Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Ոսկէ Ծիրան» Փառատօնը Այս Տարի Ստացած Է
1200 Դիմում` 94 Երկիրներէ
«Ոսկէ ծիրան» երեւանեան միջազգային 10-րդ շարժապատկերի փառատօնը տեղի պիտի ունենայ 7-14 յուլիսին: Այս տարի եւս փառատօնին գլխաւոր հովանաւորն է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութիւնը եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը: «Ոսկէ ծիրան»-ին համար 2013 թուականը առանձնայատուկ է, որովհետեւ յոբելենական է: Փառատօնին ընթացքին պիտի հիւրընկալուին շարժապատկերի կեանքին մէջ ունեցած մեծ վաստակին համար «Փարաջանովեան թալեր»-ի արժանացած նշանաւոր գործիչներ Քշիշտոֆ Զանուսին, Կոտֆրի Ռեճիոն եւ Ճոս Ստելինկը: Շարլ Ազնաւուրի անուան հրապարակին վրայ պիտի տեղադրուի աշխարհահռչակ արուեստագէտ, դերասան Շարլ Ազնաւուրին աստղը:
Այս մասին նշուած է «Ոսկէ ծիրան» երեւանեան միջազգային 10-րդ շարժապատկերի փառատօնին նուիրուած առաջին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, որուն մասնակցած են` Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը, «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեանը, փառատօնի ծրագիրներու տնօրէն Միքայէլ Ստամպոլցեանը եւ գեղարուեստական ղեկավար Սուսաննա Յարութիւնեանը:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի մամլոյ ծառայութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, փառատօնը այս տարի ստացած է մօտաւորապէս 1200 դիմում` աշխարհի 94 երկիրներէ (2012-ին` 67 երկիր), ինչ որ կը հաստատէ, որ «Ոսկէ ծիրան»-ին հանդէպ հետաքրքրութիւնը տարուէ տարի կ’աւելնայ:
«Ոսկէ ծիրան» փառատօնը այս տարի եւս կը ներկայանայ երկար, վաւերագրական եւ «Կորիզ» կարճ ժապաւէններու միջազգային մրցութային ծրագիրներով, ինչպէս նաեւ «Հայկական համայնապատկեր» ազգային մրցութային ծրագրով: Մրցութային ծրագիրներուն մէջ ընդգրկուած ժապաւէնները պիտի գնահատուին դատական չորս անդամներու կողմէ: «Խաղարկային ժապաւէններու միջազգային մրցոյթ»-ի դատական կազմը կը գլխաւորէ հունգարացի ականաւոր բեմադրիչ, համաշխարհային շարժանկարի դասական` Իշտուան Սապոն, իսկ «Վաւերագրական ժապաւէններու միջազգային մրցոյթ»-ի դատական կազմը կը գլխաւորէ 2012-ի «Ոսկէ ծիրան»-ի դափնեկիր, նշանաւոր բեմադրիչ Սերգէյ Լոզնիցան: Փառատօնի օրերուն կ’աշխատին նաեւ շարժանկարի քննադատներու միջազգային միութիւնը (ՖԻՊՐԵՍՍԻ) եւ Էքիւմենիք դատական կազմը: Հարուստ են «Ոսկէ ծիրան»-ի արտամրցութային ծրագիրները: Անոնց մէջ առանձնակի նշանակութիւն ունին «Երեւանեան անդրանիկ ներկայացումները», «Յետահայեաց ցուցադրութիւններ» եւ «Յարգանքի տուրք» ծրագիրները, որոնց մէջ անակնկալներ կը սպասուին համաշխարհային շարժանկարի վարպետներէն: Փառատօնի ծիրին մէջ յարգանքի տուրք պիտի մատուցուի Արամ Խաչատրեանի 110, Արտաւազդ Փելեշեանի եւ Ներսէս Յովհաննիսեանի 75-ամեակներուն առիթով», որոնց մասին նշուած է այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
«Արուեստը կը ձգտի ազատութեան: Երեւակայական արուեստը` շարժանկարը հսկայական դեր կը կատարէ անհատի կրթութեան եւ զարգացման գործին մէջ: Հետեւաբար Հայաստանի մէջ շարժանկարի սիրահարներուն համար բացառիկ արժէք ունեցող, աւելի նրբաճաշակ, հետաքրքրական եւ լուրջ ժապաւէնները հասանելի դարձնելը աջակցութեան արժանի կարեւորագոյն գործն է: Միւս կողմէ, «Ոսկէ ծիրան»-ին շնորհիւ, Հայաստանի երիտասարդութիւնը սկսած է աւելի մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել շարժանկարի եւ անոր արտադրութեան հանդէպ: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի համար «Ոսկէ ծիրան»-ի առաքելութիւնը չի սահմանափակուիր շարժապատկերային նշանակութեամբ. շարժանկարի փառատօնը կարեւոր քայլ է աշխարհի մշակութային քարտէսին վրայ Հայաստանի ուրոյն տեղը ամրապնդելու ուղղութեամբ», նշած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:
«Ոսկէ ծիրան» յոբելենական տասներորդ փառատօնին մասին հրապարակումներ պիտի կատարեն նաեւ միջազգային պատկերասփիւռի կայաններ եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ:
Փառատօնէն առաջ միջազգային մակարդակի մասնագէտներու եւ Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներէ եկած շարժապատկերի երիտասարդ վարպետներ, քննադատներ «Շարժանկարի լրագրութիւն առանց սահմաններ»-ու խորագրով դասընթացք պիտի տան: Այս ծիրին մէջ պիտի հրատարակուի նաեւ «Ոսկէ ծիրան» տարեկան պարբերականը:
Պատուոյ Շքանշան` Օփերային
Աշխարհահռչակ Երգչուհի Մոնսերաթ Քապալիէի
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է օփերային աշխարհահռչակ երգչուհի Մոնսերաթ Քապալիէն:
Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է համաշխարհային ճանաչում ունեցող երգչուհին եւ նշած է, որ տեղեակ է անոր այցելութեան հետ կապուած դժուարութիւններուն մասին: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է, որ, այդուհանդերձ, անուանի երգչուհին կրցաւ յաղթահարել այդ ամէնը եւ այցելել ինչպէս Հայաստան, այնպէս ալ Արցախ եւ այդպիսով արդար եւ մեծ գործ կատարեց: Այս մասին տեղեկացուցին նախագահի աշխատակազմի մամլոյ ծառայութենէն:
Հանդիպման ժամանակ Սերժ Սարգսեան Մոնսերաթ Քապալիէն պարգեւատրած է Հայաստանի պետական բարձր պարգեւով` պատուոյ շքանշանով` համաշխարհային երաժշտական արուեստի բնագաւառին մէջ ունեցած անոր մեծ վաստակին համար: Նախագահը ընդգծած է, որ մեծ հաճոյքով եւ համոզումով յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան ամէնէն բարձր շքանշաններէն մէկը երգչուհիի մը, որ իր ներկայութեամբ, անկրկնելի ձայնով եւ վարպետութեամբ պատուած է աշխարհի յայտնի եւ լաւագոյն բոլոր բեմերը:
Սպանացի աշխարհահռչակ օփերայի երգչուհի, սոփրանօ Մոնսերաթ Քապալիէն շնորհակալութեամբ ընդունած է, իր բնորոշմամբ, ի նշան ջերմութեան եւ սիրոյ տրուած պարգեւը:
«Խաղաղութեան եւ սիրոյ կղզի է Հայաստանը: Դուք հրաշալի երկիր ունիք եւ ոգեղէն մեծ ուժ ունեցող ժողովուրդ», նշած է Մոնսերաթ Քապալիէն:
Երգչուհին շեշտած է, որ անկրկնելի տպաւորութիւններով պիտի բաժնուի Հայաստանէն եւ վստահ է, որ անպայման պիտի այցելէ կրկին:
Հրատարակուած Է «Աղթամարի Պատմական
Մշակութային Ժառանգութիւնը» Աշխատութիւնը
Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին օրհնութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայած է տոքթոր Կարէն Մաթէոսեանի «Աղթամարի պատմական մշակութային ժառանգութիւնը» աշխատութիւնը: Մայր Աթոռի տեղեկատուական գրասենեակին կողմէ հաղորդուած լուրերուն համաձայն, գիրքին մէջ կը ներկայացուին Վանայ լիճի Աղթամար կղզին` իր պատմութեան կարեւոր դրուագներով եւ մշակութային հարուստ ժառանգութեամբ, որուն բաղկացուցիչներն են` Գագիկ Արծրունի թագաւորին կառուցած, մեծարուեստ պատկերաքանդակներով զարդարուած Սուրբ Խաչ եկեղեցին, կղզիին միւս եկեղեցիները եւ կառոյցները, աղթամարեան հարիւրէ աւելի ձեռագիրները եւ մշակութային այլ արժէքներ:
Կարէն Մաթէոսեանի «Աղթամարի պատմական մշակութային ժառանգութիւնը» գիրքը նախատեսուած է Հայոց պատմութեամբ եւ մշակոյթով զբաղող մասնագէտներուն եւ ընթերցող լայն հասարակութեան համար: Պատկերազարդ գիրքին մէջ օգտագործուած են Հրայր Բազէին, Տաթեւիկ Մելքոնեանին լուսանկարները, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանին տրամադրած մանրանկարներու լուսապատճէնները: Աշխատութիւնը տպագրուած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեանի մեկենասութեամբ:
«Այբ» Դպրոցի Մարդամեքենայի Խումբը
Յատուկ Մրցանակի Արժանացած Է
Միացեալ Նահանգներու Մէջ
«Այբ» աւագ դպրոցի մարդամեքենայի խումբը յաջողութեամբ մասնակցած է «Հրշէջ մարդամեքենայ» մրցոյթին, որ կայացած է Միացեալ Նահանգներու Հարթֆորտ քաղաքի Թրինիթի քոլեճին մէջ: Աշակերտներու եւ ուսուցիչ Վազգէն Գաբրիէլեանի միացեալ ջանքերով պատրաստուած «Այբսթորմ» մարդամեքենան արժանացած է յատուկ մրցանակի: Խումբը Միացեալ Նահանգներ մեկնած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի հովանաւորութեամբ:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը, իբրեւ «Այբ» աւագ դպրոցի գործընկեր եւ մարդամեքենայի ծրագրի հովանաւոր, 14 միլիոն դրամի ֆինանսական աջակցութիւն ցուցաբերած է` մարդամեքենայի գիտաշխատանոցի ստեղծման, համալրման, գործունէութեան շարունակականութեան ապահովման, զարգացման, տեղական եւ միջազգային մրցոյթներուն մասնակցութեան համար:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը աջակցած է «Այբ» աւագ դպրոցին` երկրին մէջ մարդամեքենայի շինութեան զարգացման նպաստելու` իր որդեգրած ծրագրին շրջանակներուն մէջ: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը հետամուտ է մարդամեքենայի շինութեան ոլորտին նկատմամբ երիտասարդութեան մէջ նկատուող հետաքրքրութիւնը խրախուսելու հարցին մէջ: Այս մէկը կրնայ դրական ազդեցութիւն ձգել յարակից ոլորտներու, ինչպէս նաեւ միջազգային շուկային մէջ մեր երկրի հեղինակութեան ամրապնդման եւ մրցունակութեան ապահովման գործին մէջ: Մենք կը գտնուինք հոն, ուր կայ զարգացման ներուժ, եւ ուր մենք կրնանք քաջալերել երիտասարդներու ստեղծագործ միտքը», նշած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:
Տեղեկացնենք, որ Թրինիթի քոլեճին մէջ կազմակերպուած «Հրշէջ մարդամեքենայ» մրցոյթը այս տարի յոբելենական էր: 20-ամեակը տօնող մրցոյթը աշխարհի մէջ ամէնէն հեղինակաւորներէն մէկը կը համարուի: Այս տարուան ձեռնարկին մասնակցած է աւելի քան 130 խումբ` 7 երկիրներէ: Հայաստանը ներկայացուած էր առաջին անգամ` «Այբ»-ի փոքրաթիւ խումբով: «Այբ» դպրոցի խումբը մրցոյթին մասնակցած է աւագ դպրոցականներու տարիքային խումբին մէջ, ուր կը մրցէին մօտաւորապէս 30 խումբ, եւ լաւագոյն ութնեակին մէջ յայտնուած է այնպիսի երկիրներէ եկած խումբերու կողքին, ինչպէս` Իսրայէլը եւ Չինաստանը:
Երիտասարդ Գրողներու Միջազգային
Համաժողով` Ծաղկաձորի Մէջ
Երիտասարդ գրողներու տարեկան միջազգային համաժողովը Ծաղկաձորի Գրողներու տան մէջ համախմբած է երիտասարդ ստեղծագործողներ` Հայաստանէն, Էսթոնիայէն, Վրաստանէն, Ռուսիայէն եւ Իրանէն: Երրորդ տարին ըլլալով կայացող Երիտասարդ գրողներու համաժողովի բացման խօսքին մէջ Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան յոյս յայտնած է, որ համաժողովին մասնակիցները բեղմնաւոր աշխատանք կը տանին: «Երիտասարդ գրողներու մեծ սերունդ ունինք, որոնք կրնան զուգակցել աւանդոյթը եւ փորձառութիւնը: Անոնք ներկայանալի են եւ մրցակցող»:
Գրականագէտ Արքեմնիկ Նիկողոսեան շատ կարեւոր նկատած է այսպիսի համաժողովներու կայացումը, երբ հայ երիտասարդ գրողները կարելիութիւն կ’ունենան կապ հաստատելու օտար ստեղծագործողներու հետ եւ կը համոզուին, որ իրենք ոչինչով կը զիջին անոնց:
Նման հանդիպումներու ընթացքին տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններու իբրեւ արդիւնք` երիտասարդ գրողներուն համար համագործակցութեան կարելիութիւններ կը ստեղծուին, գրողները կը փոխանակեն իրենց գրութիւնները, որոնք կը թարգմանուին տարբեր լեզուներու: Երիտասարդ գրող Էդուարդ Հարենցը, որ հայերէն ստեղծագործութիւնները կը թարգմանէ այլ լեզուներու, ինչպէս նաեւ` այլ լեզուներէն հայերէնի, դիտել տուած է, որ այսպիսի հաւաքներու ընթացքին շատ կարեւոր է փորձառութեան փոխանակումը: «Այսպիսի խորհրդակցութիւններու ժամանակ ո՛չ միայն կը ծանօթանանք յետխորհրդային երկիրներու մէջ գրական կեանքի արդի միտումներուն, այլեւ աւելի խոր կ’ուսումնասիրենք անոնց լեզուամտածողութեան առանձնայատկութիւնները, իսկ հետագային` թարգմանութիւններ կատարելու պայմանաւորուածութեան ձեռքբերումը», յայտնած է ան: Այս առումով, արգասաբեր էր անցեալ տարին, երբ խորհրդակցութենէն ետք լոյս տեսաւ «Ծաղկած բառեր» հաւաքածոն` հայերէն եւ վրացերէն: Երիտասարդ գրականագէտ Գոհարիկ Աքելեան եւս կարեւոր կը նկատէ միջազգային խորհրդակցութեան գաղափարը` զայն լաւ առիթ նկատելով Հայաստանէն դուրս եւս ճանչցուելու:
Երիտասարդ գրողներու ներգրաւման իմաստով բաւական աշխատանք տարուած է: 2003 թուականին վերսկսած է երիտասարդ գրողներու տարեկան ծաղկաձորեան համաժողովը, որ 2011 թուականէն դարձաւ նաեւ միջազգային:
Գրողներու միութիւնը հանդէս եկած է նաեւ նոր նախաձեռնութեամբ, որ նախատեսուած է աւանդական դարձնել: Խօսքը Երիտասարդ գրականագէտներու հանրապետական գիտաժողովին մասին է, որ տեղի ունեցաւ այս տարուան 23-25 մայիսին, Տաւուշի մարզի Կողբ գիւղին մէջ:
«Երկինքէն Երեք Խնձոր Ինկաւ…» Խորագրով
Հեքիաթասացութեան Եւ Բարբառի Փառատօնը
Լաւագոյնը Ճանչցուած Է ԻԿՕՄ–ի Գագաթնաժողովին
2009-էն ի վեր Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ իրականացուող Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի` «Երկինքէն երեք խնձոր ինկաւ…» հեքիաթասացութեան եւ բարբառի փառատօնի ծրագիրը շահած է ԻԿՕՄ-ի` Թանգարաններու միջազգային կոմիտէ գագաթնաժողովի շրջանակներուն մէջ ՍԵԿԱ-ԻԿՕՄ-ի Կրթութեան եւ մշակութային գործունէութեան միջազգային կոմիտէին յայտարարած` 2013 թուականի «Լաւագոյն փորձ» մրցոյթին մէջ: Այս մասին տեղեկացուցին մշակոյթի նախարարութեան լրատուական ծառայութենէն:
Դիմումնագրերու ուսումնասիրութիւնը տեղի ունեցած է 2013 թուականի մայիսին, որուն իբրեւ արդիւնք` «Երկինքէն երեք խնձոր ինկաւ…» հեքիաթասացութեան եւ բարբառի փառատօնը մրցոյթի դատական կազմին որոշումով կ՛ընդգրկէ «5 լաւագոյն փորձ» ծրագիրներու շարքին մէջ: Մրցանակ շահած ծրագիրները պիտի հրատարակուին ԻԿՕՄ-ՍԵԿԱ-ի 2013 թուականի տարեգիրքին մէջ: Մրցանակները պիտի յանձնուին 2013 թուականի օգոստոս 11-17-ին, Պրազիլի մէջ կայանալիք ԻԿՕՄ-ի գագաթնաժողովի ընթացքին:
Յիշեցնենք, որ «Երկինքէն երեք խնձոր ինկաւ…» հեքիաթասացութեան եւ բարբառի փառատօնին նպատակն էր վերակենդանացնել հեքիաթասացութիւնը` իբրեւ բանահիւսական նիւթի մատուցման կարեւորագոյն միջոց, խրախուսել բանաւոր խօսքի մշակոյթի զարգացումը եւ բացայայտել երիտասարդութեան ստեղծագործական կարողութիւնները:
Փառատօնը կը նպաստէ նաեւ հայերէնի այն բարբառներու կիրարկման, որոնք այսօր չունին աշխարհագրական հայրենիք, ինչպէս` Արեւմտեան Հայաստանի եւ Նախիջեւանի բարբառները: Ծրագրին մասնակցած են նաեւ Հայաստանի մէջ բնակող ազգային փոքրամասնութիւնները եւ սփիւռքի հայկական գաղթօճախներու ներկայացուցիչները:
«Հայաստան» Հիմնադրամը Դրախտիկի Մէջ
Համայնքային Կեդրոն Կը Բանայ
«Հայաստան» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան նիստի ծիրին մէջ կը շարունակուին աւարտած ենթակառուցուածքներու բացումները եւ տարբեր ծրագիրներու տրուած այցելութիւնները:
24 մայիսին հիմնադրամի շուրջ քառասուն հոգիէ բաղկացած պատուիրակութիւնը` կազմուած տեղական մարմիններու ատենապետներէն, ներկայացուցիչներէն եւ բարերարներէն, հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի գլխաւորութեամբ հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարած է Լեռնային Ղարաբաղի Հադրութի շրջանի Դրախտիկ գիւղի նորակառոյց համայնքային կեդրոնին: Բացման արարողութեան ներկայ էին նաեւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի ներկայացուցիչ Շահէ վրդ. Անանեանը, Հադրութի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Վալերի Գէորգեանը, համայնքի ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր: Համայնքի բնակիչներու մեծ բազմութիւնը ոգեւորութեամբ կը սպասէր բացման արարողութեան:
«Մեր բարերարներուն շնորհիւ այս համայնքը իսկական դրախտի վերածուած է», իր շնորհաւորական խօսքին մէջ յայտնած է Պարգեւ սրբազանը:
Դրախտիկի համայնքային կեդրոնը կառուցուած եւ կահաւորուած է հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմինին ֆինանսաւորմամբ (բարերար` Պերճ Լիւլեճեան): Կեդրոնին մէջ (283 քառ. մեթր մակերեսով) կը գործեն բժշկական բաժանմունքը, ծննդասենեակը, հանդիսութիւններու դահլիճը, համակարգչային կեդրոնը, գրադարանը եւ գիւղապետարանը:
Համայնքային կեդրոնը հիմնադրամին կողմէ կեանքի կոչուած չորրորդ ենթակառուցուածքային ծրագիրն է աւելի քան 430 բնակիչ ունեցող Դրախտիկ համայնքին մէջ: Սփիւռքի տարբեր համայնքներու ջանքերուն շնորհիւ` այսօր գիւղը ունի որակեալ ըմպելի ջուր (Ռուսիոյ հայ համայնք), գեղեցիկ նորակառոյց մանկապարտէզ (Ֆրանսայի հայ համայնք) եւ գիւղատնտեսական կայան (Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի համայնք): Գիւղը տարածուած է հիմնադրամի կառուցած Հիւսիս-հարաւ ճանապարհի երկայնքին:
«Շատ ուրախ եմ, որ այսօր այս տարածքին մէջ եւս ենթակառուցուածքի մը բացումը կը կատարենք: Յոյսով եմ, որ համայնքային կեդրոնին շնորհիւ` կեանքը այստեղ առաւել կ՛աշխուժանայ, եւ մասնաւորաբար կը փափաքիմ, որ այս բուժկէտին մէջ կարելի եղածին չափ քիչ հիւանդներ ըլլան, փոխարէնը` մեծաթիւ կիներ կը մայրանան: Այս բոլորը կ՛ընենք, որպէսզի Արցախի մէջ ընտանիքները աւելնան եւ բնակչութեան թիւը աճի», իր ողջոյնի խօսքին մէջ յայտնած է Թորոնթոյի տեղական մարմինի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը եւ շնորհակալութիւն յայտնած` թորոնթոյաբնակ սարկաւագ Պերճ Լիւլեճեանին, որուն նուիրատուութեան շնորհիւ կարելի դարձաւ լուծել համայնքին համար կարեւոր հարցերը:
25 մայիսին հիմնադրամի պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Շուշիի շրջանի Քարին Տակ համայնք, ուր կը վերակառուցուի ըմպելի ջուրի համակարգը: Այս ծրագրով կը շարունակուին միասնական ջանքերով ծրագիրներ իրականացնելու հիմնադրամին նպատակը: Ջրամատակարարման համակարգը կը վերակառուցուի հիմնադրամի Յունաստանի, Կիպրոսի, Ուրուկուէյի, Արժանթինի, Պրազիլի տեղական մարմիններու եւ ՀՕՄ-ի միացեալ ջանքերով:
Աշնան Պիտի Կայանայ «Կոմիտաս»
Համահայկական Փառատօնը
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան շէնքին մէջ 5 յունիսին տեղի ունեցած է նախարարին կից ատեանի հերթական նիստը: «Կոմիտաս» փառատօնի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին զեկուցում ներկայացուցած է նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեանը: Ան յայտնած է, որ սեպտեմբեր-հոկտեմբեր ամիսներուն իրականանալիք փառատօնը պիտի նպաստէ ո՛չ միայն մշակութային ներուժի յայտնաբերման, այլ նաեւ` հայ մշակոյթի շուրջ մեր ժողովուրդի բոլոր հատուածներու համախմբման:
Հայկական սփիւռքի գիտական, կրթական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ ոլորտներու մէջ առկայ ներուժի հաշուառման գործընթացներու եւ տուեալներու միասնական համակարգի ստեղծման ծրագիրի իրականացման, համապատասխան քայլերու ընթացքին մասին զեկուցումով հանդէս եկած է սփիւռքի նախարարի տեղակալ Դաւիթ Կարապետեանը: Ան անդրադարձած է սփիւռքի կառոյցներուն եւ անհատներուն վերաբերեալ նախարարութեան ելեկտրոնային շտեմարանին, աւելցնելով, որ ցարդ հոն մուտքագրուած է սփիւռքահայ կառոյցներու եւ անհատներու 9142 տուեալ:
Խօսելով նախարարութեան համահայկական համաժողովներուն մասին` Դաւիթ Կարապետեան նշած է. «Համաժողովները կարեւոր են մասնագիտական կապերու հաստատման առումով, անոնց արդիւնաբերած մասնագիտական ընկերակցութիւններուն աշխատանքը չափազանց կարեւոր է այդ ներուժը ի նպաստ հայրենիքին օգտագործելու եւ ընդհանրապէս աշխարհի մէջ հայկական ներուժի զարգացման առումով: Մասնագիտական ընկերակցութիւններու արդիւնաւէտ գործունէութեան համար կենսունակ մեքանիզմներու ստեղծումը պէտք է այսուհետեւ դառնայ սփիւռքի նախարարութեան գլխաւոր հարցերէն մէկը»:
Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմին Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան հայ համայնքներու վարչութեան հաշուետուութիւնը ներկայացուցած է Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան հայ համայնքներու վարչութեան նախագահ Անդրանիկ Արշակեանը: Ամփոփելով նիստը` նախարար Հրանուշ Յակոբեան ներկայացուցած է նախորդ ամսուան ընթացքին գործադրուած նախաձեռնութիւններուն եւ խօսած է յառաջիկայ ծրագիրներուն եւ կատարուելիքներուն մասին:
Կարմիր Շուկայի Ըմպելի Ջուրի Համակարգի
Եւ Մարտունիի Հիւանդանոցի Բացում
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան նիստի ծիրին մէջ հիմնադրամի բարերարներէն, հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներէն, տեղական մարմիններու ներկայացուցիչներէն բաղկացած պատուիրակութիւնը, գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի գլխաւորութեամբ, սկսած է իր հաշուետու այցելութիւնները հայաստանեան եւ արցախեան ծրագիրներու վայրեր: Լեռնային Ղարաբաղի այցելութիւններուն առաջին կանգառը Գորիսի սրտաբանական կեդրոնն էր, որ կառուցուած է 2010 թուականին, հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի, Մարսէյի «Հայաստան-Ֆրանսա առողջապահութեան միութեան» (ASAF), Ֆրանսայի Պուշ Տիւ Ռոն նահանգի վարչակազմի նախաձեռնութեամբ եւ Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի նիւթական հայթայթումով:
23 մայիսին մօտաւորապէս 40 հոգիէ բաղկացած պատուիրակութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունիի շրջանին մէջ հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարեց համայնքին համար երկու կարեւորագոյն ծրագիրներուն` Կարմիր Շուկայ գիւղի ըմպելի ջուրի համակարգին եւ Մարտունիի հիւանդանոցին, որոնք կառուցուած են հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի տեղական մարմինին հովանաւորութեամբ:
Բացումներուն ներկայ էին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Շահէ վրդ. Անանեանը, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի տեղական մարմինի ատենապետ Խորէն Բանդազեանը, գործադիր տնօրէն Իրինա Լազարեանը, համայնքի ներկայացուցիչները, գիւղի բնակիչները:
«Շնորհակալ եմ, որ կապուած էք ձեր գիւղին: Կը յուսամ, որ միշտ այսպէս պիտի ըլլայ, եւ ալ աւելի կը ստուարանան այստեղ կանգնած փոքրիկներուն շարքերը եւ շէն կը մնայ այս հողը», իր բացման խօսքին մէջ յայտնած է հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը:
Կարմիր Շուկայ գիւղի աւելի քան 1050 բնակիչները (270 տնտեսութիւն) արդէն իսկ ունին շուրջօրեայ կանոնաւոր ջրամատակարարում: Շնորհիւ կառուցուած ներքին ցանցին` ջուրը աղբիւրներէն յատուկ ջրագիծերով կը հասնի տուները: Համակարգը կը ներառէ 11 քիլոմեթր երկարութեամբ ջրագիծ եւ երկու օրական կարգաւորման ջրամբար: Ծրագիրը համաֆինանսաւորած է Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը:
Երկար ատենէ սպասուող Մարտունիի նոր հիւանդանոցին կառուցման ծախսերը հոգացած է Միացեալ Նահանգներու «Հայ բժիշկներու հիմնադրամը»: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարտունիի քաղաքապետ Մհեր Խաչատրեանը, որ շատ կարեւոր նկատեց այս նախաձեռնութիւնը: Երկյարկանի նորակառոյցը հիւանդանոցը ամէնէն մեծ բժշկական հաստատութիւններէն մէկն է (ընդհանուր 2470 քառ. մեթր), ուր արդիական ձեւերով տարբեր տեսակի եւ մասնագիտութեան բժշկական ծառայութիւններ պիտի մատուցուին:
Հիւանդանոցին մէջ տարեկան դրութեամբ կրնան բուժուիլ շուրջ 2400 հիւանդներ: Հիւանդանոցին կահաւորումը պիտի ստանձնէ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի մասնաճիւղի ատենապետ Խորէն Բանդազեանը. «Ուրախ ենք, որ սփիւռքի եւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան միջեւ ձեւաւորուած համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք` այսօր ունինք ժամանակակից բժշկական հաստատութիւն մը եւս: Մեր գործընկեր «Հայ բժիշկներու հիմնադրամ»-ին միջոցներով կառուցուած այս հիւանդանոցին մէջ համայնքին բնակիչները պիտի կարենան որակաւոր բուժում ստանալ: Յուսանք, որ այս մեծ նախաձեռնութեան կը յաջորդեն այլ ենթակառուցուածքային ծրագիրներ, որոնք կարեւոր են ռազմավարական այս տարածքին համար»:
Նշենք, որ Մարտունիի հիւանդանոցը Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի հայ համայնքին օժանդակութեամբ կառուցուած երկրորդ բժշկական մեծ հաստատութիւնն է Արցախի մէջ:


