ԶՕՐ. ԱՈՒՆ. «ՆՇԱՆԱԿԵԱԼ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԻՆԾԻ ԴԷՄ ԵՐԵՒԱԿԱՅԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐՆԵՐ ԿԸ ՄՂԷ` ԻՐ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԵԼՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, նախագահելէ ետք Ռապիէի մէջ տեղի ունեցած համախմբումի ընթացիկ նիստին, շեշտեց, որ եթէ նշանակեալ վարչապետը իրեն դէմ երեւակայական պայքարներ կը մղէ` իր ժողովրդականութիւնը աւելցնելու համար, ապա ան պէտք է վերջ տայ իր անունը օգտագործելու քայլին:
Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն` զօր. Աուն շեշտեց, որ իրենք ճիգ չեն խնայած դիւրացնելու համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, սակայն ուրիշը չի փափաքիր կազմել կառավարութիւնը եւ կ՛ապրի սպասման հանգրուան մը, որուն աւարտին մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կայ:
Զօր. Աուն նկատել տուաւ, որ վարչապետ Միքաթիի կողմէ իւրաքանչիւր նախարարութեան երեք թեկնածուի անուն պահանջուած է, «բան մը, որ Լիբանանի պատմութեան մէջ չէ պատահած», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Միքաթիի պահանջները գրեթէ անգործադրելի են եւ անոնք երբեմն նաեւ անվայել են:
Զօր. Աուն խստիւ դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի կողմէ Իսրայէլի դիմադրութեան առանցքը կազմող երկիրներուն դէմ նիւթուած սադրանքները` նշելով սակայն, որ այդ դաւադրութիւնները պիտի ձախողին, որովհետեւ դաւադրութիւններուն թիրախ դարձող այս երկիրներուն մէջ կայ գիտակցութիւն եւ այդ պատճառով ալ կարելի պիտի չըլլայ քանդել ու քայքայել շրջանը:
Լիբանանի ազատագրման 11-ամեակին ակնարկելով` զօր. Աուն յաւելեալ յաղթանակներ մաղթեց Դիմադրութեան: