ կազմակերպութիւն գոյութիւն ունի. այս մասին մտածելու ալ առիթ չունին»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES